Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն. «Ռոլինկ» Մրցումին Ընթացքին Ցաւալի Արկած Մը…

Կիրակի օր Պէյրութ մարաթոն միութեան կազմակերպած «ռոլինկ» կէս մարաթոն (21,1 քմ) մրցումին ընթացքին 17 տարեկան Մոհամետ Ալի Տաապուլ յանկարծամահ եղաւ:

Միութիւնը պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց յայտնելով, որ անոր ծննդեան թուականը (26-6-2008) տարիքային մրցումներուն օրինական մասնակցութեան կարգին կը դասուի, եւ աթլեթի ֆետերասիոնին հետ գործակցաբար քննարկելէ ետք այս ցաւալի արկածին մանրամասնութիւնները եւ Լիբանանի Կարմիր խաչին շտապ օգնութեան տուած տեղեկագիրին համեմատ փաստուած էր, որ Տաապուլի սիրտը անակնկալ ձեւով դադրած էր աշխատելէ, հակառակ վերակենդանացման բոլոր փորձերուն:

Միութիւնը հաստատեց, որ բժշկական բոլոր միջազգային քայլերը բոլոր մրցումներուն ալ նկատի կ՛առնուէին, միշտ ալ ներկայ կ՛ըլլան շտապ օգնութիւնը եւ Կարմիր խաչը, որոնք շատ արագ ձեւով Տաապուլը փոխադրած էին հիւանդանոց` հեռու պահելով բոլոր կասկածները, թէ թերութիւն կրնայ եղած ըլլալ կազմակերպիչ մարմինին կողմէ:

Նշենք, որ Սելաաթայէն Ժիպէյլ գիծին վրայ տեղի ունեցած «ռոլինկ» կէս մարաթոնը յաջողութեամբ աւարտած էր եւ մրցանակակիր մարզիկները ստացած իրենց բաժակներն ու մետալները:

 

Leave a Comment