Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ յայտնեց. «Լիբանանեան կառավարութիւնը Միացեալ Նահանգներու ղեկավարած զինադադարի հսկողութեան յանձնախումբին մէջ իր դերակատարութեան ընդլայնման եւ Հըզպալլայի զինաթափման ջանքերու աշխուժացման նկատմամբ դրական տրամադրուած է»: Ան այս մասին յայտարարեց «Պլումպըրկ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին:
Սալամ ըսաւ, որ կարելի է «անհրաժեշտութեան պարագային» յաւելեալ լիբանանցի քաղաքային փորձագէտներ միացնել «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբին:
Ան նշեց, որ կարելի է «փաստաբաններու եւ չափագրողներու» դիմել` սահմանագծման եւ Իսրայէլի ու Լիբանանի միջեւ առկախ այլ հարցերու շուրջ խորհրդակցելու համար:
Վարչապետ Սալամ լրատու գործակալութեան ըսաւ. «Կառավարութիւնը կրնայ շրջանցել Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ դրամատուներու մէջ պահ դրուած գումարներու սեփականատէրերուն կաթուածահար դրամատնային ոլորտին մէջ մնացած միլիառաւոր տոլարներու վերատիրացումը արտօնող օրինագիծին շուրջ տարակարծութիւնները»:
Ան Միւնիխի Անվտանգութեան խորհրդաժողովի ծիրին մէջ կայացած հարցազրոյցի ընթացքին աւելցուց. «Միջազգային դրամական ֆոնտը շարք մը հարցերու շուրջ յաւելեալ բացատրութիւններ կ՛ուզէ: Իմ կարծիքովս, որեւէ նկատումներ կամ յայտարարութիւններ, որոնք կրնան բաց յառաջացնել, կարելի է դարմանել»:
Վարչապետը նշեց, որ Միջազգային դրամական ֆոնտը «ամբողջական կերպով գոհ չէ» մօտ օրէն խորհրդարանական յանձնախումբի մէջ վերատեսութեան ենթարկուելիք օրինագիծին մէջ «պահանջներու շարքին առնչուած բանաձեւումէն»:
«Խօսքը նաեւ կայունութեան մասին է, եւ կայունութիւնը առնչուած է պարտքի կայունութեան: Անոնք կ՛ուզեն վստահ ըլլալ, որ բաւարար պատրաստ գումար կայ, որպէսզի կարենանք մեր պարտաւորութիւնները կատարել», ըսաւ Սալամ: