Գագիկ Ծառուկեանը Ձերբակալուեցաւ – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Երէկ երեկոյեան «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեանը ձերբակալուեցաւ եւ տեղափոխուեցաւ Քննչական կոմիտէ:

Ամբողջ օրուան ընթացքին խուզարկութիւններ կատարուած էին Գագիկ Ծառուկեանին պատկանող կառոյցներուն մէջ: Ծաղկաձորի մէջ կապարակնքուեցան Գագիկ Ծառուկեանին պատկանող պանդոկները: Կապարակնքուեցաւ նաեւ Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէի կեդրոնատեղին: Գագիկ Ծառուկեան ամբաստանուեցաւ խոշոր չափերով գումարներու լուացման եւ խարդախութեան յանցանքով:

 

Leave a Comment