Աղջկանց Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն. Պէյրութ Ֆըրսթ-ՀՄԸՄ Անթիլիաս` 75-79

ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց խումբը հաստատօրէն կը շարունակէ իր ելոյթները եւ կիրակի օր կրցաւ յաղթել Պէյրութ Ֆըրսթին` 75-79 արդիւնքով, այս վերջինին դաշտին վրայ, Տըպպայէի մէջ:

Պէյրութ աւելի լաւ սկսաւ մրցումը եւ առաջին մասին 20-16 արդիւնքով յառաջացաւ, բայց ՀՄԸՄ մինչեւ կիսախաղ 38-38 արդիւնքով հաւասարեցաւ: Բ. կիսախաղին ՀՄԸՄ առիթ չտուաւ Պէյրութին, որ մօտենայ, եւ 10 կէտէն աւելի ալ բարձրացուց իր առաւելութիւնը:

Չայնա Քորնուել բարձր մակարդակի ելոյթ ունեցաւ Պէյրութի հետ` նշանակելով 18 կէտ,  21 ռիպաունտ եւ 5 պլոք, բայց ՀՄԸՄ լաւապէս զսպեց Քալայճա Տինը, որ 8 կէտ կրցաւ նշանակել: ՀՄԸՄ-ի լաւագոյն մարզիկներն էին Էնճըլ Պէյքըր (19 կէտ, 4 սթիլ), Լարաժիա Ուիլիամս (15 կէտ, 7 ռիպաունտ եւ 2 պլոք),  Ամար Մանսուր (15 կէտ, 9 ռիպաունտ), Ռիմ Ղալի (11 կէտ), Փերլա Պու Նասր (10 կէտ), Կապի Սաատ (2 կէտ, 6 սթիլ) եւ Մեղրի Թորոսեան (2 կէտ): Էլիսա Ապու Ժաուտէ եւ Ալիք Թապաքեան երկուքական կէտեր աւելցուցին ի նպաստ ՀՄԸՄ Անթիլիասի, որ 79-68 արդիւնքով յառաջանալէ ետք վերջին 3 վայրկեաններուն կէտ չնշանակեց:

Այժմ ՀՄԸՄ Անթիլիաս երթի իր վերջին մրցումը պիտի կատարէ շաբաթ օր ժամը 18:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ, ախոյեան Ռիատիի դէմ:

Երկու խումբերն ալ անցեալ տարուան նման աւարտականի թիւ 1 թեկնածուներն են, եւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս պէտք է յաղթէ այս մրցումը` թիւ 1 դիրքին վրայ հաստատ մնալու եւ աւելի ուշ մեր դաշտին վրայ խաղալու առաւելութիւնը ունենալու համար:

 

Leave a Comment