Առողջապահական. Մեզ Շրջապատող 7 Ամենաաղտոտ Իրերը

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Մաքուր եւ առողջ միջավայրի մէջ ապրելու համար կարեւոր է մաքրել եւ ախտահանել տան բոլոր իրերը:

Օրուան ընթացքին յաճախ կը շփուինք իրերու հետ, որոնք ոչ միայն մանրէի բոյն են, այլ նոյնիսկ աւելի աղտոտ, քան` արտաքնոցի աթոռը:

Հետազօտողներ կազմած են ցանկը այն 7 իրերուն, որոնք չափազանց աղտոտ են եւ հետեւողական մաքրութեան կը կարօտին: Եկէք` բացայայտենք զանոնք:

– 1 –
Բռնակներն Ու Անջատիչները

Լոյսի անջատիչները, պահարաններու, դռներու եւ սառնարանի բռնակները մանրէներու բազմացման վայրեր են, քանի որ մենք անդադար կը դպչինք անոնց: Հետեւաբար պէտք է յաճախակի մաքրել զանոնք արդիւնաւէտ ախտահանիչով:

– 2
Հեռակառավարման Վահանակը

Քանի՞ հոգի ձեռքերը կը լուայ նախքան այս իրը օգտագործելը: Ան ձեռքէ ձեռք կ՛անցնի եւ զարմանալի չէ, որ մանրէներու իսկական բոյն է:

Պէտք է օրակա՛ն եւ լաւ ախտահանիչով մանրակրկիտ մաքրենք զայն: Կոճակներուն միջեւ մնացած աղտը մաքրելու համար օգտագործենք ալքոլի մէջ թրջուած բամպակեայ փայտիկները:

– 3 –
Բջիջային Հեռախօսը  

Մենք զայն անդադար մեր ձեռքերուն մէջ կը պահենք, բայց, ինչպէս հեռակառավարման վահանակը կամ համակարգիչի ստեղնաշարը, բաւարար չենք մաքրեր զայն:

Հետազօտութիւն մը հաստատած է, որ բջիջային հեռախօս մը աւելի աղտոտ է, քան` մեր կօշիկին ներբանը… Ախտահան անձեռոցիկը լաւագոյն միջոցն է զայն մանրէազերծելու համար:

– 4 –
Խոհանոցային Սպունգը

Անկասկած ան մեր խոհանոցի ամենաաղտոտ իրն է: Գերմանացի մանրէաբաններու համաձայն, սպունգի իւրաքանչիւր խորանարդ սանթիմեթր շուրջ 118 մանրէ կը պարունակէ` 73 տարբեր ընտանիքներէ: Մանրէներու բազմացումը կանխելու համար իւրաքանչիւր օգտագործումէ ետք պէտք է ամուր քամենք զայն եւ շաբաթը 2 անգամ լուանք 60 ջերմաստիճանով. նաեւ յանձնարարելի է, որ շաբաթական դրութեամբ հինը նորով մը փոխարինենք:

– 5 –
Ակռայի Խոզանակը

Ան մանրէներու բազմացման իսկական միջավայր է: Մանրէներու բազմացումը կանխելու համար զայն լաւ պէտք է լուանք իւրաքանչիւր օգտագործումէ ետք. կարելի է պարբերաբար զայն մաքրել սոտայով:

Մասնագէտներ կը յանձնարարեն ակռայի խոզանակը 2 ամիսը անգամ մը նորով մը փոխարինել, անկախ անկէ, որ մազիկները մաշած են, թէ ոչ:

– 6 –
Համակարգիչին Ստեղնաշարը

Հետազօտութիւններ կը վկայեն, որ մեր համակարգիչին ստեղնաշարը աւելի մանրէ կը պարունակէ, քան` բաղնիքի աթոռը: 2007-ին Ուաշինկթընի դպրոցներէն մէկուն մէջ աւելի քան 100 աշակերտ աղիքային կրիփէ վարակուած էր համակարգիչներու ստեղնաշարներուն միջոցով: Թելադրելի է շաբաթական դրութեամբ մեր համակարգիչին ստեղնաշարը մաքրել ախտահանող թաց անձեռոցիկով:

– 7 –
Մանրելու Տախտակը

Արիզոնայի համալսարանի հետազօտողներուն համաձայն, խոհանոցը օգտագործուող մանրելու տախտակը 200 անգամ աւելի մանրէ կը պարունակէ, քան` արտաքնոցի աթոռը:

Զայն մաքրենք աղով եւ կիտրոնի շերտով կամ ջուրի մէջ լուծուած «Օ տը Ժաւել»-ով: Տախտակը երբեք խոնաւ չպահենք եւ յաճախ արեւին պարզենք: Նաեւ ունենանք առնուազն 2 տախտակ, մէկը մսեղէնի, իսկ միւսը` բանջարեղէններուն համար:

* * *

Բացի այս 7 ամենաաղտոտ իրերէն` մանրէաբաններու ցանկին վրայ են նաեւ`

– Կանացի ձեռքի պայուսակը,
– Գորգը,
– Արտաքնոցին աթոռը,
– Թղթադրամը,
– Բարձը,
– Ակնոցը,
– Բանալեկալը:

Սննդագիտական

 Ճիշդ Եւ Սխալ Կարծիքներ`
Սարտինին Մասին

Սննդաբաններու կարծիքով, սարտինները (աղկեր) իսկական սննդային հրաշք են. անոնք հարուստ են` Տէ. կենսանիւթով, երկաթով, օմեկա-3 ճարպաթթուներով, Պէ. խումբի կենսանիւթերով, ֆոսֆորով եւ կիրով. հետեւաբար խիստ թելադրելի է սարտին ուտել շաբաթը առնուազն մէկ անգամ, եթէ հակացուցուած չէ:

Կան ճիշդ եւ սխալ կարծիքներ սարտինին մասին. ծանօթանանք մէկ քանիին` ճիշդը սխալէն տարբերելու համար:

ՃԻՇԴ Է այն կարծիքը, որ սարտինը «իւղոտ» ձուկ է, սակայն այդ իւղերը հիմնականին մէջ օմեկա-3 ճարպաթթուներ են, որոնք կը նպաստեն` սրտանօթային առողջութեան, ուղեղի պատշաճ գործունէութեան, որոշ բորբոքումներու նուազեցման:

***

ՍԽԱԼ Է այն կարծիքը, թէ պահածոյ սարտինները կը կորսնցնեն իրենց սննդային յատկութիւնները: Թարմ եւ պահածոյ սարտինները գրեթէ նոյն սննդական արժէքը ունին: Միակ տարբերութիւնը կը վերաբերի պահածոյի պարագային օգտագործուած ձէթին կամ թացանին, որ կրնայ աւելցնել իւղի կամ աղի պարունակութիւնը:

***

ՍԽԱԼ Է այն կարծիքը, թէ սարտինները շատ սնդիկ կը պարունակեն: Գիտականօրէն փաստուած է, որ ի տարբերութիւն որոշ մեծ ձուկերու` սարտինները աւելի քիչ ծանր մետաղներ կը կուտակեն, քան` մեծ ձուկերը, եւ այս իսկ պատճառով խորհուրդ կը տրուի զանոնք ներառել հաւասարակշռուած սննդակարգի մէջ:

***

ՍԽԱԼ Է այն կարծիքը, թէ սարտինները շատ ջերմուժ կը պարունակեն: Սարտինները իւղոտ ձուկեր են, սակայն` ընդունելի ջերմուժով: Ինչպէս շատ մը սննդամթերքներու պարագային, շատ բան կախեալ է պատրաստութեան ձեւէն:

***

ՃԻՇԴ Է այն կարծիքը, թէ սարտինները խնայողական ձուկեր են. յաճախ շատ աւելի աժան ու մատչելի, քան` մնացեալները:

Սարտինները յանձնարարելի են արեան տկարութիւն ունեցողներուն, օսթեոփորոզէ կամ սրտանօթային հիւանդութիւններէ տառապողներուն, ինչպէս նաեւ` յղի եւ կուրծքով կերակրող կիներուն:

Խոհագիր

 Խրթխրթան Դդումի Շերտեր

Բաղադրիչներ`

 3-4 մեծ դդում` կլոր շերտուած
կէս գաւաթ քերոցէ անցած փարմըզան պանիր
Կէս գաւաթ փոշի կսկուծ
1 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
1 հաւկիթ
Կէս թէյի դգալ փոշի սխտոր
Քառորդ թէյի դգալ կարմիր կծու պղպեղ
Քառորդ թէյի դգալ աղ
Քառորդ թէյի դգալ սեւ պղպեղ
Կէս թէյի դգալ խնկածաղիկ

Պատրաստութիւն`

Փուռը նախապէս տաքցնել 220 ջերմաստիճանով:

Խորունկ ամանի մը մէջ խառնել պանիրը, փոշի կսկուծը, սխտորի փոշին եւ մնացեալ համեմները:

Երկրորդ փոս ամանի մը մէջ հարել հաւկիթը:

Դդումի կլոր շերտերը ցամքեցնել թուղթէ թաշկինակի վրայ. իւրաքանչիւր շերտ նախ թաթխել հարած հաւկիթին մէջ, ապա` փոշի կսկուծով խառնուրդին մէջ: Շերտերը շարել ձիթապտուղի ձէթով ծեփուած ափսէի մէջ եւ եփել շուրջ 20 վայրկեան, մինչեւ որ ոսկեգոյն եւ խրթխրթան դառնան:

Մատուցման պահուն զարդարել մանրուած ազատքեղով:

***

Այս բաղադրատոմսը հարուստ է սննդարար նիւթերով: Դդումը կը պարունակէ Ա. եւ Սէ. կենսանիւթեր եւ կիր: Դդումը նաեւ քիչ ջերմուժ պարունակելու առաւելութիւնը ունի:

Փարմըզան պանիրը սպիտակուց եւ կիր կը պարունակէ. երկուքն ալ կը նպաստեն ոսկորներու առողջութեան:

Դդումը նաեւ մանրաթել կը պարունակէ, ինչ որ կը նպաստէ առողջ մարսողութեան:

*
*  *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

 Անձկութիւն

Կարօտը չէր ետիս ձգած քաղաքիս
Ու սէրը չէր ծովին, հովին. վախը չէր
Անծանօթին, որ կը ճզմէր իմ հոգիս,
Ափի մը դէմ երբ կանգ կ՛առնէր նաւը մեր:

Այլ երթալու մեծ սարսուռին պակասն էր
Որ կ՛ընէր զիս յանկարծ թշուառ, կը բանար
Մէջս պարապ մ՛երբ նոր երկրին առջեւ` մեր
Նաւուն խարիսխը կը քակուէր յամրաբար:

Արկածներու սպառնալիքն էր այդ պերճ
Որ կը պակսէր. հասնելու ցաւն էր, նման
Անոր, որ լեռն իր ոտքին տալէ վերջ,
Տխուր` կ՛առնէ վերադարձի իր ճամբան:

ՆԻԿՈՂՈՍ ՍԱՐԱՖԵԱՆ

 

 

Leave a Comment