Պասքեթպոլ. Ազուր Պարտութեան Մատնեց Ռիատին` 85-88 Արդիւնքով

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութեան գծով անցեալ տարուան ախոյեան Ռիատի 88-85 արդիւնքով պարտութիւն կրեց իր դաշտին վրայ` Ազուրի դէմ մրցումին: 8-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի այս մրցումին, Ազուր ճակատումին սկիզբէն ճնշեց Ռիատիի վրայ, ուր մինչեւ 15 կէտերու ալ հասաւ իր առաւելութիւնը: Հետաքրքրականը այն էր, որ մրցումին թիւ 1 աստղը հանդիսացաւ Ազուրի սենթըր Զէյնա Էլիաս (191 սմ), որ … Read more

Ծանրաբարձութիւն. Գէորգ Սերոբեան` Ռուսիոյ Ախոյեան

Գէորգ Սերոբեան դարձաւ 2026-ի Ռուսիոյ ծանրաբարձութեան բաժակի տիտղոսակիր`  յաղթելով 81 քկ կշիռի կարգին մէջ: Սերոբեան 332 քկ արդիւնք ձեռք ձգեց` արաշէի 157 քկ եւ Էփոլէ Ժըթէի 175 քկ կշիռ բարձրացնելով: Այս յաղթանակը եղաւ մրցաշարքի առանցքային իրադարձութիւններէն մէկը եւ ցոյց տուաւ, որ Ռուսիոյ մրցումները կ՛ընդգրկեն բարձր մակարդակի մարզիկներ, երկրի տարբեր շրջաններէն: 4 օր տեւած այս մրցաշարքին … Read more

Վալերի Ծառուկեան Միացաւ Ախմատին – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Վալերի Ծառուկեան Ռուսիոյ ախոյեանութեան ակումբներէն Փարի Ն.Ն. խումբը լքելով միացաւ Ախմատին, մինչեւ տարեշրջանի աւարտը: Ակումբներու միջեւ համաձայնութեամբ մը, Ծառուկեան աշխատավարձով միացաւ Կրոզնիի ակումբին, որ կրնայ եղանակի աւարտին վերջնական ձեւով պայմանագրութիւն ալ ապահովել: 24 տարեկան միջնապահը ձմեռնային ուսումնամարզական հաւաքներու առաջին օրէն իսկ կը գտնուէր Ախմատի հետ: Ծառուկեան, որ անցեալ տարեշրջանին Նիժնի Նովկորոտի հիմնական մարզիկներէն մէկն էր, … Read more

Հրաձգութիւն. Հայաստանի Հաւաքականը Վերադարձաւ 3 Մետալներով

Հայաստանի հրաձգութեան հաւաքականը աւարտեց 2026-ի Եւրոպայի պատանիներու նշանառութեան ախոյեանութիւնը 3 մետալներով: Պուրկասի մէջ (Պուլկարիա) տեղի ունեցած այս ախոյեանութեան իր ձեռք ձգած մետալներով Հայաստանի հաւաքականը ընդհանուր դասաւորման 10-րդ դիրքը գրաւեց: Ոսկի մետալ նուաճեց Դաւիթ Խաչատրեան (16 տարեկանէն վար), որ գերազանց արդիւնք ձեռք ձգեց 10 մեթր ճնշումով հրացանի մրցումներուն, ուր Եւրոպայի նոր մրցանիշ ալ սահմանեց: Ոսկի մետալ … Read more

Եւրոպական Ֆութպոլ. Ուեսթ Համ – Մանչեսթըր Եունայթըտ` 1-1. Նափոլի Դուրս Մնաց

Անգլիոյ «Փրեմիըր լիկ»-ի 26-րդ հանգրուանի մրցումներուն գծով, Մանչեսթըր Եունայթըտ չկրցաւ յաղթել իր 5-րդ յաջորդական մրցումին եւ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրեց Ուեսթ Համի դաշտին վրայ: 50-րդ վայրկեանին չեխ Թոմաս Սուչեք նշանակեց Ճերըտ Պոընի փոխանցումէն ետք: 63-րդ վայրկեանին Մէյնօ գեղեցիկ փոխանցում մը կատարեց Քասեմիրոյին, որուն կոլը չվաւերացուեցաւ «ՎԱՐ»-ի միջամտութենէն ետք: 96-րդ վայրկեանին սլովենիացի Պենիամին Շեշքօ Ուեսթ Համի … Read more

Աղջկանց Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն. Պէյրութ Ֆըրսթ-ՀՄԸՄ Անթիլիաս` 75-79

ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց խումբը հաստատօրէն կը շարունակէ իր ելոյթները եւ կիրակի օր կրցաւ յաղթել Պէյրութ Ֆըրսթին` 75-79 արդիւնքով, այս վերջինին դաշտին վրայ, Տըպպայէի մէջ: Պէյրութ աւելի լաւ սկսաւ մրցումը եւ առաջին մասին 20-16 արդիւնքով յառաջացաւ, բայց ՀՄԸՄ մինչեւ կիսախաղ 38-38 արդիւնքով հաւասարեցաւ: Բ. կիսախաղին ՀՄԸՄ առիթ չտուաւ Պէյրութին, որ մօտենայ, եւ 10 կէտէն աւելի ալ … Read more

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն. «Ռոլինկ» Մրցումին Ընթացքին Ցաւալի Արկած Մը…

Կիրակի օր Պէյրութ մարաթոն միութեան կազմակերպած «ռոլինկ» կէս մարաթոն (21,1 քմ) մրցումին ընթացքին 17 տարեկան Մոհամետ Ալի Տաապուլ յանկարծամահ եղաւ: Միութիւնը պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց յայտնելով, որ անոր ծննդեան թուականը (26-6-2008) տարիքային մրցումներուն օրինական մասնակցութեան կարգին կը դասուի, եւ աթլեթի ֆետերասիոնին հետ գործակցաբար քննարկելէ ետք այս ցաւալի արկածին մանրամասնութիւնները եւ Լիբանանի Կարմիր խաչին շտապ օգնութեան … Read more

Պասքեթպոլ. Պէյրութ Ֆըրսթ-ՀՄԸՄ` 107-88 – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանէն յետաձգուած մրցումի մը ընթացքին, ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի խումբը 107-88 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Պէյրութ Ֆըրսթ խումբէն: Զաք Լոֆթըն միացած էր ՀՄԸՄ-ին` փոխարինելով Խալետ Թոմասը եւ ինքնաբերաբար դժուար էր շատ արագ ձեւով մրցումին ոճը փոխել հաւասարակշռութիւն պահելով: Ահմետ Իպրահիմ տակաւին ապաքինած չէ, մինչ Կապրիէլ Աճէմեան լքած է Լիբանանը: Այս ամէնը կարծէք բաւարար … Read more

Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այս Կիրակի` Իժթիմահի – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ

Այս կիրակի ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի ֆութպոլի խումբին համար պիտի ըլլայ շատ կարեւոր: Ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանն է, եւ ՀՄԸՄ, որ 16 կէտ ունի, պիտի մրցի Իժթիմահիի դէմ, որ իր կարգին 16 կէտերով կոլերու տարբերութեամբ կը գրաւէ 2-րդ դիրքը: Յաղթանակ մը շատ մեծ առաւելութիւն կրնայ տալ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղոց, որոնք բոլորն ալ պէտք է պատրաստ վիճակի … Read more

Ըմբշամարտ. Հայաստան 14 Տիտղոսներով Վերադարձաւ

Էսթոնիոյ մայրաքաղաք Թալինի մէջ տեղի ունեցաւ Քրիսթիան Փալուսազուի յիշատակին նուիրուած ըմբշամարտի 37-րդ միջազգային մրցաշարքը: Ազատ եւ յունահռոմէական ոճերու աւարտական մրցումներուն մեծ թիւով հայ ըմբիշներ մասնակցեցան եւ արձանագրեցին հետեւեալ արդիւնքները. Յունահռոմէական ըմբշամարտ 60 քկ Սուրէն Աղաճանեան 97 քկ Սլաւիկ Գալստեան 72 քկ Գասպար Տէրտէրեան 77 քկ Մալխաս Ամոյեան 82 քկ Սամուէլ Գրիգորեան 97 քկ Հայկ Խլոյեան … Read more