Երեսփոխան Ղայյաս Եազպեք հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Օրեր առաջ իրանցի պաշտօնատար մը յայտարարեց, թէ Պաթրունի շրջանին մէջ մեր ազգային բանակի ղեկավարած ու վերահսկած Համաթի օդուժի ռազմակայանը կը նկատէ ամերիկեան ռազմակայան եւ զայն կը դասէ Իրանի ռմբակոծելիք թիրախներուն մէջ, Միացեալ Նահանգներու բանակի Իրանի վրայ յարձակումի պարագային անոր հակադարձութեան ծիրին մէջ:
«Այս յայտարարութենէն ետք, որ թիրախաւորեց Լիբանանը իր իսկական եռամիասնութեամբ` պետութեամբ, ժողովուրդով ու բանակով, իրանեան առանցքի խուսափողներն ու լրատուամիջոցները սկսան Համաթի համեստ գիւղի զաւակներուն հասցէին տարատեսակ սպառնալիքներ տեղացնել:
«Իրանեան թելադրանքով հայհոյողները մոռացութեան տուին այն իրողութիւնը, թէ օդակայանը լիբանանեան է, եւ անոր վերահսկող պատուական բանակը նոյնպէս լիբանանեան է` ակնյայտ դաւաճանութեան պիտակումով, քաղաքացիական խաղաղութեան սպառնացող ակնյայտ սպառնալիքով, ազգային արժանապատուութեան ամօթալի ոտնահարումով, լիբանանեան բանակի եւ անվտանգ քաղաքի բնակիչներուն վրայ օտարերկրեայ զէնքով յարձակելու բացայայտ պատրաստակամութեամբ, եւ այս ծրագիրի իրականացման ընթացքին օտարերկրեայ պետութեան օգտին ազգային անվտանգութեան սպառնացող խումբի ստեղծումով»:
«Մինչ կը դատապարտեմ այս դիրքորոշումները, որոնք կը սպառնան մասնաւորաբար Համաթի սիրելի ժողովուրդին, Պաթրունի եւ Հիւսիսային շրջանին, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս մեր բանակին ու գերիշխանութեան, կառավարութեան, դատական համակարգին եւ համացանցային գործողութիւններու դէմ պայքարի գրասենեակին կոչ կ՛ուղղեմ արագ գործելու` պատասխանատուութեան ենթարկելու սպառնալիքներ հնչեցնողները, ներառեալ, ցաւօք, կրօնական գործիչները, որպէսզի հանգստացնենք մեր ժողովուրդը եւ վերջ տանք բանակի ու պետութեան վրայ այս աժանագին յարձակումին», աւելցուց երեսփոխանը:
«Այստեղ մեր ծառայութիւններուն կը յիշեցնեմ, որ պէտք է ինքնաբերաբար գործեն եւ ձեռք առնեն այս հաղորդագրութեան մէջ նշուած հարցէն նուազ վտանգաւոր հարցերը», եզրափակեց Եազպեք: