Խորհրդարանի նախագահի քաղաքական խորհրդատու, երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ նշեց. «Մեծապէս անակնկալի եկանք «օրէնսդրական մարմին»-ի արտերկրի լիբանանցիներուն կողմէ 128 երեսփոխանի ընտրութեան շուրջ պատրաստած տեսակէտէն: Յստակ է, որ անոր մէջ իրաւական պարզագոյն կանոններու խախտում գոյութիւն ունի, որովհետեւ կարելի չէ օրէնք մը բարեփոխել կամ անոր գործադրումը առկախել խորհրդատուութեամբ կամ որոշումով»: Ան այս մասին յայտնեց «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին:
Խալիլ ընդգծեց, որ այդ հարցը դուռ կը բանայ խորքային խնդիրներու, եւ կարելի չէ զայն նկատի ունենալ իբրեւ ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ որդեգրելի տեսակէտ, երբ վերջինս յանձնառու է ընտրական գործող օրէնքի բովանդակութեան գործադրութեան, եւ օրէնքի բնագիրը յստակօրէն կը բովանդակէ 16-րդ ընտրաշրջանի ստեղծումը եւ ընտրութիւնները այդ ընտրաշրջանին մէջ կատարելու անհրաժեշտութիւնը:
«Իրաւական չափանիշերուն ու սկզբունքներուն հակասող կատարուած իրողութեան պարտադրումը պիտի չընդունինք, եւ այսպիսի հարցի մէջ կարելի չէ խորհրդարանը շրջանցել:
«Յստակ է, թէ ներքին գործոց նախարարութենէն պահանջուածը նախարարաց խորհուրդին ներկայացնելն է արտերկրին վերաբերող գլուխի իրականացման ընթացակարգերը պատրաստող յանձնախումբի կողմէ պատրաստուած առաջարկը, ինչպէս նաեւ տալ կիրարկուող որոշում եւ դուռը բանալ 6 երեսփոխաններու ընտրութեան քուէարկութեան համար, հակառակ պարագային ատիկա պիտի նկատուի լիազօրութիւններու սահմաններու գերազանցում», նշեց Խալիլ: