Հայաստանի բռնցքամարտի ֆետերասիոնը պաշտօնապէս դարձաւ «Ուորլտ Պոքսինկ»-ի միջազգային կազմակերպութեան անդամ:
Միջազգային ողիմպիական կոմիտէէն ճանչցուած «Ուորլտ պոքսինկ»-ի գործադիր կոմիտէի նիստին քննարկուեցաւ եւ հաստատուեցաւ Հայաստանի անդամակցութիւնը:
Այս որոշումը նոր կարելիութիւններ կ՛ընձեռէ հայ մարզիկներուն: 2026-էն սկսեալ Հայաստանի ներկայացուցիչները իրաւունք կը ստանան մասնակցելու այս հեղինակաւոր կազմակերպութեան նախատեսուած բոլոր մրցաշարքերուն:
Նշենք, որ «Ուորլտ Պոքսինկ»-ը ստեղծուած է` նպատակ ունենալով պահպանել բռնցքամարտի ողիմպիական խաղերու ծրագիրները: