Հրաձգութիւն. Հայաստանի Հաւաքականը Վերադարձաւ 3 Մետալներով

Հայաստանի հրաձգութեան հաւաքականը աւարտեց 2026-ի Եւրոպայի պատանիներու նշանառութեան ախոյեանութիւնը 3 մետալներով:

Պուրկասի մէջ (Պուլկարիա) տեղի ունեցած այս ախոյեանութեան իր ձեռք ձգած մետալներով Հայաստանի հաւաքականը ընդհանուր դասաւորման 10-րդ դիրքը գրաւեց:

Ոսկի մետալ նուաճեց Դաւիթ Խաչատրեան (16 տարեկանէն վար), որ գերազանց արդիւնք ձեռք ձգեց 10 մեթր ճնշումով հրացանի մրցումներուն, ուր Եւրոպայի նոր մրցանիշ ալ սահմանեց:

Ոսկի մետալ մըն ալ շահեցաւ Այք Սարգսեան (18 տարեկանէն վար)` 10 մեթր ճնշումով ատրճանակով: Պրոնզէ մետալ ստացաւ Հայաստանի հաւաքականը խմբային հաշիւով (18 տարեկանէն վար) ճնշումի ատրճանակի մրցումներուն, ուր հանդէս եկան Այք Սարգսեան, Արմէն Գէորգեան եւ Արտակ Ամիրեան:

Մետալներու հաշիւով առաջին դիրքը գրաւեց Ռուսիա` 25 մետալներով. 11 ոսկի, 7 արծաթ եւ 7 պրոնզ:

 

 

 

Leave a Comment