Ձմեռնային Ողիմպիական Խաղեր. Կարինա Ակոպովա Եւ Նիքիթա Ռախմանին Զոյգի Պատուաւոր Նուաճումը

2026-ի ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն, որոնք տեղի կ՛ունենան Միլանի եւ Քորթինայի մէջ, տեղի ունեցան սառոյցի վրայ պարի մրցումները: Հայաստանը ներկայացնող Կարինա Սկոպովա -Նիքիթա Ռախմանին զոյգը, երկու ծրագիրներու արդիւնքով գրաւեցին 14-րդ դիրքը, որ շատ կարեւոր արդիւնք մըն է հայկական մարզական կեանքին մէջ, առաջին անգամ ներկայացնելով անկախ Հայաստանը Ողիմպիական խաղերու այս մարզաձեւին: Առաջին ծրագիրը կարճ էր, ուր զոյգը … Read more

«Էմ. Էմ. Էյ.» Դաւիթ Զարգարեան` Եւրոպայի Ախոյեան

Հայկական խառն մարտախաղերու մարտիկ Դաւիթ Զարգարեան (97 քիլոկրամէն վեր), որ կը ներկայացնէ Աւստրիան, դարձաւ Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեան, «Այ. Էմ. Էմ. Էյ. Էֆ. 2026» մրցաշարքին, որ տեղի կ՛ունենայ Պելկրատի (Սերպիա) մէջ: Աւարտականին Զարգարեան առաջին ռաունտին իսկ նաք աութի ենթարկեց սերպ մրցակից Նեմանիա Պլակոյեւիչը: Աւելի կանուխ, նոյն ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականի կազմէն Արթուր Ասոյեան մեծերու մրցաշարքին դարձած էր … Read more

Թենիս. Խաչանով Մէկ Դիրք Բարձրացաւ Դասաւորման Մէջ

Արհեստավարժ թենիսի միութիւնը («Էյ. Թի. Փի.») հրապարակեց այս շաբթուան տղոց թենիսի ընդհանուր դասաւորումը: Հայազգի թենիսմեն Կարէն Խաչանով մէկ աստիճանով բարելաւեց իր դիրքը եւ այժմ կը գրաւէ 17-րդ դիրքը 2360 կէտերով: Անցեալ շաբաթ Նետերլանտներու Ռոթերտամ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած մրցաշարքին Կարէն Խաչանով հասած էր Բ. հանգրուան: Դասաւորման պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ 22 տարեկան սպանացի Քարըս Ալքարաս, … Read more

«Լա Լիկա». Պարսելոնայի Անակնկալ Պարտութիւնը

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 24-րդ հանգրուանի մրցումներուն Պարսելոնա 2-1 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն կրեց Ժիրոնայի դաշտին վրայ եւ նահանջեց դասաւորման 2-րդ դիրք: 4 օր առաջ Քոփա Տել Ռէյի (Սպանիոյ բաժակ) մրցումներուն գծով 4-0 արդիւնքով պարտուելէ ետք կը կարծուէր, թէ Պարսելոնա ծանր ձեւով պարտութեան պիտի մատնէ 15-րդ դիրքը գրաւող Ժիրոնան: Առաջին կիսախաղին Լամին Եամալ առիթ ունէր … Read more

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Լաւ Խաղցաւ, Բայց Սանթրալ Յաղթեց 105-96 Արդիւնքով

ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի խումբը երէկ շատ դժուար մրցումէ մը ետք վերջին մասին պարտուեցաւ Սանթրալի դաշտին վրայ` 105-96 արդիւնքով: Մրցումի սկիզբէն տղաքը շատ լաւ էին, բայց նոյնիսկ 3-րդ մասին 10 կէտերու առաւելութիւնը, մանաւանդ Թայլըր Պէյի 5 ֆաուլերէն ետք, պարտութեան շրջեց մրցակիցը, որ աւելի լիբանանցի որակաւոր մարզիկներ ունենալով կրցաւ յաղթել: Ճորտըն 38 կէտ նշանակեց 8 յաջող 3 կէտնոց … Read more

Հեծելարշաւ. Հրայր Սեդոյեան Մասնակցեցաւ Ասիոյ Հեծելարշաւի Ֆետերասիոնի Ընդհանուր Ժողովին

Քանի մը օր առաջ Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ տեղի ունեցաւ Ասիոյ հեծելարշաւի ֆետերասիոնի 33-րդ ընդհանուր ժողովը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Հրայր Սեդոյեան: Ժողովը վարեց Ասիոյ ֆետերասիոնի նախագահ Տաթօ Ամարճիթ Սինկ Ճիլ, ներկայ էր նաեւ Հեծելարշաւի միջազգային ֆետերասիոնի նախագահ Տաւիտ Լափարթիէ: Ժողովի գլխաւոր նիւթն էր Ասիոյ հեծելարշաւի վիճակի բարելաւումը, վարչական եւ նիւթական … Read more

Ծանրաբարձութիւն. Հայաստանի Ախոյեանները Յստակացան – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

«Տինամօ» մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցան Հայաստանի ծանրաբարձութեան տղոց եւ աղջկանց ախոյեանութիւնները: Աւարտական մրցումներու աւարտէն ետք իրենց կշիռներուն համաձայն, Հայաստանի ախոյեաններ հռչակուեցան հետեւեալ մարզիկները. ՏՂԱՔ 60 քկ – Գառնիկ Չոլակեան (Գիւմրի) – 272 քկ (երկամարտի արդիւնք)65 քկ – Ժորա Գրիգորեան (Արարատ) – 254 քկ71 քկ – Գոռ Սահակեան (Վեդի) – 330 քկ79 քկ – Մարտին Պօղոսեան … Read more

Ազատ Ոճի Ըմբշամարտ. Հայաստան 8 Մետալներով Վերադարձաւ

Անցեալ շաբաթավերջին Մոլտովայի մայրաքաղաք Քիշինեւի մէջ տեղի ունեցաւ պատանեկան ազատ ոճի ըմբշամարտի միջազգային մեծ մրցաշարք մը, որուն մասնակցեցան 8 երկիրներէ 136 մարզիկներ: Հայաստանի հաւաքականը հանդէս եկաւ մարզիչներ Արման Մալխասեանի եւ Նարեկ Սիրունեանի գլխաւորութեամբ: 11 հայ ըմբիշներ մասնակցեցան եւ ցուցադրեցին վստահ եւ արդիւնաւէտ գօտեմարտ: Մրցումներու արդիւնքներով Հայաստանի հաւաքականը նուաճեց շարք մը մետալներ: Ոսկի մետալներ ձեռք ձգեցին … Read more

Բռնցքամարտ. Հայաստանի Ախոյեանները Յստակացան – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Հայաստանի բռնցքամարտի տղոց եւ աղջկանց ախոյեանութիւններու աւարտէն ետք յստակացան 2026-ի ախոյեանները` իրենց կշիռներուն համաձայն: Աղջկանց ախոյեաններ դարձան Հեղինէ Պետրոսեան (48 քկ), Լուսիա Աւետիսեան (54 քկ), Տաթեւ Խաչատրեան (57 քկ), Լիլիթ Միքայէլեան (70 քկ) եւ Անի Մուրատեան (80 քիլոկրամէն վեր): Տղոց ախոյեաններ դարձան Ռուբէն Գարբոյեան (50 քկ), Ժիրայր Սարգսեան (55 քկ), Արթուր Բազէեան (60 քկ), Արգիշտի … Read more

«Էմ. Էմ. Էյ.» Արթուր Ասոյեան` Եւրոպայի Փոխախոյեան

21 տարեկան հայ մարտիկ Արթուր Ասոյեան (մինչեւ 56,7 քկ) դարձաւ Եւրոպայի 2026-ի փոխախոյեան` «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի մարզաձեւին մէջ: Պելկրատի (Սերպիա) մէջ տեղի ունեցող միջազգային «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի հովանաւորած Եւրոպայի ախոյեանութեան, երիտասարդ Ասոյեան բարձր մակարդակի մրցաշարք ունեցաւ: Աւարտական մրցումէն առաջ, Ասոյեան երկու ուքրանացի մարտիկներ դուրս ձգած էր, առաջինը կէտերու յստակ առաւելութեամբ, իսկ երկրորդը տպաւորիչ նաք-աութով: Աւարտականին … Read more