Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Հայկական մանրանկարներուն մէջ կապոյտը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունէր. ան յաճախ կը խորհրդանշէր երկինքը, հոգեւոր աշխարհը եւ աստուածային ներկայութիւնը` պատկերներուն հաղորդելով խորութիւն եւ վեհութիւն:
Ամենաարժէքաւոր կապոյտ երանգներէն մէկը կը ստացուէր լազուարթէն` հազուագիւտ թանկարժէք քարէն: Այս հանքանիւթը Հայաստան կը հասնէր հեռաւոր երկիրներէ` առեւտրական ճանապարհներով եւ կը համարուէր միջնադարեան աշխարհի ամենաթանկ բնական գունանիւթերէն մէկը:
Լազուարթէն պատրաստուած կապոյտը մեծ խնամքով կ՛օգտագործուէր յատկապէս կարեւոր պատկերներու, երկինքի եւ առանձին նախշազարդերու համար: Ան յաճախ կը զուգորդուէր ոսկեզօծման` հետ ստեղծելով արտայայտիչ եւ հանդիսաւոր գունային ներդաշնակութիւն:
Ձեռագիրներուն մէջ կապոյտի կիրարկումը կը վկայէր նկարիչին բարձր վարպետութիւնը, ինչպէս նաեւ` ձեռագիրի արժէքին եւ պատուիրատուի հնարաւորութիւններուն մասին: Այդ պատճառով ալ իւրաքանչիւր մանրանկար ոչ միայն արուեստի գործ էր, այլեւ` իր ժամանակի մշակութային եւ պատմական արժէքներու արտացոլացումը:
Աղբիւր` «Հայկական Մանրանկարչութիւն»
Մանկական Հոգեբանին Կարծիքով
Շշուկով Խօսիլը
Աւելի Արդիւնաւէտ Է
Երբ երեխան չի լսեր, չի հնազանդիր, բնական հակազդեցութիւն է պոռալը: Բայց գիտէ՞ք, թէ շշուկը աւելի արդիւնաւէտ է, քան` գոռալը:
Մոնթեսորի մեթոտի փորձը ցոյց կու տայ, որ բարձր ձայնը երեխայի ուղեղին կողմէ կ՛ընկալուի որպէս սպառնալիք, մինչդեռ հանդարտ խօսքը ուշադրութիւնը կը գրաւէ եւ հետաքրքրութիւն կ՛առաջացնէ:
Երեխաները կը սկսին ուշադիր լսել, երբ մեծերը կ՛իջեցնեն իրենց ձայնաստիճանը: Փորձեցէք լարուած պահերուն ոչ թէ բարձրացնել, այլ իջեցնել ձայնը` հնարաւորինս հանդարտ մակարդակի: Խօսեցէք դանդաղ եւ յստակ` նայելով երեխային աչքերուն մէջ:
Այսպիսի վարքագիծը երեխային մէջ ապահովութեան զգացում կ՛արթնցնէ եւ կ՛օգնէ արագ յաղթահարելու իր յոյզերը:
Յիշեցէք, որ ձայներանգը յաճախ աւելի ազդու է, քան` բառերը: Եթէ կ՛ուզէք, որ ձեր երեխան լսէ ձեզ ու հնազանդի, պոռալու փոխարէն` անոր հետ խօսեցէք թէկուզ խիստ, սակայն` ցած ձայնով, յարգանքով եւ ձեր պահանջը յստակ ձեւակերպելով: Այսպէ՛ս միայն կրնաք ձեր նպատակին հասնիլ:
Սննդագիտական
Սնունդի Ազդեցութիւնը
Մեր Տրամադրութեան Վրայ
Յաճախ կ՛ըսուի, թէ մենք այն ենք, ինչ կ՛ուտենք: Այո՛, մեր ընտրած սնունդը անմիջական ազդեցութիւն ունի ոչ միայն մեր ֆիզիքական առողջութեան, այլեւ` մեր հոգեկան առողջութեան վրայ: Օրինակ` Օմեկա-3 ճարպաթթուներով հարուստ սնունդը, ինչպիսին է սաղմոնը, եւ հակաօքսիտաններ պարունակող սնունդը, ինչպիսիք են հատապտուղները, յայտնի են տրամադրութիւնը բարելաւելու իրենց յատկութեամբ: Եւ հակառակը, շաքարի եւ յագեցած ճարպերու չափէն աւելի օգտագործումը կրնայ յանգեցնել յուզական տատանումներու եւ յոգնածութեան զգացողութեան:
Ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, որ միջերկրածովեան սննդակարգը, որ հարուստ է պտուղով, բանջարեղէնով, ձուկով եւ ձիթապտուղի ձէթով, կարեւոր դեր կը խաղայ տրամադրութեան կարգաւորման մէջ:
Սնունդ` Ըստ Տրամադրութեան
Փորձագէտներու կարծիքով, իւրաքանչիւր տրամադրութեան տեսակ ունի իրեն համապատասխան սնունդ` զայն բարելաւելու համար. եւ այսպէս
– ՏԽՐՈՒԹԻՒՆ-ը փարատելու համար տուրմ ուտել: Քաքաոն կը բարձրացնէ սերոթոնինը (երջանկութեան հորմոնը), որ կարեւոր դեր կը խաղայ տրամադրութեան կարգաւորման մէջ: Ան կ՛օգնէ մեզի զգալու երջանիկ եւ հանգիստ:
– ԱՆՁԿՈՒԹԻՒՆ-ը փարատելու համար երիցուկի (camomille) թէյ խմել: Երիցուկը կը հանգստացնէ ջղային համարկարգը եւ կը թեթեւցնէ մտահոգութիւնը:
– ՅՈԳՆԱԾՈՒԹԻՒՆ-ը փարատելու համար պանան ուտել: Փոթասիոմով, մակնեզիոմով եւ Պէ. խումբի կենսանիւթերով հարուստ պանանը կը պայքարի ֆիզիքական եւ մտաւոր յոգնածութեան դէմ:
– ԸՆԿՃԱԽՏ-ը փարատելու համար աւոքատօ ուտել: Մակնեզիոմով հարուստ աւոքատոն կ՛օգնէ ջղային համակարգի թուլացման: Նոյն նպատակով կարելի է ուտել նաեւ` սեւ տուրմ, իւղոտ ձուկեր, չիրեր, ընկուզեղէն…
– ԳՐԳՌՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ-ը մեղմելու համար ընկոյզ ուտել: Ան հարուստ է Օմեկա-3-ով եւ հանքայիններով, որոնք կը կարգաւորեն յուզական հաւասարակշռութիւնը:
– ԿԵԴՐՈՆԱՑՈՒՄ-ի նուազումը դարմանելու համար հատապտուղներ ուտել, ինչպէս նաեւ` ընկուզեղէն, կանաչ բանջարեղէն, իւղոտ ձուկեր, ամբողջական հացահատիկներ… բոլորն ալ կը խթանեն ուղեղին աշխատանքը եւ կը նպաստեն կեդրոնացումին:
– ԿՈՐՈՎ-ի անկումը դարմանելու համար կանաչ տերեւով բոյսեր եւ յատկապէս շոմին ուտել: Կենսանիւթերով եւ հանքայիններով հարուստ շոմինը կը նուազեցնէ յոգնածութիւնը, ընկճախտը եւ աստիճանաբար կը բարձրացնէ կորովը:
– ԱՆՔՆՈՒԹԻՒՆ-ը դարմանելու համար կաթ խմել: Թրիփթոֆան պարունակող կաթը կ՛օգնէ կարգաւորելու քունը եւ բարելաւելու անոր որակը:
Կ՛արժէ մտածել…
Ազդանշաններ, Որոնք Կը Վկայեն
Ջուրի Պակասը Մեր Մարմնին Մէջ
Ամրան տաք օրերուն յանձնարարելի է առատ ջուր խմել, որ մէզի եւ քրտնարտադրութեան միջոցով մենք ջուր եւ մարմնին պատշաճ գործունէութեան համար անհրաժեշտ որոշ հանքայիններ կը կորսնցնենք: Եթէ այս կորուստը չփոխհատուցուի, ջրազրկումը աստիճանաբար իր բացասական ազդեցութիւնները կը գործէ:
Ամրան տաք օրերուն պէտք չէ սպասենք մինչեւ խիստ ծարաւ զգալը, որպէսզի ջուր խմենք: Ծարաւը արդէն նշան է, որ մեր մարմինը սկսած է ջրազրկուելու:
* * *
Ընդհանուր առմամբ, թելադրելի է 1,5 – 2 լիթր ջուր խմել: Սակայն շատ տաք օրերուն անհրաժեշտութիւնը կրնայ աւելնալ, եթէ շատ քրտնող ենք, յաճախ դուրսերն ենք կամ մարզանքով կը զբաղինք: Լաւ գաղափար է ջուրի շիշ ունենալը եւ կէս ժամը անգամ մը քանի մը ումպ խմելը:
Մարմնի ջրազրկումը կը դրսեւորումի հետեւեալ ախտանշաններով.
– Ծայրահեղ յոգնածութիւն
– Բերնի չորացում
– Մութ գոյնի մէզ
– Գլխացաւ
– Գլխապտոյտ
– Թուլութեան զգացում
– Կեդրոնանալու դժուարութիւն
– Մորթի չորացում
– Պնդութիւն
* * *
Օրուան ընթացքին խմելու լաւագոյն ժամերն են`
– Արթննալէ անմիջապէս ետք
– Տունէն դուրս ելլելէ առաջ
– Նախքան ծարաւ զգալը
– Մարզանքէն անմիջապէս ետք
Ջուրը լաւագոյն ընտրութիւնն է մարմինը ջրազրկումէ պաշտպանելու համար. եթէ ջուրի սիրահար չենք, կրնանք զայն համեմել հետեւեալ տարբերակներով.
Ա – Ջուր + կիտրոն + անանուխ
Բ – Ջուր + վարունգ + կիտրոնի շերտ
Գ – Ջուր + ռեհան – ելակ
Դ – Ջուր + ձմերուկ + անանուխ
Պէտք է ամէն գնով հրաժարիլ շուկան վաճառուող պտուղի հիւթերէն, նոյնիսկ` թարմ քամուած տարբերակներէն, քանի որ մեծ քանակութեամբ շաքար կը պարունակեն:
Յիշենք, որ ալքոլ պարունակող խմիչքները եւ սուրճը կրնան նպաստել ջրազրկման, եթէ չչափաւորենք անոնց օգտագործումը:
Խոհագիր
Շերտաւոր Խմորով
Նախուտեստ
– 1 ծրար շերտաւոր խմոր
– Կէս քիլօ կովու յօշուած միս
– 1 սոխ` մանր մանրուած
– 1 կապոց մանրուած ազատքեղ
– 3-5 պճեղ սխտոր մանր մանրուած (սխտորին քանակը ըստ ճաշակի)
– 1 թէյի դգալ քաղցր կարմիր պղպեղ
– Կէս թէյի դգալ սեւ պղպեղ
– 1 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
– Կտոր մը հալած կարագ` երեսը ծեփելու համար
– Աղ
Պատրաստութիւն
Շերտաւոր խմորը գրտնակել` համեմատաբար բարակ շերտ մը ստանալու համար:
Ամանի մը մէջ խառնել` յօշուած միսը, սոխը, ազատքեղը, սխտորը, համեմներն ու ձիթապտուղի ձէթը: Ստացուած խառնուրդը հաւասարաչափ տարածել խմորին վրայ:
Խմորը գլանաձեւ, խիտ փաթթել եւ ապա 2 մատ լայնքով կլոր կտրատել: Իւրաքանչիւր կտորը թեթեւակի հարթեցնել եւ ապա տեղափոխել փուռի ափսէին մէջ: Հալած կարագով ծեփել իւրաքանչիւրին երեսը եւ թխել 180 ջերմաստիճանով 25-30 վայրկեան` մինչեւ ոսկեգոյն դառնան:
Մատուցելէ առաջ ցօղել կիտրոնի հիւթով:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Ընկերներ ունէի ես,
Ընկերներ բակ ու թաղի,
Ընկերներ ամէն տեսակ,
Խենթութեան, խինդ ու խաղի…
Թաղի հետ քնում էինք,
Թաղի հետ զարթնում էինք,
Աղմուկով իրար գտնում
Եւ մի լուռ հառաչանքով
Իրարից զատւում էինք:
Մեզ համար քայլել չկար,
Երամով թռչում էինք,
Ինչ խօսել, ինչ շշնջալ,
Որոտում, ճչում էինք:
Եւ թէկուզ թաղը մեզնից
Օձիքը թափ էր տալիս,
Բայց էլի աչքի տակով
Նայում էր մեր խաղերին
Ու թաքուն ծափ էր տալիս:
Ինչ ասես` չէինք անում…
Քիւերին թառում էինք,
Նիզակով, պարսատիկով
Ծտերին վառում էինք:
Աքլորներ էինք լծում
Եւ ածուն վարում էինք…
Հաւասար կիսում էինք
Բաղարջի պատառն անգամ,
Թէ մի կերպ ճարում էիք:
Թէ մէկի ոտքը ճամբին
Պատահմամբ փուշ էր մտնում,
Աշխարհը շուռ էր գալիս,
Բոլորիս գլխին մթնում:
Թէ մէկիս տատը յանկարծ
Վտանգի հոտ էր առնում,
Ա՛խ, նրա փէշը ծալ-ծալ
Բոլորիս համար բացւում,
Ճտերին պաշտպան կանգնած
Թխսամօր թեւ էր դառնում…
Ա՜խ, ձեզ ուր փնտռեմ հիմա,
Ընկերնե՛ր բակ ու թաղի,
Ընկերնե՛ր խենթ ու խելօք,
Ընկերնե՛ր խինդ ու խաղի…
ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ
