Տանըլտ Թրամփ յատուկ դեր խաղացած է Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան օրակարգը յառաջ մղելու գործին մէջ: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ այս մասին Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամ, Եւրոպայի եւ շրջանային անվտանգութեան համագործակցութեան ենթայանձնախումբի նախագահ, ծերակուտական Սթիւ Տէյնսի հետ հանդիպումի ժամանակ ըսած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:
Ալիեւ յայտարարած է, որ Թրամփի հետ իր անձնական յարաբերութիւնները կը գտնուին բարձր մակարդակի վրայ եւ ընդգծած, որ ան յատուկ դեր խաղացած է Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան օրակարգը յառաջ մղելու գործին մէջ:
Ան ընդգծելով, որ Թրամփի` Միացեալ Նահանգներու նախագահ երկրորդ անգամ ընտրուելէն ետք համագործակցութեան եւ փոխադարձ վստահութեան վրայ հիմնուած երկկողմանի յարաբերութիւնները յաջողութեամբ կը զարգանան, նշած է, որ կապերը բարձրացած են ռազմավարական գործընկերութեան մակարդակի, եւ որ ատիկա շատ կարեւոր է Միացեալ Նահանգներու եւ Ազրպէյճանի, ինչպէս նաեւ շրջանին համար:
Ազրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի լրատուական ծառայութեան փոխանցումով` հանդիպումի ընթացքին Ալիեւն ու ամերիկացի ծերակուտականը ընդգծած են նաեւ «շրջանային հաղորդակցութեան ուղիներու տեսանկիւնէն»` «Թրամփի ուղի»-ի (ԹՐԻՓՓ) կարեւորութիւնը: