Գրկախառնութիւնները Օգտակար Են Առողջութեան – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Գրկախառնութիւնները միայն սիրահարներուն համար չեն: Մենք կը գրկենք մեր երեխաները, մեր ծնողները, մեր ընկերները, մեր ընտանի կենդանիները: Այս քնքուշ արարքը գոյութիւն ունի բոլոր մշակոյթներուն մէջ, եւ ասիկա պատահական չէ: Հպումը մեր ուղեղին կը փոխանցէ ապահովութեան զգացում:

Գրկախառնութիւնը շատ աւելին է, քան պարզապէս սիրալիր արարք: Գրկախառնութեան ժամանակ մեր մարմինը կ՛արձագանգէ. ան կը խթանէ արձակումը Oքսիթոսին հորմոնին, որ ծանօթ է որպէս «երջանկութեան հորմոն» կամ «կապի հորմոն»:

Հոգեբաններու կարծիքով գրկախառնութիւն մը  կրնայ իսկապէս փոխել ամբողջ օրը: Քանի մը վայրկեանի ընթացքին ան բարեկեցութեան եւ յարմարաւէտութեան զգացողութիւն կը հաղորդէ: Անոր շնորհիւ`

– Մենք սէր եւ աջակցութիւն կը զգաք:
– Անվտանգութեան զգացում կ՛ապրինք:
– Նուազ միայնակ եւ առաւել շրջապատուած կը զգանք:
– Դժուար պահերուն մխիթարութիւն կ՛ունենանք:

Հոգեվերլուծաբաններու կարծիքով, գրկախառնութիւնները կ՛օգնեն նուազեցնելու ընկճախտը եւ նոյնիսկ իջեցնելու արեան ճնշումը: Կարգ մը ուսումնասիրութիւններ կը վկայեն, որ մարդիկ, որոնք պարբերաբար գրկախառնութիւններ կը ստանան աւելի կայուն արեան ճնշում եւ զարկերակ ունին, քանի որ Օքսիթոսինը կ՛օգնէ նուազեցնելու ընկճախտը եւ թուլցնելու արեան անօթներն ու սիրտը:

Գրկախառնութիւնները կը զօրացնեն մեր դիմադրողական համակարգը. անոնք կ՛օգնեն մարմնին աւելի լաւ պաշտպանուելու վարակներէն: Անոնք կը խթանեն արտադրութիւնը արեան ճերմակ բջիջներուն, որոնք անհրաժեշտ են վարակներու եւ մանրէներու դէմ պայքարելու համար: Ասոնց իբրեւ արդիւնք աւելի քիչ կը հիւանդանանք եւ սովորաբար աւելի արագ կ՛ապաքինինք:

Հոգեվերլուծաբաններու կարծիքով գրկախառնութիւնները կը նպաստեն «անտորֆին»-ներու` բնական ցաւազերծողներու արտազատման: Անոնք կրնան օգնել թեթեւցնելու`

– Գլխացաւերը
– Մկանային ցաւերը
– Ջղաձգութեան ցաւերը

Ասոնք անշուշտ դեղամիջոցներ չեն, այլ բնական խթան` առանց կողմնակի ազդեցութիւններու:

Գրկախառնութիւնները նաեւ կը բարելաւեն քունի որակը: Անտորֆիններու արձակման խթանումը  կրնայ օգնել`

– Նուազեցնելու օրուան ընթացքին կուտակուած ընկճախտը
– Աւելին դիւրին եւ արագ քունի անցնելու
– Հանգստացած եւ աւելի լաւ տրամադրութեամբ արթննալու:

Վերջապէս` գրկախառնութիւնները կը սնուցեն յարաբերութիւնները: Անոնք կ՛օգնեն ստեղծելու աւելի ամուր կապեր, կառուցելու վստահութիւն եւ աւելի մտերմացնելու ուրիշներուն հետ:

Գրկախառնութիւնը պարզ, բայց հզօր միջոց է` «Ես այստեղ եմ քեզի համար» ըսելու, առանց բառ մ՛իսկ արտասանելու:

ՄայրԶաւակ Գրկախառնութեան
Անհրաժեշտութիւնը

Մանուկին կեանքին առաջին օրերն ու ամիսները շատ վճռորոշ են` անոր հետագայ զարգացման համար:

Մանկաբուժներու եւ հոգեբաններու կարծիքով մանուկին բնականոն զարգացման համար շատ կարեւոր է մօր սէրը, հոգատարութիւնը եւ գրկախառնութիւնները: Մանուկները լոյս աշխարհ գալով` անպաշտպան են եւ ոեւէ մէկը չունին` բացի մօրմէն:

Կեանքի առաջին օրերուն, ամիսներուն տակաւին լաւ զարգացած չեն մանուկին տեսողութիւնն ու լսողութիւնը. ա՛ն արտաքին աշխարհը կ՛ընկալէ զգայարաններու միջոցով` հոտարութիւն, շօշափելիք: Մօր արգանդին մէջ մանուկը  պաշտպանուած էր, հոն տաք էր եւ յարմարաւէտ: Ծնելէ ետք մանուկին կեանքը 180 աստիճանով կը փոխուի եւ միայն մօր գիրկին մէջ ան ինքզինք ապահով կը զգայ: Մօր հպումները, գրկախառնութիւնները մանուկին կը հաղորդեն, որ ինք պաշտպանուած է. իսկ այդպիսի ապահով միջավայրի մէջ ան կրնայ բացայայտել շրջակայ աշխարհը եւ մարդիկ:

Մասնագէտներու կարծիքով, մօր հետ գրկախառնութիւնը մանուկին մարմնին մէջ կը բարձրացնէ «անտորֆին» հորմոնի մակարդակը` «լաւ զգացողութիւն» փոխանցելով անոր:

Քանի Մը Տողով

 Առանց Գուլպայի Կօշիկ
Կրելը Լաւ Միտք Չէ

Ոտնայարդար-ոտնաբուժ Ֆապիէն Պէօզոնի կարծիքով`

– Առանց գուլպայի գոց կօշիկ կրելը կրնայ պատճառ դառնալ յանգեցնել բշտիկներու, ցաւոտ գրգռուածութեան եւ սնկային վարակներու յառաջացման` խոնաւութեան եւ տաքութեան պատճառով:

– Գուլպաները կարեւոր դեր կը խաղան` կլանելով քրտինքը, նուազեցնելով շփումը եւ սահմանափակելով տհաճ հոտը: Անոնք նաեւ կը պաշտպանեն մորթը գրգռուածութենէ եւ վարակէ:

– Անոնք, որոնք կը նախընտրեն «ոտաբոպիկ» տեսք, յանձնարարելի է, որ կրեն մինչեւ կոճերը հասնող կարճ գուլպաներ` ոտքերը պաշտպանելու եւ միեւնոյն ատեն աննկատ մնալու համար:

Ընթրելէն Անմիջապէս Ետք
Պէտք Չէ Քնանալ

Ուշ ատեն ընթրելը եւ անմիջապէս քնանալը տարածուած սովորութիւն է, յատկապէս աշխատանքային երկար օրէ մը ետք: Այնուամենայնիւ, ընթրիքէն անմիջապէս ետք քնանալը կրնայ խաթարել մարսողութիւնը եւ բացասաբար ազդել քունի որակին վրայ: Որքա՞ն պէտք է սպասել քնանալէ առաջ եւ ինչո՞ւ այս ուշացումը այդքան կարեւոր է, ըստ սննդաբան Նաթալի Սոմվիլի:

– Ընթրելէ ետք մարսողական համակարգը անմիջապէս աշխատելու կը սկսի: Ստամոքսը աւելի շատ ստամոքսաթթու կ՛արտադրէ եւ կը սկսի քայքայել սնունդը: Գործընթաց մը, որ կրնայ քանի մը ժամ տեւել:

– Իտէալական պարագային լաւագոյնն է ընթրիքի եւ քնանալու միջեւ 2-3 ժամ սպասել` մարսողութիւնը խթանելու եւ քունի որակը բարելաւելու համար: Այս ժամանակը զգալիօրէն կը նուազեցնէ այրուցքի, թթուածութեան անախորժ զգացումները եւ քունի խանգարումը:

– Խուսափիլ ընթրիքէն անմիջապէս ետք պառկելէ: Ընտրել նստած դիրք կամ 10-20 վայրկեան կարճ զբօսնել` մարսողութիւնը խթանելու եւ ծանրութեան զգացումը նուազեցնելու համար:

– Քնանալէ անմիջապէս առաջ անօթի զգալու պարագային անիմաստ է պարապ ստամոքսով քնանալը: Կարեւորը դիւրամարս բաներ ուտելն է, ինչպիսիք են պտուղ (նախընտրաբար պանան), պարզ մածուն, ափ մը նուշ, քոմփոթ (առանց աւելցուած շաքարի) եւ այլն…

Լոլիկը`
Կնճիռներու Դէմ

Այո, լոլիկը դրական ազդեցութիւն ունի մորթին առողջութեան վրայ: Ան յատկապէս հարուստ է հակաօքսիտաններով եւ կենսանիւթերով, մասնաւորաբար Սէ. կենսանիւթով եւ քարոթենոյտներով, որոնք կը խթանեն քոլլաժենի արտադրութիւնը, կը նուազեցնեն բորբոքումը եւ կը վերանորոգեն անդրմանիշակագոյն ճառագայթներէն վնասուած մորթը, օգնելով սահմանափակելու կնճիռները:

Լոլիկի հակակնճիռային յատկութիւններէն առաւելագոյնս օգտուելու համար յանձնարարելի է զայն օգտագործել հում` Սէ. կենսանիւթի պարունակութիւնը պահպանելու համար:

Որքան կարմիր է լոլիկը, այնքան աւելի հարուստ է քարոթենոյտներով: Հետեւաբար պէտք է խուսափիլ կանաչ կամ չհասած լոլիկներէն:

Նաեւ ինչո՞ւ չդիմել լոլիկով պատրաստուած դէմքի ծեփուկներուն, որոնք նոյնպէս կ՛ապահովեն մորթին առողջութիւնը եւ կը պայքարին կնճիռներուն դէմ:

Կէս լոլիկով եւ մէկ սուրճի դգալ մեղրով պատրաստուած ծեփուկը տարածել դէմքին եւ վիզին վրայ, սպասել 20 վայրկեան, ապա ցօղուել գաղջ ջուրով: Կրկնել շաբաթը 2 անգամ:

Եզրակացութիւն` լոլիկը առանձինը հրաշքներ պիտի չգործէ, սակայն նկատի ունենալով անոր հարուստ սննդական արժէքը կ՛արժէ զայն օրական եւ առատօրէն օգտագործել կերակուրներու, աղցաններուն, ապուրներու եւ թացաններուն պատրաստութեան մէջ:

4 Գեղեցիկ Բոյսեր, Զորս
Կրնաք Աճեցնել Ջուրի Մէջ

Թէեւ բոյսերը կը սիրէք, սակայն զանոնք խնամելու համբերութիւնն ու ժամանակը չունիք…

Բայց գիտէ՞ք, թէ բնութիւնը տուն բերելը այդքան ալ բարդ խնդիր չէ: Շատ մը բոյսեր կ՛աճին ու կը ծաղկին պարզապէս ջուրի մէջ. անոնք ոչ միայն հիանալի տեսք ունին, այլ նաեւ հողի մէջ ցանուած բոյսերուն չափ հոգատարութիւն չեն պահանջեր:

Ասիկա դիւրին եւ գործնական միջոց է ձեր տան սեղանին, պատուհանի եզրին կամ խոհանոցի դարանին կանաչ գոյն աւելցնելու եւ բնութիւնը տուն բերելու:

Ստորեւ` ջուրի մէջ աճող 4 գեղեցիկ բոյսերու նմուշներ:

Յաջող արդիւնքի համար

– Բոյսը զետեղել լուսաւոր անկիւն մը:
– Շաբաթական դրութեամբ փոխել ջուրը:
– Խուսափիլ շատ կիր պարունակող ջուրէն:

Խոհագիր

Դեղձով Կարկանդակ

Բաղադրիչներ

1 թէի գաւաթ մածուն
2 թէյի գաւաթ փոշի շաքար
3 թէյի գաւաթ ալիւր
կէս թէյի գաւաթ բուսական ձէթ
3 հաւկիթ
1 ապուրի դգալ թթխմոր
1 փոքրիկ ծրար վանիլլա
3 հասուն դեղձ կամ նեքթարին
Պտղունց մը աղ
1 թէյի դգալ կիտրոնի կեղեւի տաշուք

Պատրաստութիւն

Փուռը տաքցնել 180 ջերմաստիճանով:

Խորունկ ամանի մէջ լեցնել մածունը, աւելցնել հաւկիթները, շաքարը, կիտրոնի տաշուքը, վանիլլան, ապա խառնել մինչեւ միատարր զանգուած ստացուի: Զգուշօրէն աւելցնել մաղէ անցած ալիւրը, թթխմորը եւ աղը, ապա քիչ-քիչ ձէթը: Խմորը պէտք է ըլլայ փափուկ եւ հարթ:

Լուացուած եւ բարակ շերտուած դեղձերը աւելցնել խմորին, (քանի մը կտոր պահել երեսը ծածկելու համար) կրկին խառնել եւ լեցնել նախապէս կարագով ծեփուած կաղապարին մէջ: Երեսը աւելցնել մէկ կողմ դրուած դեղձի շերտերը եւ փուռ փոխադրել: Եփել մօտաւորապէս 35-40 վայրկեան:

*
*  *

Շաբթուան Մտածումը

«Կոտորել են ու կը կոտորեն, իմ մեղքը, մեր մեղքը… ո՞ր մեղքի համար են կոտորում…

… Մեծ է մեղքը Միրօ, առաւել ու առաւել մեծ: Հեղեղել են արիւնը մեր, աւերել են օճախը մեր, եւ վերջը ցեղիդ առաջնորդները թշնամու հետ սեղան են նստել:

Եւ հաւատացել ենք, հաւատացել ենք ու նորէն վերականգնել աւեր օճախը մեր, խաչակնքել օրօրոցը մեր եւ նորածինի ականջին մօտ կախել նոյն զանգը անուշաձայն, հաւատացել ենք եւ խաբուել, յետոյ շուտ մոռացել ու նորէն խաբուել ու նորէն պատժուել:

Դժուար ստեղծածը կորցրել ենք հանգիստ, կորցրել ենք եւ ապա հասկացել կորցրածի արժէքը եւ նորէն ու նորէն հաւատացել ենք, թէ կորցրածը վերջինն էր:

Մոռացկոտ ու միամիտ ենք, Միրօ:

ՄՈՒՇԵՂ ԳԱԼՇՈՅԵԱՆ

 

 

Leave a Comment