Պայրագտարեան «Լիբանանի Մէջ Իրաւարարութեան Ամրապնդման» Ծրագիրի Մեկնարկի Հանդիսութեան Խօսք Արտասանեց

Վարչական բարգաւաճման հարցերու պետական նախարար Ֆատի Մաքքի մեկնարկը յայտարարեց «Լիբանանի մէջ իրաւարարութեան ամրապնդման» ծրագիրին, որ կը գործադրուի իտալական կառավարութեան կողմէ ֆինանսաւորուող` Տնտեսական գործակցութեան ու բարգաւաճման կազմակերպութեան Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի շրջանի իրաւարարութեան ծրագիրին միջոցով: Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան հանդիսութեան ընթացքին խօսք մը արտասանելով յայտնեց. «Իրաւարարութեան բարեկարգումը նախապայման է տնտեսական դիմադրողականութեան ամրապնդման, … Read more

Խազեն. «Պահանջուածը Իսկական Բարեկարգում Է, Որ Սահմանափակ Եկամուտ Ունեցող Քաղաքացիին Բեռը Ծանրացնող Տուրքերու Յաւելման Դիմելու Վրայ Չէ Հիմնուած»

Նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն նշեց, որ ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապերի մամլոյ ասուլիսին եւ պետութեան գանձարկղն ու կեդրոնական դրամատունը ելեւմտական կայունութեան վրայ ճնշող ելեւմտական ընտրանքներու մէջ չներքաշելու անհրաժեշտութիւնը ընդգծելուն լոյսին տակ, «անոր զգուշաւոր մօտեցումը կը նկատենք պատասխանատու մեկնարկային կէտ լիբանանեան թղթոսկիի փոխարժէքի որեւէ նոր տատանումէ կամ նուրբ կացութեան մէջ ընկերային պայթումէ խուսափելու համար»: «Լիբանանեան թղթոսկիի փոխարժէքի … Read more

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Նախկին Վարչապետ Սաատ Հարիրիի

Երէկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը` բաղկացած Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանէ եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ` նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեանէ ու Կարօ Յարութիւնեանէ, այցելեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Մուսթաքպալ հոսանքի փոխնախագահ Պահիա Հարիրի եւ Սաատ Հարիրիի խորհրդատու Ղաթթաս Խուրի: Քննարկուեցան երկրի ընդհանուր կացութիւնն ու վերջին իրադարձութիւնները:

Ամմար. «Պետութիւնը Պէտք Է Իր Պարտաւորութիւնները Կատարէ, Եւ Ոչ Թէ Թունաւորումը Աւելի Զօրաւոր Թոյնով Դարմանէ»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ամմար նշեց. «Այսօր տակաւին ականատես կը դառնանք չարամտութեանը իսրայէլացի թշնամիին, որ հակառակ Դիմադրութենէն կրած մեծ պարտութիւններուն, տակաւին կը փորձէ խաթարել մեր գերիշխանութիւնը: «Տակաւին երէկ անոնք կրկին յայտնուեցան մեր առջեւ` մեր քաջարի հարաւին մէջ բնակավայրերու կառուցման ենթապատկերին` ցանկապատէն ներս քանի մը ծառ տնկելով»: «Ոմանք մեզի ըսին, թշնամին մեզի ձգեցէք, ձգեցէք, … Read more

Խուրի. «Բանակը Մօտաւորապէս Մէկ Ամսուան Կարիք Ունի Լիթանիէն Հիւսիս Իր Տեղակայման Երկրորդ Փուլը Գնահատելու»

Ճարտարարուեստի նախարար Ճօ Իսա Խուրի յայտնեց. «Որեւէ պետութեան գերիշխանութիւնը միայն անոր սահմաններով կամ արտաքին յարաբերութիւններով չի սահմանափակուիր, այլ նաեւ կապ ունի երկրին մէջ իր իշխանութեան ամրապնդման հետ»: Ան այս մասին յայտնեց «Արապիա» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին: «Պետութեան շրջագիծէն դուրս եղող զինեալ որեւէ խմբաւորման ներկայութիւնը մերժելի է», շեշտեց ան: Խուրի նշեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան … Read more

Միւֆթի Քապալան. «Կարելի Չէ Ժողովուրդը Մահապատիժի Ենթարկել, Պէտք Է Գումարը Ապահովել Առասպելական Շահերէն»

Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով լիբանանեան կառավարութեան յայտնեց հետեւեալը. «Կարելի չէ լիբանանցի ժողովուրդն ու մարդիկը տուրքը տուրքին վրայ եւ հարկը հարկին վրայ հաւասարակշռութեան եւ մարդոց նուազագոյնին նուազագոյնը տալով մահապատիժի ենթարկել, ապա երկիրը մատնել սղաճի տագնապի եւ գիներու, քաղաքական եւ ելեւմտական փտածութեան խենթութեան: «Ելեւմտական ճարտարապետութեան պահը չի շրջանցեր մարդոց մարմիններն ու անոնց կեանքի … Read more

Լիբանաեան Կարճ Լուրեր – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

. ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթ. «Հարիրիի վերադարձը յոյսի իրական շող է` դարմանելու այն դատարկութիւնը, որ քայքայած է սիւննիական ներկայութիւնը եւ զայն լուսանցքայնացման ու անորոշութեան մատնած»: . ԼԻԲԱՆԱՆ ստանձնեց ՄԱԿ-ի սննդեղէնի եւ երկրագործութեան կազմակերպութեան` ՖԱՈՒ-ի մէջ Մերձաւոր Արեւելքի խումբի 2026 թուականի նախագահութիւնը: . ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Նախարարաց խորհուրդին բանակի տեղակայումը առանց որեւէ առարկութեան որդեգրելը արդիւնք … Read more

Կառավարութեան Ճշդած Նոր Տուրքերուն Դէմ Բողոքի Ցոյցեր

Նախարարաց խորհուրդը երկուշաբթի գիշեր աւարտեց իր երկարատեւ ժողովը: Տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս ժողովի աւարտին յայտարարեց. «Նախարարաց խորհուրդը որոշեց պաշտօնեաներուն 6 յաւելեալ ամսականներ տալ, անոնց բոլոր յաւելուածներով ալ զինուորականներուն` հիմնուելով 2019 թուականին որոշուած արժէքին վրայ, ինչպէս նաեւ նախարարաց խորհուրդը ջնջեց մազութին վրայ նախապէս ճշդուած տուրքը»: «Ամսականներու յաւելումը աշխատավարձին վրայ ամսական փոխհատուցման պէս է եւ իսկական աշխատավարձին … Read more

Քաց. «Լիբանանէն Պիտի Չհեռանանք, Քանի Տակաւին Հըզպալլան Զէնք Ունի»

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց նշեց. «Իսրայէլեան բանակի հարաւային Լիբանանի մէջ հինգ կէտերու մէջ մնալը զինադադարի համաձայնութեան մաս չէր կազմեր, սակայն իրողական գետնի վրայ զայն պարտադրեցինք, եւ ամերիկեան կողմը զայն ընդունեց»: «Լիբանանէն պիտի չհեռանանք, քանի տակաւին Հըզպալլան զէնք ունի», աւելցուց Քաց:

Նախկին Նախարար Եւ Երեսփոխան Մոհսեն Տալլուլ Մահացաւ

Նախկին նախարար եւ երեսփոխան Մոհսեն Տալլուլ երէկ առաւօտեան մահացաւ: Ան 93 տարեկան էր: Տալլուլ ծնած է 1933 թուականին: Ան լրագրող էր եւ անդամ եղած է Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան, 1990-ական թուականներուն վարած է երկրագործութեան եւ պաշտպանութեան նախարարներու պաշտօնները: Ան երկարատեւ անդամ (1991-էն 2004) եղած է խորհրդարանին: