Պասքեթպոլ. Պէյրութ Ֆըրսթ-ՀՄԸՄ` 107-88 – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանէն յետաձգուած մրցումի մը ընթացքին, ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի խումբը 107-88 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Պէյրութ Ֆըրսթ խումբէն:

Զաք Լոֆթըն միացած էր ՀՄԸՄ-ին` փոխարինելով Խալետ Թոմասը եւ ինքնաբերաբար դժուար էր շատ արագ ձեւով մրցումին ոճը փոխել հաւասարակշռութիւն պահելով:

Ահմետ Իպրահիմ տակաւին ապաքինած չէ, մինչ Կապրիէլ Աճէմեան լքած է Լիբանանը:

Այս ամէնը կարծէք բաւարար չէր, եւ Պէյրութի խումբը 3 կէտերու տարափ մը տեղացուց ՀՄԸՄ-ի կողովին մէջ` նշանակելով 18 յաջող 3 կէտնոց կողովներ: 51 տոկոս յաջողութեամբ նշանակելը «Էն. Պի. Էյ.»-ի մէջ դժուար բան մըն է, բայց ՀՄԸՄ-ի դէմ ամէն ինչ կրնայ իրականանալ…

Պէյրութ բազմիցս ֆաուլի ենթարկեց Ճորտըն Սթիվընզը (9 անգամ), Թայլըր Պէյն (6) ու Զաք Լոֆթընը (5), բայց պէտք է ըսել, որ ազատ հարուածները նոյնիսկ դժուար կողովներու կը վերածուէին:

Էյ. Ճէյ. Ինկլիշ եւ Տանիէլ Համիլթըն 35-ական կէտեր նշանակեցին ՀՄԸՄ-ի կողովին մէջ, մինչ ՀՄԸՄ-ի լաւագոյն մարզիկն էր Թայլըր Պէյ, որ 30 կէտ եւ 15 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Ճորտըն 20 կէտ աւելցուց, մինչ Զաք 15 կէտ նշանակեց ՀՄԸՄ-ի հետ, որ իր յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ երկուշաբթի օր` Սանթրալի դաշտին վրայ:

 

Leave a Comment