Սալամ. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Բացարձակապէս Պիտի Չարտօնէ, Որ Իր Հողերը Օգտագործուին Արաբ Եղբայրներէն Ոեւէ Մէկը Թիրախաւորելու»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Ապահովութեան Միւնիխի խորհրդաժողովի իր մասնակցութեան ծիրին մէջ հանդիպում ունեցաւ Եմէնի հանրապետութեան նախագահական ղեկավար խորհուրդի նախագահ Ռաշատ Ուլէյմիի հետ եւ անոր հետ քննարկեց շրջանային զարգացումներն ու միջարաբական համակարգումի ամրապնդման կարելիութիւնները:

Ուլէյմի բարձր գնահատեց լիբանանեան կառավարութեան Լիբանանի ոտքի կանգնման ու պետութեան իշխանութեան հաստատման համար թափած ջանքերը, ինչպէս նաեւ մտահոգութիւն յայտնեց գոյութեանը նկատմամբ այնպիսի տարրերու, որոնք Լիբանանի մէջ կը գործեն Եմէնի մէջ կայունութեան վերականգնման դէմ:

Սալամ Եմէնի նախագահին վստահեցուց. «Լիբանանեան կառավարութիւնը բացարձակապէս պիտի չարտօնէ լիբանանեան հողերու արաբ եղբայրներէն ոեւէ մէկուն թիրախաւորման համար օգտագործումը: Այսօր անհամբեր կը սպասենք, որ եմէնեան կառավարութիւնը սիրելի Եմէնի բոլոր հողերուն վրայ իր վերահսկողութիւնը վերականգնէ»:

Սալամ հանդիպում ունեցաւ Քուէյթի վարչապետ շէյխ Ահմետ Ապտալլա Ահմետ Սուպահի հետ եւ Քուէյթին շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի օգնութեան մէջ անոր պատմական դերակատարութեան համար:

Երկու կողմերը ընդգծեցին Լիբանան-Քուէյթ յարաբերութիւններու խորքը եւ Լիբանանի վերաշինութեան ու բարգաւաճման աջակցութեան մէջ քուէյթեան պատմական դերակատարութեան վերստին կեանքի կոչման կարեւորութիւնը:

Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ շրջանի եւ մասնաւորաբար Լիբանանի կացութեան: Սուպահ նշեց, որ Քուէյթ չափազանց հետաքրքրուած է Լիբանանի կայունութեամբ եւ պետութեան անոր բոլոր հողերուն վրայ իշխանութեան հաստատումով:

Ան նաեւ ըսաւ, որ Քուէյթ տեւաբար Լիբանանի կողքին կը կանգնի եւ պիտի մասնակցի լիբանանեան բանակի աջակցութեան յատկացուած Փարիզի խորհրդաժողովին:

Սալամ նաեւ հանդիպում ունեցաւ Իրաքի քրտական շրջանի նախագահ Նեճիրվան Պարզանիի հետ: Քննարկուեցան շրջանի կարեւորագոյն վերջին զարգացումները: Երկու կողմերը համաձայն գտնուեցան, որ անհրաժեշտը շրջանը զերծ կացուցելն է որեւէ պատերազմէ, որ կը ծանրացնէ անոր բեռը, ինչպէս նաեւ անոնք ամբողջ շրջանին մէջ կայունութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը ընդգծեցին:

Leave a Comment