Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Հետաքրքրական է, որ անցեալին նահապետական ընտանիքներուն մէջ գոյութիւն ունէր աշխատանքի սեռատարիքային բաժանում: Տան կուտակուած գումարն ու ունեցուածքը կը պահպանուէր նահապետի կնոջ մօտ, անոր ձեռքն էին նաեւ տան մառանի բանալիները:
Ընտանիքի իւրաքանչիւր տղամարդ ունէր իրեն վստահուած աշխատանքը: Տնտեսութեան հիմնական ճիւղերը` երկրագործութիւնն ու անասնապահութիւնը, կը վարէին տղամարդիկ, իսկ կիներու պարտականութիւններուն մէջ կը մտնէին` տնային տնտեսութեան վարումը, գիւղատնտեսական հումքի մշակումը, տեսակաւորումը, պահեստաւորումը, հոսկէ ալ` «Տղամարդը դուրսի պատ է, կինը` ներսի» ասացուածքը:
Իսկ տան ներքին աշխատանքները նահապետին կինը կը բաժնէր հարսերուն միջեւ: Հաց թխելն ու ճաշ եփելը կը վստահուէր աւագ հարսերուն: Սակայն բոլորն ալ պէտք էր մասնակցէին թել մանելու եւ գործելու աշխատանքներուն: Երեխաները նոյնպէս ունէին իրենց համար նախատեսուած աշխատանքները, որոնք զիրենք կը պատրաստէին ապագայ կեանքին:
Ճաշը նահապետական ընտանիքներուն մէջ մեծ ծիսակարգ մըն էր: Նախ ճաշի կը նստէին տղամարդիկ, իսկ այնուհետեւ կիները` երեխաներուն հետ:
Աղբիւր` Armenian Geographic
Կարմիր Մթերքներու
Առողջական Օգուտները
Կարմիր մթերքները այն պտուղներն ու բանջարեղէններն են, որոնք ունին կարմիր գունանիւթ` lycopen-ի, anthocyanin-ներու եւ betalains-ի նման միացութիւններու առկայութեան պատճառով: Կարմիր մթերքներէն յիշենք` լոլիկը, ելակը, կարմիր պուլկարական պղպեղը, նուռը, ճակնդեղը, ձմերուկը, կարմիր կաղամբը եւ այլն…
Որո՞նք Են Կարմիր Գոյնի
Սննդամթերքի Առողջական Օգուտները
1
Սրտի Առողջութիւն
Կարմիր մթերքները, յատկապէս` լոլիկը, lycopen կը պարունակէ, որ ծանօթ է սրտի իր պաշտպանիչ յատկութիւններով: Lycopen-ը կ՛օգնէ իջեցնելու արեան ճնշումը եւ նուազեցնելու սրտանօթային հիւանդութիւններու հաւանականութիւնը: Bioscience Research-ի մէջ հրապարակուած ուսումնասիրութեան մը համաձայն, ձմերուկին մէջ առկայ potassium-ը կը պայքարի սրտի հիւանդութիւններու դէմ եւ կը պահպանէ սրտին առողջութիւնը:
2
Քաղցկեղի Կանխարգիլում
Կարմիր սննդամթերքներուն մէջի հակաօքսիտանները զգալիօրէն կը նուազեցնեն որոշ քաղցկեղներու` կրծքագեղձի եւ շագանակագեղձի յառաջացման վտանգը:
3
Տեսողութեան Բարելաւում
Սէ. կենսանիւթով եւ հակաօքսիտաններով հարուստ կարմիր մթերքները կը նպաստեն աչքերու առողջութեան եւ կը նուազեցնեն տարիքի հետ կապուած աչքերու հիւանդութեան վտանգը:
4
Դիմադրողական Համակարգի Ամրապնդում
Կարմիր մթերքներուն մէջ առկայ Սէ. կենսանիւթը կ՛ամրապնդէ դիմադրողական համակարգը` պայքարելով զանազան վարակներու դէմ:
5
Առողջ Մորթ
Կարմիր մթերքները հիանալի են մորթին համար. lycopen-ը, anthocyanin-ները եւ Սէ. կենսանիւթը կը պաշտպանեն բջիջները եւ կը դանդաղեցնեն ծերացումը, նաեւ մորթին առողջ տեսքը կ՛ապահովեն:
Իւրաքանչիւր Մթերքի
Առանձնայատկութիւնը
– ԼՈԼԻԿԸ կը պաշտպանէ սիրտը, կը նուազեցնէ գէշ քոլեսթերոլը, մորթը կը պաշտպանէ արեւին վնասակար ճառագայթներէն:
– ՊՈՒԼԿԱՐԱԿԱՆ ԿԱՐՄԻՐ ՊՂՊԵՂԸ կ՛ապահովէ առողջ մորթ եւ առողջ տեսողութիւն:
– ՃԱԿՆԴԵՂԸ կը նուազեցնէ արեան ճնշումը եւ կ՛օգնէ լեարդին` ձերբազատուելու թունաւոր նիւթերէն:
– ՆՈՒՌԸ եւ յատկապէս անոր հիւթը կը բարելաւեն ֆիզիքական արդիւնաւէտութիւնը, կը բարձրացնեն մարմնին դիմացկունութիւնը, կը բարելաւեն արեան շրջագայութիւնը եւ մորթին որակը` առողջ տեսք եւ փայլք հաղորդելով անոր:
– ԵԼԱԿԸ, ԿԵՌԱՍԸ, ԱԶՆՈՒԱՄՈՐԻՆ, ԿԱՐՄԻՐ ԽԱՂՈՂԸ կը նպաստեն աղիքային առողջութեան, կը կարգաւորեն արեան մէջ շաքարի մակարդակը (անշուշտ պէտք չէ չարաշահել) եւ կ՛օգնեն կանխելու որոշ տեսակի ուռերու աճը, զարգացումը:
* * *
Ջանացէք օրական առնուազն կարմիր գոյնի 2 պտուղ կամ բանջարեղէն ներառել ձեր սննդակարգին մէջ, նաեւ փորձեցէք այլազանել զանոնք: Ձեր մարմինը եւ մորթը շնորհակալութիւն պիտի յայտնեն ձեզի:
Տրամադրութիւնը Բարելաւող
Մթերքներ
Տրամադրութեան փոփոխութիւնները յաճախ կը վերագրուին որոշ սննդանիւթերու պակասին, բայց նաեւ` եղանակի փոփոխութեան, յոգնութեան, հորմոնային փոփոխութիւններուն եւ հազարաւոր այլ պատճառներու:
Բարեբախտաբար կան սննդամթերքներ, որոնք կրնան բարելաւել տրամադրութիւնը եւ ժամանակաւոր վանել սեւ միտքերը: Ստորեւ կը ներկայացնենք այն 10 մթերքները, որոնք վայրկեաններու ընթացքին կը բարձրացնեն տրամադրութիւնը, բայց զգո՛ւշ, անոնց չարաշահումը կրնայ առողջական խնդիրներ ստեղծել: Եւ այսպէս`
1.- Տուրմը
2.- Ընկուզեղէնը (ընկոյզ, նուշ, գետնանուշ)
3.- Կասիան
4.- Կաթը
5.- Մեղրը
6.- Պանանը
7.- Ամբողջական Հացը
8.- Շոմինը
9.- Հաւկիթը
10.- Պաղպաղակը
Առողջապահական
Ոտք Լուալու 3 Տնական
Բաղադրատոմսեր
Ոտք լուալը կամ ոտքերու թրջումը շատ հին սովորութիւն է, որ կ՛ենթադրէ ոտքերը մինչեւ կոճերը տաք, գաղջ կամ պաղ ջուրի մէջ թրջելը:
Երկար օրուան մը աւարտին ոտք լուալը լաւագոյն միջոցն է ոտքերը հանգստացնելու, բայց ոչ միայն ոտք լուալը կրնայ բարելաւել արեան շրջագայութիւնը, կամ` բուժել որոշ հիւանդութիւններ, նուազեցնել այտուցը, սնկային վարակները, բշտիկները եւ այլն…
Բարեբախտաբար կան ոտք լուալու բազմաթիւ բաղադրատոմսեր: Տան պայմաններու մէջ 4-5 լիթր ջուրով լեցուն տաշտ մը եւ ձեռքի տակ գտնուող քանի մը բաղադրիչներ բաւարար են արդիւնաւէտ կերպով ոտք լուալու համար: Ստորեւ` հետաքրքրական տնական բաղադրատոմսեր:
1.- ՀԱՆԳՍՏԱՑՆՈՂ ՈՏՔ ԼՈՒԱԼՈՒ հիմնական բաղադրիչը քարաղն է: Տաք ջուրով լեցուն տաշտին մէջ աւելցնել 1 գաւաթ քարաղ, լաւ լուծել եւ ոտքերը մինչեւ կոճերը ջուրին մէջ մխրճել, սպասել քառորդ ժամ, ապա անձեռոցով շատ լաւ չորցնել, յատկապէս մատներուն բաժինը:
2.- ԴԵՂՆՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՂՄԱՑՆՈՂ հիմնական բաղադրիչը սոտան է: Տաք ջուրով լեցուն տաշտին մէջ աւելցնել 2-3 ապուրի դգալ սոտա եւ լաւ լուծել: Ոտքերը լուալու այս միջոցը ունի մորթը եւ եղունգները սպիտակեցնելու յատկութիւն:
3.- ՔՐՏՆԱՐՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՐԳԱՒՈՐՈՂ ՈՏՔ լուալու գլխաւոր բաղադրիչը խնձորի քացախն է: Ան նաեւ կ՛օգնէ` չէզոքացնելու անախորժ հոտերը, վերականգնելու եղունգներուն առողջ տեսքը, մեղմացնելու կոշտուկները, մաքրելու մորթը` մեռած բջիջներէն:
Գաղջ ջուրով տաշտին մէջ երկու սուրճի գաւաթ խնձորի քացախը հրաշքներ կը գործէ:
Բացի քարաղէն, սոտայէն եւ խնձորի քացախէն` ոտք լուալու համար կարելի է օգտագործել կիտրոնի հիւթը, երիցուկի ծաղիկները, ալոէ վերան կամ դափնիի տերեւները, որոնք նոյնպէս օժտուած են բուժիչ յատկութիւններով:
Խոհագիր
Ձմերուկի Աղցան` Վարունգով
Եւ Ֆեթա Պանիրով
– Ձմերուկ
– Վարունգ
– Ֆեթա պանիր
– Թարմ անանուխի տերեւներ
– Ձիթապտուղի ձէթ
– Կիտրոնի հիւթ
– Աղ
(Բաղադրիչներուն քանակը` ըստ անձերու թիւին)
Պատրաստութիւն
Ձմերուկը խորանարդաձեւ կտրատել եւ փոխադրել աղցանի ամանին մէջ:
Վարունգները կիսով կեղուել, երկայնքին կիսել, միջուկը պարպել, լայնքին կտրատել եւ աւելցնել ձմերուկին վրայ:
Փոս ամանի մը մէջ հարել ձէթը, կիտրոնի հիւթն ու աղը եւ ստացուած միատարր թացանը աւելցնել ձմերուկին ու վարունգին վրայ:
Բաղադրիչները զգուշութեամբ խառնել եւ սառնարանը պահել առնուազն 2 ժամ:
Մատուցման պահուն աղցանին երեսը զարդարել փշրուած ֆեթա պանիրով եւ թարմ անանուխի տերեւներով:
*
* *
Շաբթուան Մտածումը
Սա հայութեան օրրանն է, օրօրոցն է, վերջին հայրենիքն է, վերջին հողակտորն է: Հայաստանը որ վտանգուեց, վտանգուելու է ամբողջ հայերիս, ողջ հայերի ճակատագիրն աշխարհում բացարձակապէս: Իւրաքանչիւր հայ քաղաքական գործչի, ում խօսքը եւ գործը արձագանգ է գտնում, շարժում, նիւթականանում է այս երկրում, նա պարտաւոր է այս երկրի մասին մտածել որպէս նախագահի, թէկուզ իր վիճակով չոբան լինի…
Եթէ ամբողջ մոլորակը գերեզման դառնայ, վերջին ծաղիկ դնողը հայն է լինելու…
ՀՐԱՆԴ ՄԱԹԵՒՈՍԵԱՆ


