Դահուկարշաւ. Միքայէլ Միքայէլեան Տուգանքի Ենթարկուեցաւ…

Դահուկարշաւի եւ «սնոպորտ»-ի միջազգային ֆետերասիոնը կարգապահական պատժամիջոցներ կիրարկեց հայ մարզիկ Միքայէլ Միքայէլեանի նկատմամբ` «Թուր տը սքի» բազմօրեայ մրցաշարքի ընթացքին: Տուգանքին պատճառը այն էր, որ Միքայէլեան կպչուն ժապաւէնով ծածկած էր իր շապիկին վրայ գտնուող Ազրպէյճան գրութիւնը, որ մրցաշարքի պաշտօնական հովանաւորներէն մէկն էր:

Ֆետերասիոնը չհրապարակեց նիւթական տուգանքի չափը: Միքայէլեան նոյնպէս իր առած քայլին մասին որեւէ մեկնաբանութիւն չկատարեց:

Միջադէպը տեղի ունեցած է մրցաշարքի հանգրուաններէն մէկուն ժամանակ, որ տեղի կ՛ունենայ Իտալիոյ Թոպլախ քաղաքին մէջ: Նշենք, որ «Թուր տը սքի»-ի ընթացքին Ազրպէյճանի հովանաւորական խորհրդանիշը լայնօրէն ներկայացուած էր: Այդ անունը ոչ միայն տեղադրուած էր մարզիկներու տարազներուն վրայ, այլ մրցումի ուղիին երկայնքով տեղակայուած բազմաթիւ գովազդային վահանակներու վրայ:

Ֆետերասիոնին որոշումը` պարտադիր ձեւով երկրի մը անունը տեղադրել մարզահագուստի վրայ, հարցեր ստեղծած էր այլ մասնակիցներու մօտ եւս: Նորվեկիացի Ասթրիտ Էյրէ Սլինտ, որ աշխարհի ախոյեան ու «Սքի Քլիասիքս» մրցումներու ախոյեանն է, խոստովանած էր, որ զարմացած էր այդ որոշումէն: Շուէտական «Էքսփրեսեն» պարբերականին տուած կարճ զրոյցին մէջ ան նշած էր, որ այս ձեւը անսովոր բան մըն է եւ կը պարտադրէ մտածել նախքան համաձայնիլը այս ձեւի գովազդներու մասին:

Քննադատութեամբ հանդէս եկած է նաեւ Շուէտի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Անտերս Պիուսթրեմ` ըսելով, որ Ազրպէյճանի շուրջ կան բազմաթիւ վիճելի հարցեր, սակայն իրավիճակին վրայ ազդելը այժմ անկարելի է:

Նշենք, որ անցեալ տարուան մայիսին դահուկարշաւի ֆետերասիոնը 5 տարուան հովանաւորական պայմանագիր կնքած էր Ազրպէյճանի պետական զբօսաշրջութեան գործակալութեան հետ:

Պէտք է նշել նաեւ, որ Միքայէլեան 72-րդ դիրքը գրաւեց 92 մասնակիցներու մէջ:

 

 

Leave a Comment