Իրի Մը Պատմութիւնը. Քշոց – Aztag Daily

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Գիտէ՞ք, թէ քշոցը եկեղեցական իր է: Անցեալին, երբ քրիստոնէութիւնը հալածուեր է, քրիստոնեաները թաքնուեր են գետնադամբարաններու մէջ եւ սուրբ հաղորդութեան խորհուրդը հոն կատարեր են: Այդ ժամանակ քշոցը ծառայեր է որպէս ճանճ, միջատ քշելու միջոց: Հետագային քշոցին դերը փոխուեր է, եւ ան դարձեր է ուրախ նուագարան` սուրբ պատարագին մասնակցող դպիրներուն ձեռքին: Մետաղեայ սկաւառակաձեւ քշոցը … Read more

Գրկախառնութիւնները Օգտակար Են Առողջութեան – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Գրկախառնութիւնները միայն սիրահարներուն համար չեն: Մենք կը գրկենք մեր երեխաները, մեր ծնողները, մեր ընկերները, մեր ընտանի կենդանիները: Այս քնքուշ արարքը գոյութիւն ունի բոլոր մշակոյթներուն մէջ, եւ ասիկա պատահական չէ: Հպումը մեր ուղեղին կը փոխանցէ ապահովութեան զգացում: Գրկախառնութիւնը շատ աւելին է, քան պարզապէս սիրալիր արարք: Գրկախառնութեան ժամանակ մեր մարմինը կ՛արձագանգէ. ան կը խթանէ … Read more

Օգտակար Խորհուրդներ Մանուկը Ուսումնական Տարուան Պատրաստելու Համար

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Բոլորս ալ գիտենք, որ մանուկը դպրոց ուղարկելու համար բաւարար չէ անոր նոր տարազ, գեղեցիկ պայուսակ եւ այլազան ու գրաւիչ գրենական պիտոյք գնելը: Առաջին հերթին կարեւոր է զայն հոգեպէս նախապատրաստել դպրոց վերադառնալու գաղափարին: Նոր ուսուցիչներ, նոր դասանիւթեր, տարբեր դասարան, տարբեր խաղավայր… Այս բոլորը բաւարար պատճառներ են, որ երեխան տագնապի: Միւս կողմէ, երկար ամիսներ … Read more

Գործնական Խորհուրդներ` Ամրան Տաքուն Թարմ Եւ Գեղեցիկ Մնալու Համար

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Քրտնարտադրութիւն, կպչուն մազեր, դէմքի հոսող շպար… Ամառը միշտ չէ, որ մեր գեղեցկութեան լաւագոյն ընկերն է: Բայց կան գործնական խորհուրդներ` նշուած անպատեհութիւններէն խուսափելու եւ ամբողջ օրը առաւելագոյն չափով թարմ եւ գեղեցիկ մնալու համար: Եւ այսպէս` Քրտնարտադրութիւնը բնական երեւոյթ է. ան ձեր մարմնի միջոցն է գերտաքութենէ պաշտպանուելու համար. այնպէս որ, պէտք է դիմել ճիշդ … Read more

Հետաքրքրական Ոսկիի Եւ Սխտորի Միջնադարեան Գաղտնիքը

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Հայկական մանրանկարչութեան ոսկեդարեան աւանդութիւններուն մէջ ոսկին սոսկ գոյն չէր, այլ երկնային լոյսի մարմնաւորում: Ան կը նկատուէր յաւերժութեան եւ աստուածային ներկայութեան խորհրդանիշը: Միջնադարուն ոսկին կ՛օգտագործուէր կա՛մ փոշիի, կա՛մ բարակ թերթիկի տեսքով: Որպէս ամրացնող նիւթ, մանրանկարիչները յաճախ կ՛օգտագործէին բնական միջոցներ, ինչպէս օրինակ` սխտորի հիւթը, որ որպէս սօսինձ կը ծառայէր: Միաժամանակ սխտորի ջուրը ունէր պաշտպանիչ … Read more

Հետաքրքրական Լազուարթ` Կապոյտ Գոյնի Գաղտնիքը

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Հայկական մանրանկարներուն մէջ կապոյտը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունէր. ան յաճախ կը խորհրդանշէր երկինքը, հոգեւոր աշխարհը եւ աստուածային ներկայութիւնը` պատկերներուն հաղորդելով խորութիւն եւ վեհութիւն: Ամենաարժէքաւոր կապոյտ երանգներէն մէկը կը ստացուէր լազուարթէն` հազուագիւտ թանկարժէք քարէն: Այս հանքանիւթը Հայաստան կը հասնէր հեռաւոր երկիրներէ` առեւտրական ճանապարհներով եւ կը համարուէր միջնադարեան աշխարհի ամենաթանկ բնական գունանիւթերէն մէկը: Լազուարթէն պատրաստուած … Read more

Կենցաղավարութեան Խորհրդատուին Կարծիքով – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ըստ կենցաղավարութեան, ճաշի աւարտին հիւրը սեղանը չի հաւաքեր: Ատիկա տանտիրուհիին կամ սպասարկող-անձնակազմին (եթէ կայ) գործն է: Երբեմն մենք անկեղծ կ՛ուզենք օգնել, բայց խորքին մէջ կրնանք տանտիրուհին անյարմար վիճակի մէջ դնել, թերեւս ան չ՛ուզեր, որ ոեւէ մէկը տեսնէ իր խոհանոցին վիճակը: Անշուշտ կան բացառութիւններ, եթէ ընտանեկան մտերմիկ միջավայր է, եւ տանտիրուհին ի՛նք կը … Read more

Առողջապահական. Մեզ Շրջապատող 7 Ամենաաղտոտ Իրերը

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Մաքուր եւ առողջ միջավայրի մէջ ապրելու համար կարեւոր է մաքրել եւ ախտահանել տան բոլոր իրերը: Օրուան ընթացքին յաճախ կը շփուինք իրերու հետ, որոնք ոչ միայն մանրէի բոյն են, այլ նոյնիսկ աւելի աղտոտ, քան` արտաքնոցի աթոռը: Հետազօտողներ կազմած են ցանկը այն 7 իրերուն, որոնք չափազանց աղտոտ են եւ հետեւողական մաքրութեան կը կարօտին: Եկէք` … Read more

Հետաքրքրական. Դերերու Բաժանումը` Նահապետական Ընտանիքներու Մէջ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Հետաքրքրական է, որ անցեալին նահապետական ընտանիքներուն մէջ գոյութիւն ունէր աշխատանքի սեռատարիքային բաժանում: Տան կուտակուած գումարն ու ունեցուածքը կը պահպանուէր նահապետի կնոջ մօտ, անոր ձեռքն էին նաեւ տան մառանի բանալիները: Ընտանիքի իւրաքանչիւր տղամարդ ունէր իրեն վստահուած աշխատանքը: Տնտեսութեան հիմնական ճիւղերը` երկրագործութիւնն ու անասնապահութիւնը, կը վարէին տղամարդիկ, իսկ կիներու պարտականութիւններուն մէջ կը մտնէին` տնային … Read more

Նկարչութեան Առաւելութիւնները Հոգեկան Առողջութեան Համար

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Այսօրուան արագ զարգացող թուային աշխարհին մէջ մեր հոգեկան առողջութեան հոգ տանիլը դարձած է աւելի կարեւոր, քան` երբեւէ: Ընկճախտը, անհանգստութիւնը, գերյոգնածութիւնը այլեւս հազուադէպ երեւոյթներ չեն. ինչպէ՞ս պայքարիլ այս յուզական գերծանրաբեռնուածութեան դէմ: Հետաքրքրական է, որ ամենաարդիւնաւէտ գործիքներէն մէկը կրնայ ըլլալ այնքան պարզ եւ մատչելի բան մը` նկարչութիւնը: Նկարչութիւնը միայն մասնագէտներուն համար չէ: Ան բնական, … Read more