Հաժժար. «Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Տեղի Պիտի Ունենան, Եւ Զանոնք Յետաձգելու Արտաքին Պահանջ Չստացայ»

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Ահմետ Հաժժար «Էմ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Խորհրդարանական ընտրութիւններու իրենց ժամկէտին կայացման հաւանականութիւնը բարձրացաւ, եւ մինչեւ երէկ երեկոյ թեկնածուներուն թիւը հասաւ 30-ի»:

«Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարարութիւնը ընտրութիւնները յետաձգելու որեւէ պահանջ չստացաւ, եւ անոնք իրենց ժամկէտին լաւագոյն կերպով տեղի պիտի ունենան», նշեց նախարարը:

 

Leave a Comment