Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ շաբաթ օր Պէյթ Ուասաթի մէջ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի այցելելէ ետք նշեց. «Թաէֆի համաձայնագիրը գործադրելի է»:
«Լիբանանեան բանակը զէնքի մենաշնորհման առումով հսկայական ջանք կը թափէ` ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութեան վկայութեամբ, սակայն զայն կասկածի տակ առնելը ներքին կարգ մը ուժերու կողմէ կը կատարուի», ըսաւ ան:
«Երեսփոխանական ընտրութիւններ կան, եւ մենք անոնց պատրաստ ենք: Հարիրիի չայցելեցի անոր հարցնելու, թէ անոնց պիտի մասնակցի՞, թէ՞ ոչ», յայտնեց Ժոմպլաթ:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավարը գնահատեց Հարիրիի արտասանած խօսքն ու հարաւային Լիբանանի ժողովուրդին ուղղած իր ողջոյնը հոյակապ նկատեց»:
Նշենք, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին նոյն օրը հեռաձայնեց նախկին վարչապետին եւ անոր հետ քննարկեց երկրին վերջին զարգացումները: