Նախարարաց խորհուրդը երէկ վարչապետարանին մէջ գումարեց ժողով մը` նախագահութեամբ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի:
Տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս ժողովէն ետք յայտարարեց, թէ ժողովի օրակարգին վրայ գտնուող կէտերուն մեծամասնութիւնը որդեգրուած է, եւ նախարարաց խորհուրդը քննարկած է եկամուտները բարելաւելու եւ հարկերէ փախուստ տալու դէմ պայքարին շուրջ ներկայացուած զեկուցումը:
Վարչապետը անհրաժեշտ նկատած է հարկերէ եւ մաքսատուրքերէ փախուստ տալու դէմ պայքարը` նշելով, որ այդ առնչութեամբ շարք մը թղթածրարներ փոխանցուած են արդարադատութեան:
Ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապեր անդրադարձած է «Սքենըր»-ներու զետեղման, որ յանգեցուցած է մաքսատուրքերէ խուսափելու զսպման, եւ մեծաթիւ լիազօր անձեր շտապած են անհրաժեշտ գումարները վճարելու` իրենց բեռներու ուղարկումը արգիլող որեւէ քայլի որդեգրումէն առաջ:
Մըրքոս յայտնեց, որ հանրօգուտ շինութեան նախարար Ֆայեզ Ռասամնի կը պատրաստէ ծովային կալուածներու ոտնձգութիւններուն շուրջ ուսումնասիրութիւն մը` նշելով, որ գոյութիւն ունին մեծ ոտնձգութիւններ, որոնց տուգանքները մինչեւ հիմա չեն գանձուած, եւ անոնք պիտի ներկայացուին նախարարաց խորհուրդին:
Նախարարաց խորհուրդը նաեւ հաւանութիւն տուած է տեղեկատուութեան նախարարութեան առաջարկին` կազմելու տեղեկատուութեան նախարարին կողքին այլ նախարարութիւններ, գերատեսչութիւններ ու մասնագիտական մարմիններ ներառող յանձնախումբ մը` մշակելու համար ազգային համապարփակ ծրագիր մը, որուն նպատակը որոշ տարիքէ նուազ եղող երեխաներու համացանցի ու անոր բոլոր ծառայութիւններու օգտագործման կարգաւորումն է: