Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութեան գծով անցեալ տարուան ախոյեան Ռիատի 88-85 արդիւնքով պարտութիւն կրեց իր դաշտին վրայ` Ազուրի դէմ մրցումին:
8-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի այս մրցումին, Ազուր ճակատումին սկիզբէն ճնշեց Ռիատիի վրայ, ուր մինչեւ 15 կէտերու ալ հասաւ իր առաւելութիւնը:
Հետաքրքրականը այն էր, որ մրցումին թիւ 1 աստղը հանդիսացաւ Ազուրի սենթըր Զէյնա Էլիաս (191 սմ), որ քանի մը օր առաջ 26 տարեկան դարձած էր: Զէյնա 24 կէտերու կողքին 5 ռիպաունտ եւ 5 սթիլ իրագործեց:
Իրականութեան մէջ Ազուր կէտեր նշանակելու կամ ռիպաունտներու գծով Ռիատիէն լաւ չէր, բայց պէտք է ըսել, որ Ազուր աւելի ներդաշնակ խաղ կը կիրարկէր եւ մրցակիցին վրայ բարձր ճնշում բանեցնելով կա՛մ սթիլ կը կատարէր, կամ ա՛լ կը պարտադրէր, որ Ռիատի թըրն օվըրներ կատարէ:
Էլիսա Կրիսեթ իր նախկին մրցումներուն նման շատ կէտեր չկրցաւ նշանակել, ո՛չ ալ իր ռիպաունտներու միջին տոկոսին մօտեցաւ (14 ռիպաունտ), բայց 10 էսիսթ արձանագրեց 18 կէտերու կողքին: Ան միջին հաշուով 24,5 կէտ կը նշանակէր:
Սապրինա Հէյնզ 24 կէտ եւ 8 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Ազուրի: Ռիատիի լաւագոյն մարզիկն էր Իթալի Լուքաս, որ 41 կէտ կրցաւ նշանակել: Սարա Պութ 14 կէտ եւ 17 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ լաւագոյն լիբանանցի մարզիկն էր Մարիսա Ղալեպ, որ 11 կէտ նշանակեց 7 ռիպաունտի կողքին:
ՀՄԸՄ Անթիլիասի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ Ռիատին: Մեր խումբը պէտք է լաւ պատրաստուած ըլլայ Ռիատիի դէմ, որ ամէն գնով պիտի փորձէ 2-րդ յաջորդական մրցումը չպարտուիլ:
ՀՄԸՄ Անթիլիաս շաբաթ օր ժամը 18:00-ին «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Ռիատին:
8 յաջորդական յաղթանակներէ ետք, ՀՄԸՄ Անթիլիաս անգամ մը եւս պիտի փորձէ անպայման յաղթել` երթի մրցումները «մաքուր» աւարտելով, մինչ Ռիատի իր 2-րդ պարտութիւնը եթէ կրէ, պիտի ըլլայ Ազուրի մրցակիցը` Բ. դիրքի պայքարին մէջ: