Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց. «Երեսփոխանական ընտրութիւններու իրենց ժամկէտին` յառաջիկայ 10 մայիսին կատարման կառչած եմ»` նշելով. «Ասիկա յայտնեցի հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աունին ու կառավարութեան»:
Պըրրի Պէյրութի մէջ փաստաբաններու սենտիքայի նախագահն ու սենտիքայի շարք մը նախկին նախագահներ եւ սենտիքայէն պատուիրակութիւն մը ընդունելու ընթացքին ըսաւ. «Ճիշդ չէ, որ նոր իշխանութեան սկիզբին խոչընդոտենք անոր մեկնարկը խանգարելով, յետաձգելով կամ երկարաձգելով սահմանադրական կարեւորագոյն գործողութիւնը, որ իշխանութիւններու գոյացման ու քաղաքական կեանքի արտադրութեան հիմն է»:
Անդրադառնալով ելեւմտական բացի օրինագիծի որդեգրման` խորհրդարանի նախագահը նշեց. որ «այս օրէնքը ելեւմտական եւ տնտեսական առողջացման անկիւնաքարն է»` աւելցնելով. «Խորհրդարանը պիտի փորձէ այս օրէնքը ամբողջացնել մարտ ամսուան ընթացքին, բան մը, որ կախեալ է բոլորին գործակցութենէն, պայմանով, որ օրէնքը երաշխաւորէ պահ դրուած գումարներու սեփականատէրին իր գումարը ուշ կամ կանուխ ստանալը, ինչ որ անոր սրբազան իրաւունքն է»:
Ան զգուշացուց «այս խնդիրի լուծման համար ոսկիին ձեռք տալէն: Զգուշացէ՛ք ոսկին ծախելէ կամ շրջանառութեան մէջ դնելէ: Լիբանան աղքատ կամ սնանկացած երկիր մը չէ: Մէկէ աւելի միջոցներ ու ուղիներ կան, որոնց միջոցով կարելի է լուծումի հասնիլ, առանց պահ դրուած գումարներու սեփականատէրերուն իրաւունքներուն կամ ոսկիին ձեռք տալու»:
Անդրադառնալով Թրիփոլիի մէջ փուլ գալու վտանգ դիմագրաւող շէնքերու թղթածրարի լուծման` Պըրրի ըսաւ. «Աղէտի առաջին պահէն ըսի, թէ այս թղթածրարը պէտք է բացառապէս ազգային առաջնահերթութիւն ըլլայ, եւ պէտք է ոչ միայն Թրիփոլիի ու հիւսիսի բարգաւաճման, այլ նաեւ Լիբանանի բարգաւաճման ազգային ֆոնտ յառաջացնել, որովհետեւ այդ երկու շրջաններուն բարգաւաճումը Լիբանանի բարգաւաճումն է»:
«Ընչազրկութեան եւ անտեսման դիմակայումը բռնագրաւումի դիմակայման պէս ազգային պարտականութիւն է, որուն համար պէտք է միատեղել բոլոր ազգային ջանքերը», շեշտեց Խորհրդարանի նախագահը: