ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Յունիսի 7-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւնները մեր նորօրեայ պատմութեան մէջ կը մնան իբրեւ աննախընթաց պետական ահաբեկչութեան պայմաններու մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններ:

Իշխող վարչախումբը ընտրական գործընթացի ամբողջ ընթացքին գործեց առանց միջոցներու մէջ խտրութիւն դնելու: Լայնօրէն կիրարկուեցան ամբողջ վարչական միջոցները` պետական եւ համայնքային լծակներու օգտագործումով: Գործի դրուած քարոզչական, վարչական ամբողջ զինանոցը միտուած էր ամէն ձեւով սահմանափակելու քաղաքական մրցակցութիւնը ու ազդելու ընտրողներու ազատ կամքի արտայայտութեան վրայ: Իշխանութեան տարածած ատելութեան խօսքն ու ձեռնարկած քայլերը նոր բաժանարար գիծեր եւ պառակտումներ առաջ բերին հասարակութեան մէջ:

Արդիւնքը եղաւ այն, որ առաջին անգամ ըլլալով վարչական միջամտութեան հետեւանքով Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին զրկուեցաւ իր ընտրելու, իսկ քաղաքական ուժը` խորհրդարանին մէջ ներկայացուած ըլլալու իրաւունքէն:

Ընտրախախտումներու ծաւալը, անոնց համակարգուած բնոյթը կը փաստեն ընտրութիւնները սոսկ իշխանութեան պահպանման միջոցի վերածելու վարչախումբի ձգտումներու մասին:

Աւելի՛ն. ընտրական խախտումներու վերացման պահանջը, քաղաքական նպատակայարմարութիւններու պատճառով զանոնք անհետեւանք ձգելը, կը յառաջացնեն պետական կառոյցներու կենսունակութեան եւ սահմանադրական կարգի պահպանման հետ կապուած հիմնաւոր կասկածներ:

Այլեւս աներկբայ է, որ խորհրդարանական այս մեծամասնութիւնը ձեւաւորուած է ոչ թէ ժողովրդավարական ընտրութիւններու, այլ բացառապէս սահմանադրական դատարանի կողմնակալ որոշման եւ վարչական մեքենայութիւններով իրականացուած մանդատներու բաշխման իբրեւ արդիւնք:

Այս ընտրութիւններուն ընթացքին էական գործօն էին նաեւ արտաքին ուժային կեդրոններու եւ զանազան դերակատարներու բացայայտ միջամտութիւններն ու ազդեցութիւնները, ինչ որ լուրջ հարուած էր Հայաստանի ինքնիշխանութեան ու գերիշխանութեան:

Այդուհանդերձ, հակառակ վերը նշուած հանգամանքներուն, բոլոր դժուարութիւններուն, սահմանափակումներուն եւ խոչընդոտներուն` հաւաքական ընդդիմութիւնը կրցաւ պատկառելի քանակով ընտրաքուէ ստանալ: «Պաշտօնապէս» արձանագրուած արդիւնքները թէեւ գործող իշխանութիւններուն փաստացի կարելիութիւն կու տան վերարտադրուելու, սակայն ակնյայտ է, որ իշխող վարչախումբը անկման ընթացքի մէջ է եւ կորսնցուցած է իր օրինականութիւնը: Ասոր վկայութիւններէն են նաեւ նոր թափ ստացած յետընտրական քաղաքական հետապնդումներն ու բռնաճնշումները:

Քաղաքական ճգնաժամը, ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք, ոչ միայն չէ յաղթահարուած, այլեւ իշխող վարչախումբի քայլերուն իբրեւ հետեւանք, աւելի խորացած է` ձեռք բերելով վտանգաւոր ներազգային եւ աշխարհաքաղաքական երանգներ: Ամէն գնով վերարտադրուելու իշխանութիւններու մոլուցքը հարուածի տակ դրած է հանրային համերաշխութիւնը, ժողովրդավարական արժէքները, կայունութիւնը եւ պետութեան կենսունակութիւնը:

Գործող վարչախումբը շարունակ կը թիրախաւորէ Անկախութեան հռչակագիրը, Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցին, արցախեան շարժումը, հայկական ինքնութեան հիմքերը, այն ամէնը` ինչ որ հանդիսացած է համահայկական միասնութեան շաղախը:

Ստեղծուած պայմաններուն մէջ, նոր իրողութիւններն ու հանգամանքները հաշուի առնելով, հարկ է շարունակել քաղաքական պայքարը նոր մարտավարութեամբ, նոր թափով եւ ուժգնութեամբ:

Գլխաւոր խնդիրը իշխող վարչախումբի` Հայաստանի թրքացման միտուած կործանարար եւ աղէտաբեր քաղաքականութեան կանխումն է, եւ այս առումով խիստ կարեւոր է բոլոր առողջ, ազգային ուժերու համակարգուած ու համադրուած աշխատանքը եւ հանրային լայն համախմբումը:

Հետեւողական եւ աննահանջ պայքարը բոլոր ճակատներուն վրայ յաջողութեան հասնելու միակ ճանապարհն է:

Հայկական ինքնութեան պահպանումը, ազգային ու արժանապատիւ պետութիւն ունենալու հրամայականը պէտք է դառնան համահայկական թիւ մէկ օրակարգ:

ՀՅԴ ԲԻՒՐՕ

9 յուլիս 2026

Leave a Comment