Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Բոլորս ալ գիտենք, որ մանուկը դպրոց ուղարկելու համար բաւարար չէ անոր նոր տարազ, գեղեցիկ պայուսակ եւ այլազան ու գրաւիչ գրենական պիտոյք գնելը: Առաջին հերթին կարեւոր է զայն հոգեպէս նախապատրաստել դպրոց վերադառնալու գաղափարին:
Նոր ուսուցիչներ, նոր դասանիւթեր, տարբեր դասարան, տարբեր խաղավայր… Այս բոլորը բաւարար պատճառներ են, որ երեխան տագնապի: Միւս կողմէ, երկար ամիսներ տունը մնալէ ետք, վերստին պիտի համակերպի նոր ժամանակացոյցի, նոր օրէնքներու…
Որպէսզի այս անցումը ծանր չկշռէ մանուկին վրայ, արդէն ժամանակն է գործի լծուելու եւ զայն պատրաստելու դպրոցական վերամուտին, որ այդքան ալ հեռու չէ:
Նոր Ժամանակացոյց
Նոր ժամանակացոյցը պէտք է ճշդուի եւ գործադրութեան դրուի վերամուտէն առնուազն երկու շաբաթ առաջ:
Մանուկին համար ամէնէն դժուարը (անկախ բջիջային հեռախօսէն բաժնուիլը) նոր ժամանակացոյցին ենթարկուիլն է: Եթէ ամրան ընթացքին ինք ճշդած էր իր քունի եւ զարթնումի ժամերը, այժմ ստիպուած է հնազանդելու իրեն «պարտադրուած» ժամերուն:
– Մինչեւ ուսումնական տարեսկիզբ մանուկը պէտք է վարժուի այնքան մը կանուխ արթննալու, որ ան ժամանակ ունենայ աչքերը բանալու, լուացուելու, հագուելու եւ նախաճաշելու:
Անշուշտ առաջին օրերուն ժպտերես ան պիտի չարթննայ, նոյնիսկ պիտի դժգոհի ու լայ. ծնողքին կը մնայ բացատրել, թէ որքան կանուխ արթննայ, այնքան հանգիստ կը կատարէ իր ընելիքները:
Իսկ արթնցնելու պահուն ծնողքը տխուր ու խղճահարուած տեսք պէտք չէ առնէ, այլապէս մանուկին պիտի թուի, թէ դպրոց յաճախելը իսկական ողբերգութիւն մըն է: Զայն պէտք է արթնցնել ժպիտով, ջերմ խօսքերով, ի հարկին՛ երգելով:
– Մանուկը պէտք է վարժուի նախաճաշելու եւ ճաշելու այն ժամերուն, ինչպէս` յառաջիկային, դպրոցական օրերուն: Ան նաեւ պէտք է վարժուի կանուխ քնանալու, անշուշտ առանց բջիջային հեռախօսին: Սկիզբը ան բնականաբար պիտի ընդվզի, բայց պէտք է համոզուի, որ անբաւարար քունը կը վնասէ իր կեդրոնացումին, յիշողութեան եւ դասերուն:
– Մանուկը պէտք է վարժուի ինքնուրոյն դառնալ. թող կոկէ սենեակը, պատրաստէ պայուսակը, առանձին հագուի դպրոցական համազգեստը եւ կապէ կօշիկներուն կապերը: Ծնողքը պէտք է ըլլայ անոր կողքին` իբրեւ հսկող աչք եւ ի հարկին` ձեռք երկարող մը:
Հաճելի Գնումներ
Որպէսզի դպրոց վերադարձը մանուկին համար հաճելի արարողութիւն մը դառնայ, վերամուտէն առնուազն շաբաթ մը առաջ պէտք է շրջիլ խանութները եւ ապահովել պայուսակն ու գրենական պիտոյքները:
Եթէ մանուկին նախորդ տարուան որակաւոր պայուսակը կամ դպրոցական համազգեստը տակաւին նոր եւ գործածելի է, փոխարէնը անոր գնել նոր մարզական կօշիկ մը կամ մարզական տարազ մը, կամ գրչատուփ մը: Ան պէտք է հասկնայ, որ որոշ բաներ կարելի չէ տեւական նորով մը փոխարինել, այնքան ատեն որ գործածելի են:
Ծնողները պէտք է յիշեն, որ իրենց սէրն ու հոգատարութիւնը անփոխարինելի նեցուկ են երեխային համար: Մանուկը պէտք է զգայ, որ միայն ինքը չէ, որ կը պատրաստուի դպրոցին, այլ ծնողները իրեն հետ կը կիսեն որոշ հոգեր, իր կողքին են եւ մի՛շտ պատրաստ օգնելու:
Ինչպէ՞ս Ճիշդ Ընտրել Դպրոցական Պայուսակը
Երբ մանուկը կը պատրաստուի դպրոց երթալու, ծնողներուն առաջնահերթ մտահոգութիւններէն է` ինչ պայուսակ ընտրել, ինչ գրենական պարագաներ, եւ ինչպէս խուսափիլ աւելորդ ծախսերէ եւ անյարմարութիւններէ:
Ճիշդ ընտրուած պայուսակն ու գրենական պարագաները կրնան մեծ ազդեցութիւն ունենալ մանուկին առողջութեան, ինքնուրոյնութեան եւ սորվելու մղումին վրայ:
Դպրոցական պայուսակի ընտրութեան 4 կարեւոր չափանիշներն են.
1.- Պայուսակը պէտք է ունենայ ամուր, ապահով ետնամաս (կռնակ), որպէսզի պաշտպանէ երեխային ողնաշարը ծանրաբեռնուածութենէ:
2.- Նեղ ու կոշտ լանջակալները կը ճնշեն երեխային ուսերուն եւ կը ցաւցնեն: Լաւ ընտրութիւն են լայն, կարգաւորուող, փափուկ լանջակալներով տարբերակները:
3.- Դպրոցական պայուսակը պարապ վիճակով պէտք չէ գերազանցէ 1-էն 1.5 քիլոն: Թեթեւութիւնը պայուսակի ընտրութեան կարեւորագոյն չափանիշներէն պէտք է ըլլայ:
4.- Բազմանպատակ գրպաններով եւ բաժանումներով օժտուած դպրոցական պայուսակը կը դիւրացնէ գիրքերու, գրչատուփի, ջրամանի դասաւորումը` առանց խառնաշփոթ ստեղծելու:
* * *
Ինչ կը վերաբերի գրենական պիտոյքներուն, հրաժարիլ մետաղեայ, ծանր գրչատուփերէն, անորակ եւ շուտ փճացող գրիչներէն, բայց մանաւանդ` զարդարուն գրենական իրերէն, որոնք կը շեղեն մանուկին ուշադրութիւնը:
Դպրոցական պայուսակի եւ գրենական պարագաներու ճիշդ ընտրութիւնը ոչ միայն կ՛ապահովեն մանուկին ֆիզիքական բարեկեցութիւնը, այլ նաեւ կը խթանեն պատասխանատուութեան եւ ինքնուրոյնութեան զարգացումը:
Ինչպէս Արգիլել
Ուղեղին Ծուլութիւնը
Հոգեբաններու կարծիքով, մեր ուղեղը ունի հրաշալի յատկութիւն. ան ընդունակ է փոխուելու եւ զարգանալու ամբողջ կեանքի տեւողութեան: Միտքի ճկունութիւնը, նորը սորվելու ձգտումը եւ փոփոխութիւններուն պատրաստ ըլլալը մնայուն կերպով աշխուժ կը պահեն զայն:
Հոգեբանները համոզուած են, որ մեր ուղեղը ծերացնող եւ յիշողութիւնը սպաննող գլխաւոր թշնամին տարիքը չէ, այլ` ուղեղի ծուլութիւնը: Շատեր կը կարծեն, թէ յիշողութիւնը կը վատանայ տարիքի պատճառով, մինչդեռ ուղեղը կը ծերանայ այն ժամանակ, երբ ան կը դադրի նոր բան սորվելէ:
Երբ մենք ամէն օր կ՛ընենք նոյն գործողութիւնները, կ՛երթանք նոյն ճամբով, կը կարդանք միայն կարճ հրապարակումներ` ընկերային ցանցերու վրայ, մեր ուղեղը տեղքայլ կ՛ապրի, այդ ընթացքին նոր ջղային բջիջներ չեն ստեղծուիր, եւ ուղեղը քիչ-քիչ կը ծերանայ:
Ի՞նչ ընել ուղեղը երիտասարդ պահելու համար… Հոգեբանները կը թելադրեն.
Ա.- Փոխել սովորութիւնները, դուրս գալ միեւնոյն առօրեայէն, կարդալ ծաւալուն եւ վերլուծական գիրքեր, փոխել ամէնօրեայ քալելու ճամբան, նոր բան մը սորվիլ, փորձել պարբերաբար աջ ձեռքը փոխարինել ձախող եւ այլն…
Բ.- Մարզել ուղեղը. կատարել յիշողութեան զարգացման յատուկ վարժութիւններ` (կարելի է գտնել համացանցի վրայ) անոր ջղային բջիջները աշխուժացնելու համար:
Գ.- Ֆիզիքական մարզումներ կատարել:
Դ.- Առողջ սննդակարգ որդեգրել:
Ե.- Բաւարար քնանալ:
Զ.- Խոկալու վարժութիւններ կատարել:
Է.- Ընկերային յարաբերութիւնները պահպանել:
Ը.- Մնալ հետաքրքրասէր եւ ստեղծագործ:
Թ.- Սահմանափակել պաստառներու տրամադրուած ժամանակը:
***
Եզրակացութիւն`
Ուղեղի ջղային բջիջներու զարգացումը եւ ուղեղի հզօրութեան բարելաւումը կարելի է վերը նշուած խորհուրդները մեր առօրեայ կեանքին մէջ ներառելու պարագային: Այսպիսով մենք կը խթանենք ջղային բջիջներու աճը, կ՛ամրապնդենք մեր ճանաչողական կարողութիւնները եւ կը պահպանենք առողջ ուղեղ մեր ամբողջ կեանքի տեւողութեան:
Հետաքրքրական
Կրծքազարդ «Շամշիկ»
Արեւմտեան Հայաստանի տարածուած զարդերէն էին հագուստի ուսերէն ամրացուող եւ առջեւի երկու կողմերէն կախուող զոյգ շամշիկները, որոնք նաեւ ծանօթ էին շմշա, շմսա, շամսիէ անուններով:
Ասոնք կը կոչուէին «սրտի կաքաւ», քանի որ կուրծքին կը կրէին, իսկ «կաքաւներ» են, քանի որ կը խորհրդանշեն կաքաւ թռչունը` ոճաւորուած կլոր գլուխով եւ նշաձեւ մարմինով:
Կաքաւները ժողովրդական ծէսերուն մէջ յատուկ դեր եւ նշանակութիւն ունէին եւ կը նկատուէին հարսանեկան ծէսերու յատուկ տարր:
Ազգագրագէտներու կարծիքով, թռչնազարդ շամպիկը պտղաբերութեան խորհրդանիշ կը նկատուէր: Ժողովուրդին մէջ նաեւ կար այն համոզումը, թէ թռչունները կը տնօրինեն ժամանակը:
Նկարին վրայ կը տեսնենք Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ հրաշքով փրկուած կրծքազարդ «Շամշիկ»-ը (19-րդ դար, Վան):
***
Նշենք, որ անցեալին կուրծքը կը համարուէր մարմնի ամէնէն խոցելի հատուածներէն մէկը, հետեւաբար, կուրծքի կախազարդերուն կը տրուէր յատուկ պահպանիչ իմաստ:
Կային լուսնաձեւ եւ արեւային կախազարդեր, քանի որ լուսինն ու արեւը կը խորհրդանշէին պտղաբերութիւնն ու յաւերժութիւնը:
Կուրծքը կը զարդարէին նաեւ տուփիկներու տեսքով կախազարդերը` հմայիլները (պահպանակներ), որոնց մէջ կը պահուէին աղօթքներ կամ պահպանիչ սուրբ մասունքներ:
Խոհագիր
Խորոված Գետնախնձոր`
Մանանեխով Եւ Սխտորով
1 քիլօ փոքր գետնախնձոր` կեղեւով
1.5 ապուրի դգալ տիժոնի մանանեխ
3 պճեղ մանրուած սխտոր
3-4 ճիւղ թարմ ուրց կամ խնկունի
3 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
1 կիտրոնի կեղեւի տաշուք
Աղ, սեւ համեմ
Պատրաստութիւն
Լուալ եւ ցամքեցնել գետնախնձորները, ապա երկուքի կիսել:
Խոշոր խորունկ ամանի մը մէջ խառնել մանանեխը, ձէթը, սխտորը, ուրցի կամ խնկունիի տերեւները եւ կիտրոնի կեղեւի տաշուքը:
Այս թացանին աւելցնել գետնախնձորը, լաւ խառնել, սպասել 5-7 վայրկեան, ապա փուռի ափսէն ծածկել յատուկ թուղթով եւ գետնախնձորները վրան տարածել` հաւասարաչափ, առանց վրայ-վրայի դիզելու:
200 ջերմաստիճանով փուռին մէջ եփել 35-40 վայրկեան, մինչեւ որ գետնախնձորները ոսկեգոյն դառնան: Եփի ընթացքին երբեմն զգուշութեամբ խառնել, որպէսզի գետնախնձորները համաչափ եփին ու կարմրին:
Մատուցելու ատեն երեսը զարդարել խնկունիի կամ ուրցի թարմ տերեւներով: Այս ուտեստը շատ լաւ կը համադրուի մսեղէնի եւ ձկնեղէնի հետ:
***
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Ազգն Ու Քարը
Լերկ բլուրներ, սարեր, ժայռեր,
լերկ քարերի հարահոս վազք.-
սրանից է կերպար առել
բիբլիական հզօր մի ազգ:
Մէկ այդ ազգն է քարի վրայ,
մէկ այդ քարն է ազգի մէջքին,
թաւալւում են գիլ ու գլոր`
ձեռ առնելով ժամանակին:
Քարը ազգին, ազգը քարին,
իրար խելք են տալիս-առնում,
եւ նրանց մէջ նոյն արեւի
խարկուած ոգին է սաւառնում:
Եւ բաժանում չկայ յաւէտ,
քարն ու ազգը իրար կպած,
արեգակի պտոյտի հետ,
տիեզերքով մեր չափչփած:
Այնքան պիտի թռչեն, սուրան,
մինչեւ բախտի դուռը ջարդեն,
ինչպէս Դաւթի քարը ճեղքեց
բութ Գողիաթի զրահն անդէմ:
ՌԱԶՄԻԿ ԴԱՒՈՅԵԱՆ
