Օժանդակութեան Բարձրագոյն Խորհուրդը Ստանձնեց Հայաստանի Կառավարութեան Կողմէ Տրամադրուած Մարդասիրական Օգնութիւնը

9 յուլիսին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան որոշումով Լիբանանին տրամադրուած մարդասիրական օգնութեան յանձնման պաշտօնական արարողութիւնը, Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ:

Յանձնման պաշտօնական արարողութեան մասնակցեցան Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Վահան Կոստանեան, Լիբանանի կառավարութեանն առընթեր Օժանդակութեան բարձրագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար գնդապետ զօրավար Պասսամ Նապուլսի, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ Յակոբ Թերզեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի իրաւասու այլ պետական մարմիններու ներկայացուցիչներ:

Իր խօսքին մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Վահան Կոստանեան վերահաստատեց Հայաստանի համերաշխութիւնը բարեկամ Լիբանանի եւ լիբանանցի ժողովուրդին հետ` ընդգծելով, որ մարդասիրական այս օգնութիւնը երկու ժողովուրդները միաւորող պատմական բարեկամութեան, փոխադարձ վստահութեան եւ համերաշխութեան հերթական վկայութիւնն է: Ան նշեց, որ Հայաստանը պատրաստակամ է շարունակել իր ներդրումը այն նախաձեռնութիւններուն մէջ, որոնք միտուած են Լիբանանի մէջ առկայ մարդասիրական խնդիրներու հասցէագրման:

Իր հերթին, գնդապետ զօրավար Պասսամ Նապուլսի երախտագիտութիւն յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան Լիբանանի համար այս դժուարին ժամանակահատուածին ցուցաբերուած աջակցութեան եւ համերաշխութեան համար` ընդգծելով, որ այս աջակցութիւնը բարձր կը գնահատուի ինչպէս Լիբանանի կառավարութեան, այնպէս ալ ժողովուրդին կողմէ:

Հայաստանի կողմէ տրամադրուած շուրջ 80 թոն մարդասիրական օգնութիւնը կը ներառէ դեղորայք եւ բժշկական նշանակութեան պարագաներ, սննդամթերք, ինչպէս նաեւ առաջին անհրաժեշտութեան այլ ապրանքներ: Մարդասիրական օգնութեան բեռը, հատելով Հայաստան-Թուրքիա պետական սահմանի Մարգարայի անցակէտը, Լիբանան  տեղափոխուած է ցամաքային ճանապարհով` Թուրքիոյ տարածքով:

 

 

Leave a Comment