Խալիլ. «Յառաջիկայ Ընտրութիւնները Երկրի Քաղաքականութեան Ու Կառավարման Ուղղութեան Որոշման Կարեւորագոյն Շրջադարձային Պահն Են»

Խորհրդարանի նախագահի քաղաքական օգնական, երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց. «Յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւնները երկրի քաղաքականութեան ու կառավարման ուղղութեան որոշման կարեւորագոյն շրջադարձային պահն են: Այսօր Պըրրին այս հարցը յստակ արտայայտեց խօսքով եւ գործով:

«Մենք կողմ ենք ընտրութիւնները իրենց ժամկէտին կատարելուն, եւ մարդոց միտքերը շփոթեցնելն ու մեզ որեւէ պատրուակով յետաձգման փուլ մտցնելը դարձած է անընդունելի, գոնէ մեզի համար»:

«Մենք ամենայն պատասխանատուութեամբ դէպի ընտրապայքար կ՛ուղղուինք ներքին գործոց նախարարութեան ճշդած ժամկէտներուն», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Ո՛չ յետաձգման եւ ո՛չ զանոնք որեւէ պատրուակով ուշացնելուն, որովհետեւ ատիկա ամբողջ աշխարհին կը յղէ վատ պատգամ մը, թէ մենք անկարող ենք սահմանադրական այս գործողութիւնը կատարելու:

«Մեկնելով ատկէ, կ՛ըսենք, թէ ան, որ կ՛ուզէ մարդոց ընտրանքին դիմել, թող քուէատուփ ուղղուի, ամենայն պատասխանատուութեամբ ու յստակութեամբ, եւ մրցակցի քաղաքական հռետորաբանութեան հիմամբ` հեռու մնալով մոլեռանդութեան հրահրումէն, պառակտումի յառաջացումէն կամ խորագիրներէն, ըլլայ այդ համայնքային, շրջանային կամ կուսակցական»:

«Այսօր, աւելի քան երբեւէ, մենք կ՛ուզենք վերակենդանացնել թշնամիին դիմադրելու մեր անաղարտ յիշողութիւնը` մերժելով այս  ժողովուրդը եւ անոր արժանապատուութիւնը պաշտպանելու համար աշխատանք տարածները հետապնդելու համար որեւէ տրամաբանութիւն:

«Մենք անկեղծօրէն կը սպասենք պետութեան մը, որ պէտք է ըլլայ ուժեղ, կարող եւ արդար. պետութիւն մը, որ կրնայ պաշտպանել իր գերիշխանութիւնը, պաշտպանել իր ժողովուրդը եւ օգտագործել իր ամբողջ ուժը` յարձակումը կանխարգիլելու եւ այս թշնամիին կողմէ ամբողջ Լիբանանի տարածքին իրականացուող բաց արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու համար», նշեց Ալի Հասան Խալիլ:

 

 

Leave a Comment