Այս կիրակի ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի ֆութպոլի խումբին համար պիտի ըլլայ շատ կարեւոր:
Ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանն է, եւ ՀՄԸՄ, որ 16 կէտ ունի, պիտի մրցի Իժթիմահիի դէմ, որ իր կարգին 16 կէտերով կոլերու տարբերութեամբ կը գրաւէ 2-րդ դիրքը:
Յաղթանակ մը շատ մեծ առաւելութիւն կրնայ տալ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղոց, որոնք բոլորն ալ պէտք է պատրաստ վիճակի մէջ ըլլան` մեկնելու Թրիփոլի, մասնակցելու համար կիրակի օրուան շատ կարեւոր այս մրցումին:
Ուրբաթ օր առաջին դիրքը գրաւող Ղատ Աֆտալ (17 կէտ) պիտի մրցի Ահլի Սայտայի դէմ: Եթէ Ղատ Աֆտալ ձախողի յաղթել, կրնայ առաջին դիրքը նոյնիսկ կորսնցնել` առաւելութիւն տալով Իժթիմահի-ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ զոյգին:
Երթին սխալներէ օգտուելով Իժթիմահի կրցած էր յաղթել ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտին, եւ այժմ այդ սխալներէն լաւ ձեւով պէտք է սորվիլ` զանոնք չկրկնելու յոյսով:
Համակիրներն ալ տարիներ առաջ ինքնաշարժներով եւ փոխադրակառքերով կը մեկնէին հազարաւոր աթոռներ գրաւելով հիւսիսի մայրաքաղաքին մէջ: Յուսանք, որ այս կիրակի անոնք աւելի խիտ շարքերով կը ներկայանան դաշտ` քաջալերելու ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղաքը, որոնք ամէն ջանք պիտի թափեն 3 կէտերով վերադառնալու Պէյրութ:
Ստորեւ` յայտագիրը.
Ուրբաթ
Ղատ Աֆտալ – Ահլի Սայտա (Պհամտունի դաշտ)
Կիրակի
Իժթիմահի – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ (Թրիփոլիի Քաղաքապետարանի դաշտ)
Ժալիլ Քանա – Թաուֆիր (Ապպասիէի դաշտ)
Հորր Ամելի – Հարաքեթ Շապապ (Մաշղարայի դաշտ)