Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Պահանջեց Ազատ Արձակել Հայ Գերիները Եւ Պատժամիջոցներ Հաստատել Պաքուի Դէմ

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը Ծերակոյտի Յատկացումներու յանձնախումբին ներկայացուց վկայութիւն մը` կոչ ուղղելով 2027-ի ամավարկին մէջ նկատի առնելու այնպիսի դրոյթներ, որոնք կը պահանջեն Պաքուի կողմէ ապօրինի կերպով պահուող հայ գերիներուն անյապաղ ազատ արձակումը, Արցախէն բռնի տեղահանուած հայերու վերադարձի իրաւունքի ապահովումը, Հայաստանին ապահովական յաւելեալ աջակցութեան տրամադրումը եւ Պաքուի համար նկատի առնուած ամերիկեան ռազմական օժանդակութեան սահմանափակումը:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի կառավարական հարցերու վարիչ Թերեզա Երեմեան իր վկայութեան մէջ նշեց. «Գրեթէ երեք տարի առաջ Ազրպէյճանի ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) ամբողջ բնիկ հայ բնակչութիւնը` 150.000 հայեր, բռնի տեղահանուեցաւ` ցեղային զտման գործողութեան հետեւանքով: Պաքուն պատասխանատուութեան չենթարկելու Ուաշինկթընի դժկամութեան հետեւանքները չափազանց լուրջ են»:

Հայ դատը կը պահանջէ առնուազն 100 միլիոն տոլար տրամադրել Արցախէն տեղահանուած հայերուն մարդասիրական, վերաբնակեցման եւ վերականգնման կարիքներուն, յոյժ կարեւոր նկատելով նաեւ աջակցութիւնը` տեղահանուած արցախահայութեան իրենց պատմական տուները վերադառնալու իրաւունքին:

Հայ դատի յանձնախումբը առնուազն 50 միլիոն տոլար կը պահանջէ Հայաստանի ապահովութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը ամրապնդելու ջանքերուն համար` նշելով, որ Ազրպէյճան կը շարունակէ գրաւուած պահել Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն աւելի քան 240 քառակուսի քիլոմեթր:

Վկայութիւնը նաեւ կոչ կ՛ուղղէ առնուազն արգիլելու Պաքուին համար նկատի առնուած ամերիկեան ռազմական աջակցութիւնը, այնքան ատեն որ Պաքու ազատ չէ արձակած բոլոր հայ գերիները, դուրս չէ բերած իր ուժերը Հայաստանի տարածքէն, չ՛երաշխաւորեր Արցախի հայկական մշակութային ու քաղաքացիական սեփականութեան ապահովութիւնը եւ չի ճանչնար տեղահանուած հայերուն հայրենիք վերադառնալու իրաւունքը:

Միւս կողմէ, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը ողջունեց քոնկրեսականներ Տինա Թայթըսի, Մայք Լոլըրի եւ Պրետ Շըրմընի կողմէ Քոնկրեսին ներկայացուած այն առաջարկները, որոնք կը պահանջեն Թուրքիան հեռու պահել «Էֆ. 35» ռազմական օդանաւերու արտադրութեան ծրագիրէն եւ կը կասեցնեն Թուրքիոյ ռազմական օդանաւերու արդիական շարժակներ ծախելու ծրագիրը:

 

Leave a Comment