Նախարարաց Խորհուրդի Ժողով – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Նախարարաց խորհուրդը երէկ վարչապետարանին մէջ գումարեց ժողով մը` նախագահութեամբ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի: Տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս ժողովէն ետք յայտարարեց, թէ ժողովի օրակարգին վրայ գտնուող կէտերուն մեծամասնութիւնը որդեգրուած է, եւ նախարարաց խորհուրդը քննարկած է եկամուտները բարելաւելու եւ հարկերէ փախուստ տալու դէմ պայքարին շուրջ ներկայացուած զեկուցումը: Վարչապետը անհրաժեշտ նկատած է հարկերէ եւ մաքսատուրքերէ փախուստ տալու դէմ պայքարը` … Read more

Պըրրի. «Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին` Մայիսին Ի Զօրու Են, Եւ Ոչինչ Պիտի Արգիլէ Անոնց Կայացումը»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շեշտեց. «Ըսի եւ կը վերահաստատեմ, որ խորհրդարանական ընտրութիւնները իրենց ժամկէտին` 10 մայիսին ի զօրու են, եւ ոչինչ պիտի արգիլէ անոնց կայացումը, ուստի ո՛չ յետաձգում կայ, ո՛չ (խորհրդարանի նստաշրջանի) երկարաձգում»: Ան այս մասին յայտարարեց «Ժումհուրիա» օրաթերթին:    

Սալամ. «Լիբանանին Նոր Արկածախնդրութեան Կամ Պատերազմի Մէջ Ներքաշուիլը Պիտի Չընդունինք»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ վարչապետարանին մէջ իֆթարի ընթացքին արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ նշեց. «Այսօր կրնամ ըսել, թէ բաղդատմամբ նախկին ժամանակաշրջաններուն, ելեւմտական կայունութեան աւելի մօտ ենք, ինչ որ ճամբայ կը հարթէ դուրս գալու մղձաւանջէն փլուզման, որ Համաշխարհային դրամատունը դասակարգած է իբրեւ ժամանակակից պատմութեան երեք մեծագոյն տնտեսական փլուզումներէն մէկը»: «Ելեւմտական բացի նախագիծը արդէն խորհրդարանին մօտ է, եւ … Read more

Սալամ Ընդունեց Արտաքին Յարաբերութիւններու Խորհրդարանական Յանձնախումբը

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ ընդունեց խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Ֆատի Ալամէն եւ յանձնախումբի քարտուղար, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունին, ինչպէս նաեւ անդամներ Ուաէլ Ապու Ֆաաուրը, Ալի Օսէյրանը, Ինայա Իզէտտինը, Էլիաս Խուրին եւ Հայտար Նասերը` ներկայութեամբ լիբանանեան-պաղեստինեան երկխօսութեան յանձնախումբի նախագահ դեսպան Ռամեզ Տիմաշքիէի: Երեսփոխան Ալամէ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ այցելութեան նպատակը վարչապետ Սալամը իրազեկելն է … Read more

Հաժժար. «Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Տեղի Պիտի Ունենան, Եւ Զանոնք Յետաձգելու Արտաքին Պահանջ Չստացայ»

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Ահմետ Հաժժար «Էմ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Խորհրդարանական ընտրութիւններու իրենց ժամկէտին կայացման հաւանականութիւնը բարձրացաւ, եւ մինչեւ երէկ երեկոյ թեկնածուներուն թիւը հասաւ 30-ի»: «Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարարութիւնը ընտրութիւնները յետաձգելու որեւէ պահանջ չստացաւ, եւ անոնք իրենց ժամկէտին լաւագոյն կերպով տեղի պիտի ունենան», նշեց նախարարը:  

Ժապեր. «Պենզինի Տուրքի Յաւելումը Բաւարար Չէ»

Ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապեր նշեց. «Գոյութիւն ունին զինեալ ուժերու 240 հազար անդամներ, զորս կարելի չէ տեղափոխել, սակայն ՖԻՆԻՒԼ-ի հեռացումով մասնաւորաբար սահմաններուն վրայ կարիք գոյութիւն ունի, եւ զինուորագրուելու կոչեր կան»: «Գոյութիւն ունին հարկեր, որոնց գանձման համար հրամաններ տալու աշխատանք կը տանինք», ըսաւ ան: «Պենզինի տուրքի յաւելումը բաւարար չէ պետական մարզի աշխատավարձերուն վաւերացուած յաւելման ապահովման համար», նշեց … Read more

«Լիբանանի Մէջ Ենթակառոյցներու Թիրախաւորման Շուրջ Ռաժժիի Խօսքն Ու Իսրայէլացի Պաշտօնատարի Հակադարձութիւնը Զարմանալի Հակասութիւններ Են» Կ՛ըսէ Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութիւնը

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց. «Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը իր զարմանքը կ՛արտայայտէ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու նախարար Եուսեֆ Ռաժժին այն խօսքին համար, թէ ցուցանիշեր ունի, թէ Իսրայէլ կրնայ Լիբանանի մէջ ռազմավարական ենթակառոյցներ թիրախաւորել, եւ իսրայէլացի պաշտօնատարի մը այդ պնդումը հերքող բացայայտ հակասութեան նկատմամբ: «Վերջինս յայտնեց, որ թշնամիին մօտ Լիբանանի մէջ ենթակառոյցներ կամ պետական … Read more

Եազպեք. «Իրանի Համաթի Ռազմակայանը Ամերիկայի Դէմ Իր Թիրախներու Շարքին Դասելը Լիբանանի Թիրախաւորում Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութեան Սպառնալիք Է»

Երեսփոխան Ղայյաս Եազպեք հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Օրեր առաջ իրանցի պաշտօնատար մը յայտարարեց, թէ Պաթրունի շրջանին մէջ մեր ազգային բանակի ղեկավարած ու վերահսկած Համաթի օդուժի ռազմակայանը կը նկատէ ամերիկեան ռազմակայան եւ զայն կը դասէ Իրանի ռմբակոծելիք թիրախներուն մէջ, Միացեալ Նահանգներու բանակի Իրանի վրայ յարձակումի պարագային անոր հակադարձութեան ծիրին մէջ: «Այս յայտարարութենէն ետք, որ թիրախաւորեց Լիբանանը … Read more

Հաշեմ. «Արտաքին Գործոց Նախարարի Յայտարարութիւնը Կասկած Եւ Զարմանք Կը Ստեղծէ»

Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց. «Արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժիի իսրայէլեան թշնամիին լիբանանեան ռազմավարական ենթակառոյցներ հարուածելու մտադրութեան վերաբերեալ իր տեղեկութիւններուն մասին յայտարարութիւնը կասկած եւ զարմանք կը ստեղծէ: Կարծէք ան լիբանանցիները վախցնելու եւ ահաբեկելու պատգամ կ՛ուղղէ»` նշելով. «Սիոնական գոյացութեան մէջ առնչակից անձնաւորութիւններէն մէկը շտապեց հերքելու այդ տեղեկութիւնը»: «Արդեօ՞ք այս պահուս արտասանուած այդ … Read more

Սալամ. «Ընտրութիւնները Յետաձգելու Կարող Միակ Կողմը Խորհրդարանն Է, Եւ Հըզպալլային Կոչ Կ՛ուղղեմ Երկիրը Նոր Արկածախնդրութեան Չտանելու»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Իրան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններու ընթացքին վրայ վերահսկողութիւն չունինք»: Սակայն ան միաժամանակ Հըզպալլային կոչ ուղղեց` երկիրը նոր արկածախնդրութեան չտանելու: «Կազայի արկածախնդրութեան Լիբանանի վրայ ունեցած գինը մեծ էր, եւ կը փափաքինք, որ նոր արկածախնդրութեան մէջ չներքաշուինք», ըսաւ վարչապետը: Անդրադառնալով զէնքի մենաշնորհման ամբողջացման` Սալամ ըսաւ, որ նախարարաց խորհուրդը առանց … Read more