Հաշեմ. «Արտաքին Գործոց Նախարարի Յայտարարութիւնը Կասկած Եւ Զարմանք Կը Ստեղծէ»

Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց. «Արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժիի իսրայէլեան թշնամիին լիբանանեան ռազմավարական ենթակառոյցներ հարուածելու մտադրութեան վերաբերեալ իր տեղեկութիւններուն մասին յայտարարութիւնը կասկած եւ զարմանք կը ստեղծէ: Կարծէք ան լիբանանցիները վախցնելու եւ ահաբեկելու պատգամ կ՛ուղղէ»` նշելով. «Սիոնական գոյացութեան մէջ առնչակից անձնաւորութիւններէն մէկը շտապեց հերքելու այդ տեղեկութիւնը»:

«Արդեօ՞ք այս պահուս արտասանուած այդ խօսքը պիտի անցնի եւ երթայ առանց կառավարութեան կողմէ յստակ ու հրապարակային դիրքորոշումի», հարց տուաւ երեսփոխանը:

«Անհրաժեշտ է աչք չփակել ոեւէ նախարարի` անպատրաստից դիրքորոշումներուն կամ կառավարութեան յանձնառութեան շրջագիծէն դուրս որդեգրած որոշումներուն նկատմամբ, մանաւանդ այսքան վտանգաւոր թղթածրարներու մէջ, ինչ որ բոլորէն կը պահանջէ ուշադիր ըլլալ, յայտարարութիւններուն մէջ ըլլալ զուսպ եւ որեւէ ուղղուածութեան կամ դիրքորոշման մէջ նկատի ունենալ ազգային շահը», նշեց Հաշեմ:

Leave a Comment