«Լիբանանի Մէջ Ենթակառոյցներու Թիրախաւորման Շուրջ Ռաժժիի Խօսքն Ու Իսրայէլացի Պաշտօնատարի Հակադարձութիւնը Զարմանալի Հակասութիւններ Են» Կ՛ըսէ Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութիւնը

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց. «Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը իր զարմանքը կ՛արտայայտէ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու նախարար Եուսեֆ Ռաժժին այն խօսքին համար, թէ ցուցանիշեր ունի, թէ Իսրայէլ կրնայ Լիբանանի մէջ ռազմավարական ենթակառոյցներ թիրախաւորել, եւ իսրայէլացի պաշտօնատարի մը այդ պնդումը հերքող բացայայտ հակասութեան նկատմամբ:

«Վերջինս յայտնեց, որ թշնամիին մօտ Լիբանանի մէջ ենթակառոյցներ կամ պետական հաստատութիւններ թիրախաւորելու մտադրութիւն գոյութիւն չունի»:

 

Leave a Comment