Սալամ. «Կառավարութիւնը «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբին Մէջ Իր Դերակատարութեան Ընդլայնման Եւ Հըզպալլայի Զինաթափման Ջանքերուն Աշխուժացման Նկատմամբ Դրական Տրամադրուած Է»
Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ յայտնեց. «Լիբանանեան կառավարութիւնը Միացեալ Նահանգներու ղեկավարած զինադադարի հսկողութեան յանձնախումբին մէջ իր դերակատարութեան ընդլայնման եւ Հըզպալլայի զինաթափման ջանքերու աշխուժացման նկատմամբ դրական տրամադրուած է»: Ան այս մասին յայտարարեց «Պլումպըրկ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին: Սալամ ըսաւ, որ կարելի է «անհրաժեշտութեան պարագային» յաւելեալ լիբանանցի քաղաքային փորձագէտներ միացնել «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբին: Ան նշեց, որ կարելի է «փաստաբաններու եւ չափագրողներու» … Read more