Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Հայկական մանրանկարչութեան ոսկեդարեան աւանդութիւններուն մէջ ոսկին սոսկ գոյն չէր, այլ երկնային լոյսի մարմնաւորում: Ան կը նկատուէր յաւերժութեան եւ աստուածային ներկայութեան խորհրդանիշը:
Միջնադարուն ոսկին կ՛օգտագործուէր կա՛մ փոշիի, կա՛մ բարակ թերթիկի տեսքով: Որպէս ամրացնող նիւթ, մանրանկարիչները յաճախ կ՛օգտագործէին բնական միջոցներ, ինչպէս օրինակ` սխտորի հիւթը, որ որպէս սօսինձ կը ծառայէր:
Միաժամանակ սխտորի ջուրը ունէր պաշտպանիչ դեր` օգնելով վանել վնասակար միջատները: Սխտորը կը քսուէր բարակ եւ հաւասար շերտով եւ կը ձգուէր, որ չորնայ. այնուհետեւ ոսկիի բարակ թերթիկը զգուշութեամբ կը դրուէր պատրաստուած մակերեսին եւ մեղմ ճնշումով կ՛ամրացուէր, իսկ մակերեսը կը փայլեցուէր յատուկ գործիքով: Ոսկիի կիրարման այս նուրբ արուեստը առիթ կու տար ստեղծելու այնպիսի գործեր, որոնք դարեր շարունակ չեն կորսնցուցեր իրենց փայլքը:
Աղբիւր`
«Հայկական Մանրանկարչութեան Սթիւտիա»
Եղանակի Պտուղներէն
Ձմերուկը
Ձմերուկը ամառնային սիրուած պտուղ է. ան շատ գնահատուած է իր թարմացնող համին եւ խոնաւեցնող յատկութիւններուն համար:
Այս հիւթեղ պտուղին ամէնէն կարեւոր առանձնայատկութիւններէն մէկը ջուրի բարձր պարունակութիւնն է, որ կը գերազանցէ 90 առ հարիւրը: Հետեւաբար ձմերուկը հիանալի ընտրութիւն է, ամրան շոգին մարմինը ջրազրկումէ պաշտպանելու համար:
Բացի խոնաւեցնելու առաւելութենէն, ձմերուկը նաեւ կը նպաստէ մորթի առողջութեան մեր սննդակարգին մէջ անոր յաճախակի ներառումը կ՛ապահովէ մորթին առաձգականութիւնը եւ փայլուն, առողջ տեսքը:
* * *
Հակաօքսիտաններով, ինչպէս նաեւ Ա., Սէ. եւ Պէ.6 կենսանիւթերով հարուստ ձմերուկը կը խթանէ քոլլաժենի արտադրութիւնը եւ կը պաշտպանէ մորթը վաղաժամ ծերութենէ: Հոլիվուտի աստղեր կը խոստովանին, որ իրենց առողջ տեսքով մորթը կը պարտին ձմերուկին եւ յաճախ կ՛օգտագործեն ձմերուկով ծեփուկներ:
Եթէ մորթը չոր է, անփայլ կամ գրգռուած, բնական միջոցներով պատրաստուած ձմերուկի դիմակը լաւագոյն «դեղ»-ն է արեւայրուքը եւ մորթի գրգռուածութիւնը մեղմելու համար:
* * *
Ձմերուկի դիմակի անհրաժեշտ բաղադրիչներն են
– 2-3 կտոր թարմ ձմերուկ
– 1 ապուրի դգալ մեղր
– 1 ապուրի դգալ մածուն
Ձմերուկը պատառաքաղով ճզմել, աւելցնել մեղրը եւ մածունը, լաւ խառնել` միատարր խիւս մը ստանալու համար:
Մաքուր դէմքին եւ վիզին վրայ (նաեւ թեթեւ արեւայրուքէ վնասուած մորթին վրայ) տարածել խիւսը, սպասել 15-20 վայրկեան, ապա ցօղուել գաղջ ջուրով:
Եթէ խիւսէն աւելնայ, կարելի է մի քանի օր սառնարանը պահել եւ դարձեալ օգտագործել:
* * *
Գիտէ՞ք, Թէ…
– Մինչ բոլորս կը վայելենք ձմերուկին քաղցր միջուկը եւ յաճախ կ՛անտեսենք կեղեւը, ան ամբողջութեամբ ուտելի է եւ հարուստ սննդարար նիւթերով:
Կեղեւով կարելի է պատրաստել անուշ կամ թթուաշ, բայց նաեւ օգտագործել աղցաններու պատրաստութեան մէջ:
– Լուացուած ձմերուկի կեղեւին ներսի մասով կարելի է մարձել դէմքն ու վիզը` թեթեւ շրջանաձեւ շարժումներով: Այս մարձումը կ՛աշխուժացնէ արեան շրջագայութիւնը, կը մաքրէ մորթը եւ անհրաժեշտ սնունդ կը հայթայթէ ջրազրկուած, խամրած մորթին:
Մանուկները Այգեգործութեան
Ծանօթացնելու Առաւելութիւնները
Ամրան արձակուրդին սերմեր ցանելը, ջրելը, միջատներ դիտարկելը կամ քանի մը լոլիկ հաւաքելը առիթ կու տան մանուկին բացայայտելու բնութիւնը` միաժամանակ զուարճանալով: Մեծ պարտէզ կամ բանջարանոց ունենալու կարիք չկայ. պատշգամը զետեղուած քանի մը խոշոր թաղարներ բաւարար են սկսելու համար:
Այգեգործութիւնը զուարճալի եւ դաստիարակիչ գործունէութիւն է մանուկներուն համար: Ան կ՛օգնէ անոնց զարգացնելու շարժիչ հմտութիւնները, հետաքրքրասիրութիւնը եւ պատասխանատուութեան զգացումը: Աւելի՛ն. այգեգործութիւնը թոյլ կու տայ անոնց վերամիաւորուելու բնութեան հետ եւ հասկնալու շրջակայ միջավայրը յարգելու կարեւորութիւնը:
* * *
Մանուկներուն հետ այգեգործութեամբ զբաղելու որոշակի տարիք չկայ: Այնուամենայնիւ, քանի մը շատ փոքր մանուկները հակուած են ամէն ինչ բերան տանելու, թելադրելի է սպասել մինչեւ 3 տարեկան:
Այգեգործութիւնը թէ՛ ֆիզիքական եւ թէ՛ հոգեբանական օգուտներ կը բերէ մանուկներուն, ինչպիսիք են`
ա.- Շարժիչ հմտութիւններու զարգացումը:
բ.- Բնութեան, բոյսերու, եղանակներու եւ կենդանիներու մասին գիտելիքներու ամբարում:
գ.- Շրջակայ միջավայրի նկատմամբ յարգանքի ձեւաւորում:
դ.- Բոյսերու աճի փուլերուն հետեւելով` կեդրոնացումի եւ համբերութեան բարելաւում:
ե.- Ինքնագնահատականի բարձրացում:
զ.- Բաւարարուածութեան զգացում:
* * *
Նոյնիսկ շատ փոքր մանուկները կրնան կատարել որոշակի գործողութիւններ` ջրել, սերմեր տնկել, փոսիկներ փորել, մոլախոտերը քաղել, չոր տերեւները հեռացնել, բանջարեղէն հաւաքել եւ այլն…
Որպէսզի մանուկը յարմարակէտ զգայ եւ չվնասուի, թելադրելի է ընտրել անոր չափին եւ ուժին համապատասխանող այգեգործական գործիքներ. օրինակ`
– Փոքր ցնցուղ մը, ջրելու համար:
– Այգեգործական ձեռնոցներ, ձեռքերը պաշտպանելու համար:
– Գոգնոց, հագուստները չաղտոտելու համար:
– Բահ եւ փոցխին, հողով զբաղելու համար:
– Գլխարկ, արեւէն պաշտպանուելու համար:
Առողջապահական
Ամէնօրեայ «Անմեղ» Սովորութիւններ,
Որոնք Կը Վնասեն Ուղեղին
Մեր կենսական գործառոյթներուն, ճանաչողական կարողութիւններուն, յիշողութեան եւ յոյզերուն պատասխանատու ուղեղը մարմնին ամէնէն կարեւոր գործարանն է: Հետեւաբար կարեւոր է հասկնալ, թէ ո՛ր վատ սովորութիւնները կը վնասեն անոր եւ քիչ-քիչ կը սպաննեն զայն:
Ա.- Բաւարար Չքնանալը
Քունի պակասը կը դանդաղեցնէ ուղեղին գործունէութիւնը. կը տուժեն ընկալումի եւ կեդրոնացումի կարողութիւնները, իսկ ամէնէն վտանգաւորը` քունի պակասը կ՛առաջնորդէ ուղեղի բջիջներու դանդաղ մահուան:
Բ.- Պաստառներուն Առջեւ Երկար Ժամանակ Անցընելը
Համակարգիչի, բջիջային հեռախօսի, պատկերասփիւռի պաստառներուն կողմէ արձակուած կապոյտ լոյսը կը խաթարէ մելաթոնինի արտադրութիւնը, որուն իբրեւ հետեւանք կը խանգարուի քունի գործընթացը, կը նուազի ուշադրութիւնն ու դատողական կարողութիւնը, եւ յաճախակի կը դառնան գլխացաւն ու աչքերու յոգնածութիւնը:
Գ.- Նստակեաց Ապրելակերպը
Շարժումի պակասը կը նուազեցնէ ուղեղին արեան հոսքը, ինչպէս նաեւ ուղեղի նոր բջիջներու ստեղծումը: Ասիկա ժամանակի ընթացքին կրնայ պատճառ դառնալ ուղեղի ծաւալի կրճատման, մասնաւորաբար յիշողութեան եւ ուսուցման համար կարեւոր հատուածներուն մէջ:
Դ.- Ընկերային Մեկուսացումը
Մարդիկ ընկերային էակներ են: Տեւական ընկերային մեկուսացումը կրնայ պատճառ դառնալ ընկճախտի, անձկութեան, հոգեկան տագնապի, որոնք բոլորն ալ բացասաբար կ՛ազդեն ուղեղի առողջութեան վրայ` պատճառելով ճանաչողական գործառոյթներու աւելի արավ անկում եւ մոլագարութեան աւելի բարձր հաւանականութիւն:
Ե.- Երկարատեւ Մութի Մէջ Մնալը
Բնական լոյսը, մասնաւորաբար առաւօտեան պայծառ լոյսի ազդեցութիւնը, կենսական նշանակութիւն ունի տրամադրութեան եւ ճանաչողական գործառոյթի կարգաւորման համար: Անոր պակասը նոյնպէս կը խաթարէ մելաթոնինի արտադրութիւնը` վատթարացնելով քունը, պատճառ դառնալով եղանակային անտրամադրութեան եւ կենսունակութեան նուազումի:
Այլ Սխալ Սովորութիւններ`
– Շաքարի կամ իւղի չափազանց սպառումը:
– Անընդհատ բացասական լուրերու հետեւիլը:
– Շատ բարձր երաժշտութիւն լսելը:
– Ծխելը:
– Ալքոլ եւ թմրանիւթեր գործածելը:
– Ապականած միջավայրի մէջ ապրիլը:
– Նախաճաշէ հրաժարիլը:
Խոհագիր
Սխտորով
Եւ Խնկունիով Հաց
– 2 1/2 գաւաթ ալիւր
– 1 թէյի դգալ աղ
– 1 թէյի դգալ շաքար
– 2 ապուրի դգալ թթխմոր
– 1 գաւաթ գաղջ ջուր
– 3 պճեղ մանրուած սխտոր
– 1 ապուրի դգալ թարմ, կտրատուած խնկունի
– 2 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
Պատրաստութիւն
Խորունկ ամանի մը մէջ խառնել ալիւրը, շաքարը, աղը, թթխմորը, սխտորն ու խնկունին:
Աւելցնել տաք ջուրը եւ շաղել, մինչեւ որ կպչուն խմոր մը ստացուի:
Մաքուր սրբիչով մը ծածկել ամանը եւ ձգել, որ խմորը հանգչի սենեակի ջերմաստիճանով` 40-45 վայրկեան, ապա խմորին երեսը թեթեւակի ալիւր ցանել, երկարաւուն – կլոր ձեւ տալ եւ փոխադրել մոմ թուղթով ծածկուած մակերեսի վրայ:
Դանակով խմորի երեսին գիծեր ձեւաւորել, ձիթապտուղի ձէթով ծեփել եւ նախապէս տաքցուած փուռին մէջ թխել 25-30 վայրկեան` 200 ջերմաստիճան տաքութեամբ:
Գիտէ՞ք, Թէ…
– Հին ժամանակ եգիպտացիները, յոյներն ու հռոմէացիները խնկունին կը համարէին սրբազան: Զայն կ՛օգտագործէին հոգեւոր ծէսերու, յիշողութեան բարելաւման եւ բուժական նպատակներով: Այսօր խնկունին տարածուած է ամբողջ աշխարհի մէջ, ոչ միայն որպէս խոհարարական խոտաբոյս, այլ նաեւ արոմաթերափիի` մորթի խնամքի եւ բուսական բժշկութեան մէջ:
– Անուշաբոյր խնկունին ունի գիտականօրէն հիմնաւորուած բազմաթիւ առողջական օգուտներ, եւ այսպէս`
ա.- Կը բարելաւէ յիշողութիւնն ու կեդրոնացումը:
բ.- Հակաբորբոքային ազդու միջոց է:
գ.- Կը կարգաւորէ մարսողութիւնը:
դ.- Կրնայ կանխել քաղցկեղի բջիջներու, մասնաւորապէս կրծքագեղձի եւ հաստ աղիքի բջիջներու աճը:
ե.- Կ՛ամրապնդէ դիմադրողականութեան համակարգը:
զ.- Կը խթանէ մազերու աճը:
է.- Կը հաւասարակշռէ արեան մէջ շաքարի մակարդակը:
ը.- Կը բարելաւէ աչքերուն առողջութիւնը:
թ.- Կը պաշտպանէ որոշ տեսակի վարակներէ:
ժ.- Կ՛ապահովէ մորթին առողջութիւնը:
***
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Լեռ բարձրանալիս,
Նստել եմ քարին հանգստանալու.
Ասում են`
«Մեռա՜ւ,
Էլ չի բարձրանայ…»
Յիմարնե՜ր,
Դադար չի առնում միայն
Լերան գագաթից գլորուող քա՜րը:
ԳԷՈՐԳ ԷՄԻՆ
