Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Ըստ կենցաղավարութեան, ճաշի աւարտին հիւրը սեղանը չի հաւաքեր: Ատիկա տանտիրուհիին կամ սպասարկող-անձնակազմին (եթէ կայ) գործն է: Երբեմն մենք անկեղծ կ՛ուզենք օգնել, բայց խորքին մէջ կրնանք տանտիրուհին անյարմար վիճակի մէջ դնել, թերեւս ան չ՛ուզեր, որ ոեւէ մէկը տեսնէ իր խոհանոցին վիճակը: Անշուշտ կան բացառութիւններ, եթէ ընտանեկան մտերմիկ միջավայր է, եւ տանտիրուհին ի՛նք կը խնդրէ օգնել. այդ պարագային կարելի է օգնել: Սակայն նախաձեռնութիւնը թող միշտ գայ տանտիրուհիէն:
***
Եթէ դուք կը հեռաձայնէք, եւ ձեզի չպատասխանեն մինչեւ չորրորդ զանգ, չորրորդ զանգէն ետք ընդհատեցէք հեռախօսը: Հոս կայ երկու տարբերակ` կա՛մ անձը չ՛ուզեր պատասխանել, կա՛մ անոր այդ պահուն յարմար չէ խօսիլ: Հեռախօսին զանգը անվերջ պահելը անիմաստ է: Փորձեցէք աւելի ուշ կամ` սպասեցէք, որ ան հեռաձայնէ ձեզի:
***
Երբեք մի՛ ստիպէք ձեր հիւրը ուտելու այս կամ այն ուտեստը կամ խմելու որեւէ խմիչք, որովհետեւ ան կրնայ հազար պատճառ ունենալ այդ խմիչքը կամ ուտեստը չփորձելու կամ չսպառելու, թերեւս առողջական խնդիրներ, որոնց մասին չ՛ուզեր բարձրաձայնել:
***
Եթէ ձեզ ճաշի հրաւիրած են, կարելի չէ նշուած ժամանակէն առաջ երթալ, որովհետեւ տանտիրուհին կրնայ տակաւին պատրաստ չըլլալ ձեզ դիմաւորելու: Իսկ ուշանալ` կարելի է, բայց ոչ քառորդ ժամէն աւելի: Այլապէս պէտք է հեռաձայնել եւ տեղեակ պահել ուշացումին մասին:
***
Հարցումներ, զորս բացարձակապէս կարելի չէ ուղղել մարդոց, նոյնիսկ եթէ շատ մտերմիկ յարաբերութիւննեու մէջ էք: «Իսկ ե՞րբ պիտի ամուսնանաս», «իսկ ե՞րբ զաւակ պիտի ունենաս»: Այս հարցումները կարելի չէ ուղղել նոյնիսկ ձեր մտերիմին, եթէ ան այդ մասին չ՛անդրադառնար:
***
Կարելի չէ հարսանիքի երթալ ճերմակ հագուստով. այդ օրը միայն հարսը ճերմակ հագուստ կը կրէ: Եւ կարելի չէ կրել այնպիսի հագուստ, որ շատ աւելի շքեղ ու աչքառու է, քան հարսինը: Պէտք է յարգել այս կանոնը: Չէ որ այդ օրը հարսին օրն է…
***
Երբ խմբային նկար նկարուած էք եւ կ՛ուզէք զայն տեղադրել Դիմատետրի կամ «Ինսթակրամ»-ի ձեր էջին վրայ, պէտք է անպայման նկարը ցոյց տալ բոլոր անոնց, որոնք նկարին մէջ կան. թերեւս անոնցմէ մէկը ինքզինք չի հաւնիր այդ նկարին մէջ: Ուրեմն, նկարը տեղադրելէ առաջ ստացէք բոլորին հաւանութիւնը:
Առողջապահական
Հիւանդութիւններ Եւ Առողջական
Բարդութիւններ Պատճառող Հագուստներ
Հագուստը ոչ միայն կ՛ազդէ արտաքին տեսքին վրայ, այլ նաեւ անոր ընտրութիւնը կրնայ բացասական անդրադարձ ունենալ առողջութեան վրայ:
Նեղ հագուստը, արհեստական (սենթեթիք) գործուածքէ պատրաստուած ներքնազգեստը եւ այլ նմանատիպ ընտրութիւններ կրնան յանգեցնել լուրջ բացասական առողջական հետեւանքներու: Հետեւաբար հագուստ ընտրելու ատեն պէտք է խուսափիլ որոշ սխալներէ:
Անյարմար Ներքնազգեստներ Կրելէ
Արհեստական, ոչ բամպակեայ գործուածքներէ պատրաստուած ներքնազգեստը յաճախ պատճառ կը դառնայ միզուղիներու վարակներու եւ սնկային վարակներու յառաջացման, քանի որ ան կը խանգարէ մորթին շնչառութիւնը եւ կը պահպանէ ջերմութիւնն ու խոնաւութիւնը սեռական օրկաններու հատուածին շուրջ: Հետեւաբար, երբ խօսքը կը վերաբերի ներքնազգեստին, միշտ նախապատուութիւնը պէտք է տալ բամպակեայ տարբերակին:
Նեղ Ճինզ Տաբատներ Կրելէ
Նեղ ճինզերը վնասակար են արեան շրջանառութեան համար: Չափազանց ճնշումը կը խոչընդոտէ արեան հոսքը եւ կրնայ յանգեցնել սրունքներու ծանրութեան, ծակծկոցի եւ թմրութեան: Աւելի՛ն. փորի եւ մէջքի վրայ ճնշումը բացասաբար կ՛ազդէ մարսողական համակարգին վրայ:
Անյարմար Կօշիկներ Կրելէ
Բարձրակրունկ, նեղ կամ տափակ ներբանով կօշիկները կրնան խոչընդոտել ոտքին մեքենական շարժումը: Չմոռնալ, որ ոչ որակեալ բարձրակրունկ կօշիկները, բացի մէջքի ցաւէ կրնան նաեւ ազդել մարմնի ուղիղ կեցուածքին վրայ:
Քիմիական Նիւթեր Պարունակող Գործուածքներէ
Հագուստը երբեմն կը պարունակէ քաղցկեղային քիմիական նիւթեր: Որոշ բաղադրիչներ կրնան գերզգայնութեան, քորի եւ բշտիկներու պատճառ դառնալ, ահա թէ ինչո՛ւ կարեւոր է լուալ շուկայէն բերուած նոր հագուստը` զայն կրելէ առաջ:
Ծանր Պայուսակներ Կրելէ
Կանացի խոշոր, ծանր պայուսակները ոչ միայն մկանային պրկում եւ ցաւ կը պատճառեն, այլ նաեւ կ՛ազդեն մարմնին ուղիղ կեցուածքին: Ցաւը կրնայ տարածուիլ մինչեւ վիզ, ծոծրակ, ուս եւ կռնակ: Հետեւաբար կարեւոր է հաւասարաչափ բաշխել ծանրութիւնը` երկու ուսերուն եւ պակսեցնել պայուսակին պարունակութիւնը:
Նեղ Կրծքալներ, Նեղ Գօտիներ
Նեղ կրծքալները, ներքնազգեստներն ու անյարմար գօտիները ցաւոտ ճնշումներ կը յառաջացնեն մարմնի որոշ հատուածներուն վրայ: Անոնք կը սեղմեն մկանները եւ կ՛ազդեն երակներուն եւ արեան շրջանառութեան վրայ:
Հետաքրքրական
Գոյներու Ազդեցութիւնը
Մեր Առողջութեան Վրայ
Քրոմոթերափին կամ գոյներու միջոցով բուժումը կ՛օգտագործուի բազմազան հիւանդութիւններու բուժման համար` ընկճախտէն մինչեւ աւելի ծանր բարդ խանգարումներ, ինչպիսիք են ծանր հոգեկան տագնապը կամ քրոնիք ցաւը: Հակառակ անոր որ գոյները բուժման համար օգտագործելու գաղափարը նոր չէ, բայց ան այսօր վերածնունդ կ՛ապրի` բարեկեցութեան վրայ անոր դրական եւ ամբողջական ազդեցութեան շնորհիւ:
Գիտնականներու կարծիքով, տեսողական աշխարհաընկալման մէջ գոյնը շատ կարեւոր դեր կը խաղայ: Գունային ճիշդ երանգները շատ լաւ կ՛ազդեն ջղային համակարգին վրայ, երբեմն նոյնիսկ աւելի լաւ, քան կարգ մը դեղեր:
Գիտնականները նաեւ ապացուցած են, որ որոշ գոյներու բացակայութիւնը գէշ կ՛ազդէ մարդոց հոգեվիճակին վրայ: Օրինակ` առողջ եւ ուրախ ապրելու համար անհրաժեշտ են վառ գոյները. այսպիսի գոյները մարդոց կու տան ստեղծագործական ուժ եւ կորով: Աշնան մարդիկ կը զգան «գունային պակաս», կանաչի բացակայութիւն… ընկճախտը, անքնութիւնը, քրոնիք յոգնածութիւնը կրնան հետեւանք ըլլալ որոշ գոյներու պակասի:
Քրոմոթերափիի համաձայն, իւրաքանչիւր գոյն ունի իւրայատուկ յատկութիւններ, որոնք անմիջականօրէն կ՛ազդեն մեր յոյզերուն, կորովին եւ նոյնիսկ մեր մարմնական գործառոյթներուն վրայ:
Այսպէս`
– ԿԱՐՄԻՐ-ը քրոմաթերափիի հզօրագոյն գոյներէն մէկն է: Կիրքի, կորովի եւ ջերմութեան խորհրդանիշ ըլլալով, ան կ՛օգտագործուի մարմինն ու միտքը խթանելու համար:
Կարմիրը կը բարելաւէ արեան շրջանառութիւնը, կը թեթեւցնէ յոգնածութիւնը, կը բարելաւէ սեռային կենսունակութիւնը: Ան քաջութեան, ոգեւորութեան եւ վճռականութեան գոյնն է:
– ԿԱՊՈՅՏ-ը հանգստութեան եւ անդորրութեան գոյնն է: Ան կը նուազեցնէ ընկճախտը, կը բարելաւէ քունը, կը կարգաւորէ արեան ճնշումը եւ կը ցաւազերծէ մկաններու եւ յօդերու ցաւերը:
– ԴԵՂԻՆ-ը կապուած է ուրախութեան, լոյսի եւ մտաւոր պայծառութեան հետ: Ան կը խթանէ կեդրոնացումը, կը բարելաւէ տրամադրութիւնը, կը բարձրացնէ ինքնավստահութիւնը եւ կը կարգաւորէ մարսողական համակարգը:
– ԿԱՆԱՉ-ը հաւասարակշռութեան եւ ներդաշնակութեան գոյնն է: Ան կ՛օգնէ գտնելու յուզական հաւասարակշռութիւնը, կ՛ամրապնդէ դիմադրողական համակարգը եւ կ՛օգնէ արագ ապաքինման:
– ՆԱՐՆՋԱԳՈՅՆ-ը կը համատեղէ կարմիր եւ դեղին գոյներու յատկութիւնները: Ան կը խթանէ ստեղծագործականութիւնը, կը բարձրացնէ կորովը, կը բարելաւէ ընկերային յարաբերութիւնները եւ կը պահպանէ մարսողական համակարգը:
– ՄԱՆԻՇԱԿԱԳՈՅՆ-ը կապուած է հոգեւորականութեան, խոկումի եւ իմաստութեան հետ: Ան կը նպաստէ ներքին հաւասարակշռութեան, կը բարելաւէ ուղեղին աշխատանքը եւ կը թեթեւցնէ ջղային լարուածութեան հետ կապուած գլխացաւը:
* * *
Անշուշտ քրոմոթերափին չի փախարիներ աւանդական բժշկական բուժումները, բայց ան կրնայ հզօր նեցուկ ըլլալ անոնց, որոնք կը ձգտին աւելի մեծ ներդաշնակութեան մէջ ապրիլ իրենց եւ իրենց շրջակայ միջավայրին հետ:
10 Խորհուրդ` Մանուկին Ինքնագնահատականը
Զարգացնելու Համար
1.- Արժեւորեցէք երեխային ճիգերը, եւ ոչ միայն արդիւնքները:
2.- Մեծ ուշադրութեամբ լսեցէք անոր իւրաքանչիւր խօսքը:
3.- Մանուկին վստահեցէք իր տարիքին համապատասխան պատասխանատուութիւններ:
4.- Մանուկին սխալները ընդունեցէք իբրեւ փորձառութիւններ:
5.- Հրաժարեցէք ձեր մանուկը պիտակաւորելէ կամ դատելէ:
6.- Գովեցէ՛ք երեխային նոյնիսկ ամէնէն փոքր յաջողութիւնը, ձեռքբերումը:
7.- Անվերապահօրէն սիրեցէք ձեր մանուկը իր առաւելութիւններով եւ թերութիւններով:
8.- Նեցուկ կանգնեցէք անոր հետաքրքրութիւններուն:
9.- Օգնեցէք մանուկին կառավարելու իր յուզումները:
10.- Հրաժարեցէք անոր սխալները մատնանշելէ` ուրիշներու ներկայութեան:
Խոհագիր
Խրթխրթան Սոխի Օղակներ
2 մեծ սոխ
Քառորդ գաւաթ ալիւր
2 հաւկիթ
Քառորդ գաւաթ փոշի կսկուծ
Բուսական ձէթ` տապկելու համար
Աղ, սեւ համեմ
Պատրաստութիւն
3 տարբեր ամաններու մէջ լեցնել ալիւրը, փոշի կսկուծը եւ հարած հաւկիթը: Հաւկիթը համեմել աղով եւ սեւ պղպեղով:
Սոխերը օղակաձեւ շերտել եւ թեթեւ համեմել աղով եւ պղպեղով: Օղակները նախ թաթխել ալիւրին մէջ, ապա հաւկիթին եւ վերջապէս` փոշի կսկուծին մէջ այնպէս մը, որ օղակները բոլոր կողմերով ծածկուած ըլլան առատ կսկուծով:
Բուսական ձէթը տաքցնել եւ սոխի օղակները տապկել` երկու երեսով, մինչեւ որ ոսկեգոյն դառնան: Կողքին մատուցել քեչափ, մայոնեզ կամ ձեր ճաշակին թացան մը:
- Յիշենք, որ բոլոր տեսակի սննդամթերքներու չափաւոր օգտագործումը առողջութեան պահպանման գրաւականն է:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Հա՛յր,
քեզ ու հայրենիքս
ես երբեք իրարից չեմ զատել…
Ինձ միշտ թուացել է, թէ
ես հայրենիք ունեմ,
որովհետեւ թոթովանքիս առաջին վայրկեանից քեզ
հայրիկ եմ ասել…
Չէ՞ որ հայրենիքը հայրերի երկիրն է,
ես ծնուել եմ քո՛ երկրում
քո՛ տանը,
քո սրտի համար…
Հիմա ես հեռւում եմ
հիմա մեզ կապող լարն
այնքան է նրբացել,
որ ես լարախաղացի ուշադրութեամբ եմ
խնամում այն…
Եւ ես մերժում եմ ընդունել,
որ երբեւէ լքել եմ հայրենիքս,
քանի որ
երբեք
քեզ լքած չկամ…
ԾՈՎ-ALIZÉ
