Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Քրտնարտադրութիւն, կպչուն մազեր, դէմքի հոսող շպար… Ամառը միշտ չէ, որ մեր գեղեցկութեան լաւագոյն ընկերն է: Բայց կան գործնական խորհուրդներ` նշուած անպատեհութիւններէն խուսափելու եւ ամբողջ օրը առաւելագոյն չափով թարմ եւ գեղեցիկ մնալու համար: Եւ այսպէս`
Քրտնարտադրութիւնը բնական երեւոյթ է. ան ձեր մարմնի միջոցն է գերտաքութենէ պաշտպանուելու համար. այնպէս որ, պէտք է դիմել ճիշդ միջոցներու` անոր անբաղձալի հետեւանքներէն պաշտպանուելու համար:
Ա.- Օգտագործեցէք ալիւմինիոմի աղերէ զերծ տէոտորաններ:
Բ.- Ձեր հագուստներուն համար ընտրեցէք շնչող գործուածքներ` բամպակ, կտաւ, եւ այլն… ամբողջովին հրաժարեցէք սենթեթիք նիւթերէն:
Գ.- Լոգցէք, սակայն` ոչ պաղ ջուրով, այլ` չափաւոր պաղով:
– Երբ տաք է, ամենավատ սխալը դիմայարդարում կրելն է: Ընտրեցէք բաց գոյնի եւ ջրակայուն դէմքի յարդարանքներ, որպէսզի, թէ՛ թարմ տեսք ունենաք եւ թէ՛ տաքին պատճառով անոնք չխաթարուին, չհոսին եւ չայլակերպեն ձեր դէմքը. բաւարարուեցէք նուազագոյն շպարով:
– Ծոծրակին կամ ճակատին կպչող մազերէն աւելի տհաճ բան չկայ: Եթէ երկար մազեր ունիք, հաւաքեցէք զանոնք «ձիու պոչ»-ի տեսքով, կամ հիւսեցէք: Այնուամենայնիւ, խուսափեցէք չափազանց ամուր սանտրուածքներէն մորթը գրգռող շամփուեններէն եւ վարսայարդարիչ ծանր խնամքի միջոցներէն: Իսկ եթէ գլխարկ կը կրէք, ընտրեցէք «շնչող» տարբերակներ եւ պարբերաբար հանեցէք զայն, երբ շուքին էք:
– Աչքերու շրջանի ուռեցքը մեղմացնելու համար երբեք սառոյցի խորանարդներ չօգտագործէք, այլ դիմեցէք բնական միջոցներու` վարունգի, ելակի, ձմերուկի կեղեւի շերտերու. թէկուզ անոնց ազդեցութիւնը ժամանակաւոր է, բայց` ոչ վնասակար:
– Ամրան եղանակին մորթին վաղաժամ ծերացումը կանխելու լաւագոյն միջոցը արեւի անդրամանիշակագոյն ճառագայթներէն պաշտպանութիւնն է: Հագուստը, գլխարկը, արեւային ակնոցները եւ արեւապաշտպան սերերը առաջնահերթ տեղ պէտք է գրաւեն, քան` լողազգեստը, աքսեսուարներն ու շպարի միջոցները:
– Տաքը կը լայնցնէ արեան անօթները, որ պատճառ կը դառնայ ոտքերու այտուցի, յատկապէս` տարեցներու եւ երակային անբաւարարութենէ տառապողներու մօտ: Օրուան ընթացքին ընտրեցէք զով տեղ մը, բարձրացուցէք ոտքերը: Պարբերաբար ծալեցէք կոճերը, եթէ երկար ժամանակ նստած կամ կանգնած էք: Պաղ ցնցուղը` սկսելով կոճերէն եւ բարձրանալով մինչեւ ծունկերը, նոյնպէս կրնան թեթեւութիւն եւ հանգստութիւն ապահովել:
Գիտէ՞ք Թէ…
Այսօր Ձախլիկներու միջազգային օրն է: Գաղափարը բրիտանական Left-Handers Club կազմակերպութեանն է, որ ստեղծուեր է ձախլիկներու շահերն ու ճանաչելիութիւնը պաշտպանելու համար:
– Ստեղծումէն (1976) ի վեր այս օրը տարբեր երկիրներու մէջ ձեռնարկներ եւ իրազեկման արշաւներ կը կազմակերպուին ձախլիկներու առանձնայատկութիւններուն շուրջ:
– Ժամանակին ձախլիկ ըլլալը «անէծք», «պատիժ», «անբնական» կը համարուէր: Տունէն ներս եւ նոյնիսկ դպրոցներուն մէջ երեխաներուն կը ստիպէին ամէն գնով հրաժարիլ ձախ ձեռքէն եւ աջը գործածել:
– Ձախլիկները աշխարհի բնակչութեան 12.8% կը կազմեն: Ամէնօրեայ կեանքի մէջ շատ իրեր նախատեսուած են աջլիկներու համար` մկրատներ, պահածոներու բացիչներ, երաժշտական գործիքներ, համակարգչային ստեղնաշարեր, դպրոցականներուն նստարաններ… իրեր, որոնք երբեմն լուրջ դժուարութիւններ կը ստեղծեն ձախլիկներուն համար:
– Ուսումնասիրութիւններ կը վկայեն, որ ձախլիկ ըլլալը ունի իր առաւելութիւնները: Օրինակ` ձախլիկ մարդիկ աւելի լաւ ներդաշնակութիւն (coordination) ունին եւ աւելի հակուած են ստեղծագործ ըլլալու: Աւելի՛ն, ձախլիկները երաժշտութեան եւ ուսողութեան մէջ աւելի կը փայլին: Անոնք առաւելութիւններ ունին նաեւ մարզաձեւերու պարագային, յատկապէս ինչ կը վերաբերի թենիսին եւ սուսերամարտին:
– Պատմութեան ամենայայտնի ձախլիկներէն թուենք` Լեոնարտո Տա Վինչի, Մոցարթ, Այնշտայն, Ֆիտել Քասթրօ, Պոպ Տիլըն, Մարք Թուէյն, Ռաֆայէլ Նատալ…
Սենեկային Բոյսեր Աճեցնելու
Համոզիչ Պատճառներ
Տնային բոյսեր աճեցնելը հիանալի միջոց է տան կամ գրասենեակին տեսողական վայելք եւ թարմ շունչ հաղորդելու համար: Այնուամենայնիւ, սենեկային բոյսերը շատ աւելին են, քան հմայիչ լրացումներ` տան յարդարանքին: Մտաւոր եւ յուզական առողջութիւնը բարելաւելու, ապաքինման ժամանակը արագացնելու եւ ներսի օդի որակը բարելաւելու իրենց առաւելութենէն սկսած` սենեկային բոյսերը օժտուած են բազմաթիւ յատկութիւններով, զորս կարելի չէ անտեսել:
Գիտականօրէն Հիմնաւորուած
Սենեկային Բոյսերու Օգուտները
– ՆԱՍԱ-ի կողմէ 1989-ին կատարուած ուսումնասիրութեան մը համաձայն, սենեկային բոյսերը ոչ միայն կը մաքրեն ու կը կլանեն փոշին, այլեւ կը քայքայեն օդին մէջ առկայ վնասակար, թունաւոր նիւթերը` տան օդը դարձնելով աւելի մաքուր եւ անվտանգ շնչելու համար:
– Journal of physiological Anthropology-ի կողմէ հրապարակուած ուսումնասիրութեան մը համաձայն, սենեկային բոյսերու հետ աշխատանքը կրնայ զգալիօրէն նուազեցնել ընկճախտի տարածուած նշանները` քորթիզոլի մակարդակը, արեան ճնշումը եւ սիրտի բաբախումներ: Տնային բոյսերը ջրելը, խնամելը կ՛օգնէ կանոնաւորելու շնչառութիւնը եւ խաղաղեցնելու միտքերու խառնաշփոթը:
– Փարթամ տերեւներով սենեկային բոյսերը կրնան հմայք եւ յարմարաւէտութիւն հաղորդել ննջասենեակներուն, իսկ թթուածին մատակարարելու անոնց ունակութիւնը կրնայ նաեւ նպաստել խոր եւ վերականգնողական քունին: Զարմանալի չէ, որ բազմաթիւ գիտնականներ եւ բժիշկներ խորհուրդ կու տան սենեկային բոյսեր զետեղել ննջասենեակին մէջ:
***
Սենեկային բոյսերու օգուտները անթիւ են, բայց կարելի չէ անտեսել առնուազն հետեւեալները.
- Կը բարձրացնեն սենեակին խոնաւութիւնը:
- Կը նուազեցնեն գերզգայութիւնները:
- Կը նուազեցնեն ձայնային ապականումը:
- Կարագացնեն ապաքինման ժամանակը:
- Կը բարելաւեն կեդրոնացումն ու ստեղծագործական աշխատանքը:
Յիշենք, որ տան մէջ բոյսեր աճեցնելն ու խնամելը ոչ միայն հաճելի ժամանց է, այլ` ոգեշնչումի աղբիւր, որ շատ արագ կը պայծառացնէ ձեր բնակարանը եւ կը բարձրացնէ ձեր տրամադրութիւնը:
Ձեռային Աշխատանք
Իրերուն Երկրորդ Կեանք Մը Տուէք
Եթէ ձեռքի տակ ունիք իրեր, որոնք այլեւս պիտանի չեն, եւ դուք պատրաստ էք ձերբազատուելու անոնցմէ, նախքան զանոնք ուրիշին տալը կամ թափելը` մտածեցէք այդ իրերուն երկրորդ կեանք մը տալու մասին…
Այսօրուան սիւնակով, եկէք, տեսնենք, թէ հնարամիտ եւ ստեղծագործ մարդիկ ի՛նչ փայլուն գաղափարներ ունեցած են.
Ա.- Հին շապիկի մը թեւին ծայրամասը վերածել ականջակալներու պահպանակի:
Բ.- Հին ճինզ տաբատի մը գօտիին ծայրամասը վերածել բանալեկալի:
Գ.- Հին ճինզի մը ետեւի զոյգ գրպաններով պատրաստել գործնական դրամապանակ մը:
Դ.- Հին շապիկի թեւերով ծրարել խմիչքի շիշեր:
Ե.- Տղամարդու հին շապիկ մը վերածել շուկայի պայուսակի:
Յիշենք, որ ձեռային աշխատանքը կը թեթեւցնէ ընկճախտը, կը խթանէ ստեղծագործականութիւնը, կը բարձրացնէ ինքնագնահատականը եւ կը բարելաւէ ինքնավստահութիւնը:
Խոհագիր
Անանասով Կարկանդակ
2 գաւաթ ալիւր
1 գաւաթ շաքար
1 թէյի դգալ սոտա + 1 թէյի դգալ պէյքինկ փաուտըր
1 գաւաթ պահածոյ մանրուած անանաս` իր հիւթով միասին
2 հաւկիթ
Կէս գաւաթ կակուղ կարագ
Քառորդ թէյի դգալ աղ
Հեղուկ կամ փոշի վանիլլա
Պատրաստութիւն
Փուռը նախապէս տաքցնել 180 ջերմաստիճանով եւ 23×33 սմ կաղապարը ծեփել կարագով:
Խորունկ ամանի մը մէջ հարել կարագն ու շաքարը, մէկ-մէկ աւելցնել հաւկիթները, այնուհետեւ աւելցնել չոր բաղադրիչները` ալիւր, սոտա, պէյքինկ փաուտըր, աղ, վանիլա:
Միատարր խառնուրդ մը ստանալէ ետք աւելցնել մանրուած անանասը` իր հիւթով եւ փայտեայ դգալով մը քանի մը անգամ խառնել: Խմորը պէտք է ըլլայ խիտ, բայց` դիւրին հոսող: Փոխադրել կարագով ծեփուած կաղապարին մէջ եւ տաք փուռին մէջ եփել շուրջ 30 վայրկեան:
Շերտել եւ մատուցել լաւ պաղելէ ետք:
***
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Կարեւոր Չէ…
Կարեւոր չէ
թէ ինչ կորցրինք եւ ինչ գտանք,
թէ ինչ տուինք եւ ինչ առանք,
ո՞ւմ հետ խաղաղ,
ո՞ւմ հետ կռուով բաժանուեցինք,
ո՞ւմ սիրտը լուռ տրորեցինք,
ո՞ւմ հոգու մէջ երազ դարձանք,
ո՞ւմ ականջում յիշուող մի ձայն,
ո՞ւմ աչքերում այրուող հայեացք,
ո՞ւմ ոտքի տակ ճզմուած մի քար,
եւ ո՞ւմ գլխին շողշողուն թագ…
Կարեւոր չէ՞
Կարեւորն այն է,
թէ ի՞նչ դաս առանք կեանքի այս երթից:
Եւ կը հանդիպե՞նք ու կը ճանաչե՞նք
մենք իրար նորից…
ՄԱՐԻ ՌՈԶ ԱԲՈՒՍԷՖԵԱՆ
