Վալերի Ծառուկեան Միացաւ Ախմատին – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Վալերի Ծառուկեան Ռուսիոյ ախոյեանութեան ակումբներէն Փարի Ն.Ն. խումբը լքելով միացաւ Ախմատին, մինչեւ տարեշրջանի աւարտը:

Ակումբներու միջեւ համաձայնութեամբ մը, Ծառուկեան աշխատավարձով միացաւ Կրոզնիի ակումբին, որ կրնայ եղանակի աւարտին վերջնական ձեւով պայմանագրութիւն ալ ապահովել:

24 տարեկան միջնապահը ձմեռնային ուսումնամարզական հաւաքներու առաջին օրէն իսկ կը գտնուէր Ախմատի հետ: Ծառուկեան, որ անցեալ տարեշրջանին Նիժնի Նովկորոտի հիմնական մարզիկներէն մէկն էր, այս տարեշրջանին հազուադէպօրէն կը մասնակցէր «Փարի Ն.Ն.» ակումբի հիմնական կազմին հետ եւ միայն 6 մրցումներու մասնակցած էր:

Ախմատին միանալով Վալերի Ծառուկեան պէտք է ապահովէ մրցումներու մասնակցելու շատ աւելի ժամանակ` կարելիութիւն տալով, որ ան վերագտնէ իր մակարդակը:

Leave a Comment