«Հայ-իրանական յարաբերութիւններու օրակարգային հարցերէն են ԹՐԻՓՓ նախագիծէն ի յայտ եկող վտանգներու կառավարումը եւ հաւանական մարտահրաւէրներու վերացումը», երէկ Երեւանի մէջ հրաւիրած ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Խալիլ Շիրղոլամի:
«Իրանի անհանգստութիւնը իր սահմաններու դրացնութեամբ ամերիկացիներու ներկայութեան վերաբերեալ շատ օրինական եւ տրամաբանական է, եւ այդ անհանգստութիւններուն պէտք է յստակ պատասխաններ տրուին», յայտարարեց Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանը:
Հայաստանի կառավարութիւնը հաւաստիացուցած է, որ այս ծրագիրի իրականացման եւ Միացեալ Նահանգներու ներկայութեան հետեւանքով Իրանի համար որեւէ սպառնալիք կամ մարտահրաւէր պիտի չստեղծուի:
«Կը կարծեմ, որ մենք պէտք է ձեռք բերենք այնպիսի մեքանիզմ, որուն շրջանակին մէջ Հայաստան պիտի կարենայ իրականացնել ապաշրջափակման իր ամբողջ ներուժը, բայց ատոր հետ միասին պէտք է կառավարուին եւ պէտք է յստակ կերպով արձագանգ տրուին Միացեալ Նահանգներու ներկայութեան հաւանական վտանգներուն եւ Իրանի դէմ որեւէ սպառնալիքներու», շեշտեց Իրանի դեսպանը:
Իրանի դեսպանը նշեց նաեւ, որ իրանական կողմը քայլերու կը ձեռնարկէ ռազմավարական գործընկերութեան համապարփակ փաստաթուղթի ստորագրման համար:
«Այս փաստաթուղթով կը կարծեմ, որ նոր մթնոլորտ պիտի ստեղծուի հայ-իրանական յարաբերութիւններուն մէջ եւ նոր պատուհան պիտի բացուի համագործակցութեան համար, ներառեալ քաղաքական, անվտանգութեան, պաշտպանական ու տնտեսական ոլորտներուն մէջ», ըսաւ Շիրղոլամի: