Ապահովական Դրութեան Վատթարացման Զուգահեռ. Կառավարութիւնը Աննախընթաց Քայլով Մը Որոշեց Արգիլել Հըզպալլայի Ապահովական Եւ Զինուորական Գործունէութիւնը` Զայն Օրէնքէ Դուրս Համարելով

Շաբաթավերջին Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի Իրանի վրայ սկսած յարձակումներու մահաբոյր սլաքներէն անմասն չմնաց նաեւ Լիբանան, երբ երկուշաբթի այգաբացին Հըզպալլա յայտարարեց, թէ կը զօրակցի Իրանին եւ հրթիռներ արձակեց Իսրայէլի ուղղութեամբ` առանց նկատառելի վնասներ պատճառելու: Հըզպալլայի այս քայլը, որ հիմնականին մէջ առնուած էր իբրեւ անմիջական հակազդեցութիւն Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի սպանութեան, յարմար պատրուակ ծառայեց … Read more

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Հետեւեցաւ Մայրաքաղաքի Կացութեան Եւ Ընդունեց Ֆրանսայի Դեսպանը

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ Պէյրութի քաղաքապետարանին մէջ գումարեց ժողով մը` ներկայութեամբ ներքին գործոց նախարար Ահմետ Հաժժարի, Պէյրութի նահանգապետ դատախազ Մարուան Ապպուտի, Պէյրութի քաղաքապետ Իպրահիմ Զէյտանի եւ քաղաքապետական խորհուրդի կարգ մը անդամներու: Ժողովին հիմնական օրակարգը կեդրոնացաւ մայրաքաղաքի մէջ տարուող քայլերուն վրայ, յատկապէս ինչ կը վերաբերի տեղահանուածներու տարրական կարիքներուն առնչուող հարցերուն եւ ընդհանուր ծառայութեանց կարգաւորման քայլերուն: Նաեւ` … Read more

Ուալիտ Ժոմպլաթ. «Հըզպալլայի Գծով Կառավարութեան Որոշումը Սքանչելի Է, Իսկ Բանակի Գծով Խորհրդաժողովի Յետաձգումը Սխալ Է»

«Կառավարութեան վերջին որոշումները կը մեկնին Թաէֆի համաձայնագիրի հիմնական ուղղութիւններէն», յայտարարեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին նախագահ, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ երեկոյեան` անդրադառնալով Լիբանանի ապահովական վիճակին եւ այս գծով Հըզպալլայի ներգրաւուածութեան իրողութեան: Ան «սքանչելի» որակեց կառավարութեան կողմէ Հըզպալլայի զինուորական քայլերու դադրեցման ու անոր կուսակցական քայլերը քաղաքական գործունէութեամբ սահմանափակելու պահանջը: Միւս կողմէ Ժոմպլաթ «մեծ սխալ» որակեց լիբանանեան բանակի … Read more

Պաշտպանութեան Բարձրագոյն Խորհուրդը Կը Յայտարարէ. «Խաղաղութեան Եւ Պատերազմի Որոշումին Միակ Տէրը Պետութիւնն Է»

Պաշտպանութեան բարձրագոյն խորհուրը երէկ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հրաւէրով Պաապտայի պալատին մէջ գումարեց ժողով մը, որուն աւարտին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` բարձր գնահատելով լիբանանցիներուն կարգապահութեան ոգին, որ կու գայ հաստատելու այն սկզբունքները, որոնց կարեւորագոյնը Լիբանանի նկատմամբ հաւատարմութիւնն է: Խորհրուրդը շեշտեց, թէ խաղաղութեան ու պատերազմի որոշումին միակ տէրը պետութիւնն է, եւ լրատուամիջոցներէն խնդրեց պատասխանատուութեան ոգի ցուցաբերելու: Պաշտպանութեան … Read more

Նախագահ Աուն. «Ներկայ Փուլը Բոլորէն Կը Պահանջէ Ամբողջական Յանձնառութիւն Ազգային Պատասխանատուութեան Նկատմամբ Եւ Լիբանանի Գերագոյն Շահերը Ամէն Բանէ Վեր Դասել»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն շաբաթ օր շրջանին մէջ հետզհետէ թափ ստացող զարգացումներուն եւ անոնց հաւանական հետեւանքներուն հետեւելու ծիրին մէջ կատարեց շարք մը հաղորդակցութիւններ, որոնք ներառեցին վարչապետ Նաուաֆ Սալամը, հանրօգուտ շինութեանց նախարար Ֆայեզ Ռասամնին, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Իսան եւ բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալը: Ան նաեւ ուրբաթ օր խորհրդակցեցաւ խորհրդարանի նախագահին հետ: Հանրապետութեան … Read more

Սալամ. «Բոլոր Լիբանանցիներուն Կոչ Կ՛ուղղեմ` Խոհեմ Ու Հայրենասէր Ըլլալու Եւ Լիբանանի Ու Լիբանանցիներուն Շահերը Դասելու Որեւէ Հաշիւէ Վեր»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ շաբաթ օր յայտարարեց. «Շրջանին մէջ վտանգաւոր զարգացումներուն լոյսին տակ, դարձեալ բոլոր լիբանանցիներուն կոչ կ՛ուղղեմ` խոհեմ ու հայրենասէր ըլլալու եւ Լիբանանի ու լիբանանցիներու շահերը դասելու որեւէ հաշիւէ վեր, եւ կը վերահաստատեմ, որ պիտի չընդունինք, որ ոեւէ մէկը երկիրը ներքաշէ արկածախնդրութիւններու մէջ, որոնք կը վտանգեն անոր ապահովութիւնն ու ամբողջականութիւնը»: Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ … Read more

Քասեմ Եւ Պըրրի Կը Գուժեն Խամենէի Սպանութիւնը

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով գուժեց Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի մահը: «Մենք` Հըզպալլայի եւ Լիբանանի իսլամական դիմադրութեան մէջ, Խումէյնիի այս իսկական ուղիի բոլոր կողմնակիցներուն հետ, պիտի շարունակենք այս ուղին անսասան վճռականութեամբ եւ նահատակութեան ոգիով, որ չի ճանչնար յոգնածութիւն կամ ձանձրոյթ, եւ նուաստացում չ՛ընդունիր: Մենք միշտ պիտի ըլլանք ժիհատականներու … Read more

Ժոմպլաթ. «Ասիկա Երկարատեւ Պատերազմ Է` Հետեւանքներով, Զորս Կարելի Չէ Երեւակայել. Միայն Ազգային Միասնութիւնը Մեզ Կը Պաշտպանէ»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին նախարար Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ յայտնեց. «Ասիկա երկարատեւ պատերազմ է` հետեւանքներով, զորս կարելի չէ երեւակայել»` յոյս յայտնելով, որ «Հըզպալլան Իսրայէլի պատրուակ չի տար Լիբանանի վրայ յարձակելու»: Ան պատերազմէն առաջ ամերիկեան-իրանեան բանակցութիւնները որակեց «թատրոն, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ թշնամի երկրի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու սկիզբէն պատերազմը կ՛ուզէին, եւ բանակցութիւնները երեւոյթի համար … Read more

Աուն-Սալամ Հանդիպում

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն առաւօտեան Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Նաուաֆ Սալամը եւ անոր հետ քննարկեց երկրի ընդհանուր կացութիւնը, մասնաւորաբար Լիբանանի վրայ շարունակուող իսրայէլեան յարձակումներու լոյսին տակ հարաւային Լիբանանի եւ Պեքայի կացութիւնները: Անոնք նաեւ անդրադարձան 5 մարտին Փարիզի մէջ լիբանանեան բանակին ու ներքին ապահովութեան ուժերու աջակցութեան միջազգային խորհրդաժողովի ընթացող նախապատրաստական աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ Թրիփոլիի մէջ … Read more

Վարչապետ Սալամ Զէնքի Մենաշնորհման Ծրագիրի 2-րդ Փուլին 4 Ամսուան Մէջ Գործադրութեան Համար Պայման Մը Կը Ճշդէ

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ յայտնեց, որ պետութիւնը առաջին անգամ ըլլալով վերականգնեց իր վերահսկողութիւնը հարաւային Լիբանանի վրայ, բացի այն դիրքերէն, զորս Իսրայէլ տակաւին բռնագրաւուած կը պահէ: Ան պետութեան վերահսկողութեան վերականգնումը որակեց «պատմական իրադարձութիւն»: Սալամ Լիբանանի պետական պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ կառավարութիւնը կարող է զէնքի մենաշնորհման ծրագիրի փուլը 4 ամիսէն գործադրել, եթէ յարմար պայմանները ապահովուին: Ան աւելցուց, որ … Read more