Սալամ. «Լիբանանին Նոր Արկածախնդրութեան Կամ Պատերազմի Մէջ Ներքաշուիլը Պիտի Չընդունինք»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ վարչապետարանին մէջ իֆթարի ընթացքին արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ նշեց. «Այսօր կրնամ ըսել, թէ բաղդատմամբ նախկին ժամանակաշրջաններուն, ելեւմտական կայունութեան աւելի մօտ ենք, ինչ որ ճամբայ կը հարթէ դուրս գալու մղձաւանջէն փլուզման, որ Համաշխարհային դրամատունը դասակարգած է իբրեւ ժամանակակից պատմութեան երեք մեծագոյն տնտեսական փլուզումներէն մէկը»:

«Ելեւմտական բացի նախագիծը արդէն խորհրդարանին մօտ է, եւ մենք ոչ միայն անոր քննարկման նկատմամբ դրական տրամադրուած ենք, այլ նաեւ անոր որեւէ բարեփոխման, որ կ՛արտօնէ բարելաւել եւ զարգացնել զայն», նշեց վարչապետը:

«Մեր շահերէն չի բխիր, եւ պիտի չընդունինք, որ Լիբանանը ներքաշուի նոր արկածախնդրութեան կամ պատերազմի մէջ: Մեր յոյսը այն է, որ այս սուրբ ամսուան ընթացքին բոլորը պիտի ըլլան գիտակից, բանական, իմաստուն եւ հայրենասէր, եւ որ Լիբանանի շահերը որեւէ այլ նկատառումէ վեր պիտի դասեն», շեշտեց Սալամ:

«Բնական է, որ կառավարութեան պաշտօնավարման ժամկէտը աւարտի ընտրական հոլովոյթի աւարտով, եւ մեր ձեռքբերումները կրնան չհամապատասխանել մեր բոլոր ձգտումներուն, սակայն մեզի համար կարեւորը այն է, որ մենք երկիրը դրած ենք պետութեան եւ անոր հաստատութիւններու վերակառուցման ու քաղաքացիի անոնց նկատմամբ վստահութիւնը վերականգնելու ուղիին վրայ, եւ մենք յոյս յունինք, որ յաջողած ենք շրջել փլուզման ընթացքը եւ մեր երիտասարդութեան համար նոր հորիզոններ բանալ», յայտնեց Սալամ:

 

 

Leave a Comment