Նկարչութեան Առաւելութիւնները Հոգեկան Առողջութեան Համար

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Այսօրուան արագ զարգացող թուային աշխարհին մէջ մեր հոգեկան առողջութեան հոգ տանիլը դարձած է աւելի կարեւոր, քան` երբեւէ: Ընկճախտը, անհանգստութիւնը, գերյոգնածութիւնը այլեւս հազուադէպ երեւոյթներ չեն. ինչպէ՞ս պայքարիլ այս յուզական գերծանրաբեռնուածութեան դէմ: Հետաքրքրական է, որ ամենաարդիւնաւէտ գործիքներէն մէկը կրնայ ըլլալ այնքան պարզ եւ մատչելի բան մը` նկարչութիւնը:

Նկարչութիւնը միայն մասնագէտներուն համար չէ: Ան բնական, արտայայտիչ եւ բուժիչ գործընթաց է, որ ունի հանգստացնող ազդեցութիւն, կը մաքրէ միտքը եւ կը հանգստացնէ հոգին:

Բազմաթիւ հետազօտութիւններ կը վկայեն, որ խառն միտքերով եւ ալեկոծ հոգիով կարելի չէ հանդարտ մտածել ու հարցերուն ճիշդ լուծումներ գտնել: Նկարչութեան վերագրուած են բազմաթիւ առաւելութիւններ, ստորեւ մէկ քանին`

Ա – Նկարչութիւնը ինքնաբուժումի միջոց է, որ կը բարելաւէ յուզական բարեկեցութիւնը:
Բ – Արուեստի միջոցով նկարչութիւնը կը նուազեցնէ ընկճախտն ու հոգեկան տագնարը:
Գ – Նկարչութիւնը կ՛օգնէ ուշադրութեան կեդրոնացումին:
Դ – Նկարչութիւնը կը բարձրացնէ ինքնագնահատականը:
Ե – Նկարչութիւնը կը զարգացնէ երեւակայութիւնն ու ստեղծագործական հմտութիւնները:
Զ – Նկարչութիւնը լաւ տրամադրութիւն կը հաղորդէ. անհանգստութիւններ, վախեր, սահմանափակումներ եւ այլ բացասական զգացումներ նկարչութեան ընթացքին կը չքանան:

Հոգեկան անդորրութիւն ձեռք բերելու համար հոգեբուժի բազկաթոռի կարիք չկայ: Շատ յաճախ դատարկ էջ մը եւ մատիտ մը կրնան լուծել առօրեայ դժուարութիւնները: Կարեւորը հաւատալ եւ առաջին քայլը առնելն է:

Թէեւ գիտականօրէն փաստուած չէ, սակայն կարգ մը հոգեբաններու կարծիքով, իւրաքանչիւր հոգեվիճակ կամ դժուարութիւն ունի համապատասխան գծագրութիւն: Եւ այսպէս`

– Եթէ յոգնածութիւն կը զգաք, ծաղիկ գծեցէք:
– Բարկութեան պարագային` ուղղահայեաց եւ հորիզոնական գիծեր:
– Եթէ տխուր էք, ծիածան գծեցէք:
– Ճիշդ որոշում կայացնելու համար ալիքներ եւ շրջանակներ գծեցէք:
– Ցրուած միտքերը հաւաքելու համար քառակուսիներ գծեցէք:
– Իրադարձութիւնները յիշելու համար գունաւոր նախշեր գծեցէք:
– Ձեր զգացումներուն խորը թափանցելու համար ձեր դիմանկարը գծեցէք:
– Կարօտախտի պարագային լաբիւրինթոս գծեցէք:

Առողջապահական

 Ինչպէ՞ս Պակսեցնել
Աղի Սպառումը

Չափաւոր քանակութեամբ աղը կարեւոր դեր կը խաղայ մարմնին մէջ հեղուկներու հաւասարակշռութիւնը եւ ջղային համակարգը պահպանելու մէջ: Ան սոտիոմի աղբիւր է, որ կարեւոր է մկաններու կծկման եւ ջղային ազդակներու փոխանցման համար:

Միւս կողմէ` աղի չափէն աւելի օգտագործումը կրնայ բացասական ազդեցութիւն ունենալ առողջութեան վրայ, ինչպիսին է բարձր արեան ճնշումը, որ կը բարձրացնէ սրտի հիւանդութիւններու եւ կաթուածի հաւանականութիւնը: Աղին չարաշահումը կը վնասէ երիկամներուն, ոսկորներուն եւ այլն… Անոր չափազանցութիւնը նաեւ կրնայ բթացնել համային ընկալիչները` դժուարացնելով ուտելիքի բնական համերու ընկալումը, յանգեցնելով աղի օգտագործման կախուածութեան:

Ինչպէ՞ս պակսեցնել աղի սպառումը, ինչպէ՞ս օրական 5 կրամի սահմաններուն մէջ մնալ… Ահաւասիկ` քանի մը օգտակար թելադրանքներ.

– Հրաժարեցէք նախքան կերակուրը համտեսելը աղ աւելցնելէ: Վարժութիւն դարձուցէք բաւարարուիլ ձեզի մատուցուած կերակուրին աղի քանակով: Աղամանը վերջնականապէս հեռացուցէք ճաշի սեղանէն. զայն ձեռքի տակ ունենալով` փորձութիւնը աւելի մեծ պիտի ըլլայ:

* * *

– Հրաժարեցէք պահածոյ ուտելիքներէն, չիփսէն, պիստակեղէնէն, որոշ տեսակի պանիրներէն եւ խոզապուխտի տարբերակներէն, որոնք մեծ քանակութեամբ աղ կը պարունակեն:

Գնումի ընթացքին ուշադի՛ր կարդացէք պիտակները եւ ընտրեցէք քիչ sodium պարունակողները:

* * *

– Ուշադրութիւն դարձուցէք ձեր խմած ջուրին: Հանքային ջուրերուն մէկ կարեւոր մասը աղ կը պարունակէ: Ընտրեցէք քիչ աղ պարունակողները, իսկ եթէ ծորակէն հոսող ջուրը վստահելի է, անոր տուէք նախապատուութիւնը:

* * *

– Աղը փոխարինեցէք համեմներով. խոհանոցը ձեռքի տակ ունիք տասնեակ մը համեմի տեսակներ. զանոնք առատօրէն օգտագործեցէք ձեր կերակուրները համեմելու եւ աղին պակասը լրացնելու համար:

* * *

– Եթէ վերը նշուածներէն որեւէ մէկը չօգնեց, օգտագործեցէք «սուտ աղ»-երը, որոնք քիչ sodium կը պարունակեն:

* * *

– Աղի այլընտրանքներ

Աղի օգտագործումը նուազեցնելու համար կարելի է օգտագործել համեմունքներ եւ խոտաբոյսեր: Կիտրոնի հիւթը, սխտորը, ռեհանը, խնկունին հիանալի այլընտրանքներ են ուտելիքներու համը բարելաւելու համար` առանց աղի դիմելու:

Հին Խոհանոցային Իրերուն
Երկրորդ Կեանք Մը Տանք

Եթէ հին կամ անգործածելի խոհանոցային իրեր ունիք, նախքան զանոնք թափելը` մտածեցէք, որ արդեօք կարելի՞ է, անոնց երկրորդ կեանք մը տալ:

Ստորեւ կը ներկայացնենք խոհանոցային անգործածելի իրեր, որոնց շնորհիւ հնարամիտ մարդոց` վերածուած են պիտանի իրերու կամ տան յարդարանքի հետաքրքրական նմուշներու: Եւ այսպէս`

Ա – Հին թէյաման մը կարելի է վերածել ձեր պատշգամը զարդարող գեղեցիկ թաղարի մը:

Բ – Դգալ կամ պատառաքաղներ` գործնական կախիչներու:

Գ – Հին մաղ մը` Կաղանդի պատի յարդարանքի:

Դ – Հին սառցաման մը` կարի կամ գրենական պիտոյքներու դասաւորման տուփի:

Ե – Ձեռքի հարիչ մը` մոմակալի:

Զ – Փայտեայ դգալներ` գործնական կախիչներու:

Խոհագիր

Կիտրոնով Եւ Մածունով
Կարկանդակ

Բաղադրիչներ

– 2 գաւաթ մաղէ անցած ալիւր
– 2 թէյի դգալ պէյքինկ փաուտըր խմորիչ
– Կէս թէյի դգալ աղ
– 1 գաւաթ շաքար
– 1 գաւաթ մածուն (սենեակի ջերմաստիճանով)
– 3 հաւկիթ (սենեակի ջերմաստիճանով)
– Կէս գաւաթ բուսական ձէթ
– Վանիլլա
– 2 թէյի դգալ կիտրոնի կեղեւի տաշուք
– 1/3 գաւաթ կիտրոնի հիւթ

Կիտրոնի ծորի համար`

– Քառորդ գաւաթ շաքար
– Քառորդ գաւաթ կիտրոնի հիւթ

Պատրաստութիւն

Նախապէս տաքցնել փուռը 180 ջերմաստիճանով:

Իւղել եւ ալիւրով ծեփել կարկանդակի կաղապարը (9 x 5 ինչ):

Խառնել չոր բաղադրիչները: Երկրորդ ամանի մը մէջ ելեկտրական հարիչով հարել` շաքարը, կիտրոնի տաշուքը, հաւկիթները, ձէթը, մածունը, վանիլլան եւ կիտրոնի հիւթը, մինչեւ որ միատարր զանգուած մը ստացուի: Քիչ-քիչ աւելցնել չոր բաղադրիչները, 2-3 վայրկեան եւս հարել եւ խառնուրդը լեցնել կաղապարին մէջ: Եփել շուրջ 40-45 վայրկեան, ապա փուռէն հանել ու սպասել, որ պաղի:

Մինչ այդ պատրաստել կիտրոնով ծորը` կրակին վրայ եփելով շաքարն ու կիտրոնի հիւթը, մինչեւ որ շաքարը լուծուի:

Գաղջ կարկանդակին երեսը փայտեայ ցպիկով մը ծակծկել եւ խոհանոցի վրձինի մը օգնութեամբ վերոյիշեալ ծորը կարկանդակին մակերեսին քսել եւ ձգել, որ ամբողջութեամբ պաղի:

*
*  *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Եւ Քանի՜ Անգամ

Ինձ խօսք եմ տալիս`
Հոգով խաղաղուել ու սրտով պաղել,
Էլ չխռովուել,
Էլ չպղտորուել.
Ի՞նձ ինչ, թէ դրսում կարկուտ է գալիս,
Ի՞նձ ինչ, թէ մի տեղ մանուկ է լալիս,
Ի՞նձ ինչ, թէ ծռուեց այս ճամբան շիտակ,
Թէ կեղծն է խօսում պերճ դիմակի տակ:
Գլուխը քա՛րը, խօսում է` խօսի՛,
Ե՞ս պիտի քերեմ ժանգը բորբոսի,
Ծուռ ճանապարհը ե՞ս պիտի շտկեմ,
Խեղդուող աշխարհը ե՞ս պիտի փրկեմ…
Ու քանի՜ անգամ,
Ա՛խ, քանի՜ անգամ
Ինձ խօսք եմ տալիս` լալկուել, կապուել,
Քաշուել մի անկիւն, ինձ համար ապրել:
Բայց էլ ի՞նչ ապրել,
Էլ ինչի՞ ապրել….

ՍԻԼՎԱ ԿԱՊՈՒՏԻԿԵԱՆ

 

 

 

 

 

 

 

Leave a Comment