Անգլիոյ «Փրեմիըր լիկ»-ի 26-րդ հանգրուանի մրցումներուն գծով, Մանչեսթըր Եունայթըտ չկրցաւ յաղթել իր 5-րդ յաջորդական մրցումին եւ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրեց Ուեսթ Համի դաշտին վրայ:
50-րդ վայրկեանին չեխ Թոմաս Սուչեք նշանակեց Ճերըտ Պոընի փոխանցումէն ետք: 63-րդ վայրկեանին Մէյնօ գեղեցիկ փոխանցում մը կատարեց Քասեմիրոյին, որուն կոլը չվաւերացուեցաւ «ՎԱՐ»-ի միջամտութենէն ետք:
96-րդ վայրկեանին սլովենիացի Պենիամին Շեշքօ Ուեսթ Համի մեծ քառակուսիին ծայրէն շատ գեղեցիկ հարուածով մը նշանակեց Եունայթըտի հաւասարութեան կոլը:
Չելսի 2-0 արդիւնքով յառաջանալէ ետք պաշտպանողական սխալներով 2 կոլեր ստացաւ Լիծ Եունայթըտի դէմ մրցումին:
Էվըրթըն նոյն ձեւի մրցումէ մը ետք 1-0 արդիւնքով կը յաղթէր Պորնմաութի դէմ, որ սակայն 3 վայրկեաններու ընթացքին 2 կոլ նշանակեց Ռայանի եւ Ատլիի միջոցով:
Թոթենհամի պարտութիւնը անգամ մը եւս վտանգեց իր դիրքը` մնալով 16-րդ դիրքին վրայ: Թոթենհամ իր դաշտին վրայ 1-2 արդիւնքով պարտուեցաւ Նիւքեսըլի դէմ մրցումին:
Իտալիոյ բաժակի մրցաշարքին, անցեալ տարուան ախոյեան Նափոլի իր դաշտին վրայ չկրցաւ յաղթել Քոմոյին:
Խրուաթ Մարթին Պաթուրինա նշանակեց Քոմոյի կոլը 39-րդ վայրկեանին: Բ. կիսախաղին Անթոնիօ Վերկարա նշանակեց Նափոլիի հաւասարութեան կոլը:
Մրցումին արդիւնքը վճռելու համար դիմուեցաւ փենալթիներու:
8 փենալթիներ հարուածեց իւրաքանչիւր խումբ, ուր Ռոմելու Լուքաքուէն անկախ սլովաքիացի Սթանիսլաւ Լոպոթքա չկրցան իրենց նպատակին հասցնել Նափոլիի փենալթիները: Քոմոյի գերմանացի յետսապահ Մարք Օլիվըր Քեմֆ նշանակեց վճռական փենալթին, որ Քոմոն հասցուց կիսաւարտական: Ֆապրեկասի մարզած Քոմօ ակումբը կիսաւարտականին պիտի մրցի Ինթեր Միլանի դէմ: