ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիանի Ինֆանթինօ այցելեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեանին:
Պայրագտարեան ողջունեց իր հիւրը, շնորհաւորեց զինք Լիբանանի քաղաքացիութիւն ստանալուն առիթով եւ առաջին անգամ ըլլալով նախարարութիւն անոր այցելութիւնը նկատեց աննախադէպ զարգացում մը, որ Լիբանանի երիտասարդներուն եւ մարզիկներուն իւրայատուկ աջակցութեան արտայայտութիւն է, ինչ որ գնահատելի նախաձեռնութիւն է:
Նախարարը ՖԻՖԱ-ի նախագահին շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի աջակցութեան համար անոր թափած ջանքերուն համար, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի նոր կառոյցի մը կառուցման, եւ անոր ու անոր ընկերակցող պատուիրակութեան հետ քննարկեց այդ հարցը, ինչպէս նաեւ այն գաղափարներն ու ծրագիրները, որոնց վրայ նախարարութիւնը կ՛աշխատի, եւ որոնց նպատակը լիբանանեան մարմնակրթութեան աւելի լաւ ապագայ մշակելը, տեսակարար ոստում կատարելն ու զայն շրջանային ու միջազգային բարձրագոյն հարթակներ առաջնորդելն է: