Մաքրոն. «Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումները Ուղղակի Սպառնալիք Կը Ներկայացնեն Լիբանանը Ներառելիք Զինադադարի Կայունութեան»

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն յայտարարեց. «Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ խօսեցայ, եւ Ֆրանսայի ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեցի ընդդէմ Իսրայէլի Լիբանանի մէջ գործած անկանոն յարձակումներուն, որոնք շատ մեծաթիւ քաղաքային զոհեր պատճառեցին: Մենք բուռն կերպով կը դատապարտենք այս հարուածները»: «Այդ յարձակումները ուղղակի սպառնալիք կը ներկայացնեն ամբողջ լիբանանեան հողերը ընդգրկելիք զինադադարի կայունութեան», նշեց Մաքրոն: «Անհրաժեշտ … Read more

Աուն – Խրիսթոտուլիտես Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Խրիսթոտուլիտես երէկ առտու նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը կը դատապարտէ Լիբանանի վրայ շարունակուող իսրայէլեան յարձակումները: Կիպրոսի նախագահը ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ իր երկրին զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանին ու անոր ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ պատրաստակամութիւնը նպաստելու մագլցումի դադրեցման եւ բժշկական ու մարդասիրական շտապ օժանդակութիւններ տրամադրելու ճամբով լիբանանցի բարեկամ ժողովուրդին … Read more

Լիբանանի Եւ Մայրաքաղաք Պէյրութի Վրայ Իսրայէլեան Լայնածաւալ Ու Բուռն Յարձակում

Իսրայէլեան օդուժն ու հրետանին երէկ յարձակումներ գործեցին հարաւային Լիբանանի եւ Արեւմտեան Պեքայի վրայ: Օդուժը Շահրիհա-Ապպասիէ շրջանին եւ Սուանէի վրայ յարձակումներ գործեց, Քֆարտունինի մէջ մոթորսիքլեթ մը հարուածեց, ինչպէս նաեւ յարձակումներ գործեց Քանայի եւ Շահապիէի մէջ: Իսրայէլեան օդուժը թիրախաւորեց Պարղազի հովիտը եւ Ռասուլէյն Սումահիէի մէջ «Ռափիտ» տիպի ինքնաշարժ մը հարուածեց, ինչպէս նաեւ այլ ինքնաշարժներ Քլէյլայի մուտքին, Պլաթի … Read more

Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կը Զօրակցի Թրամփի Որոշումին, Սակայն Զինադադարը Լիբանանը Չի Ներառեր»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց, թէ Իսրայէլ կը զօրակցի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` Իրանի վրայ յարձակումները երկու շաբաթով առկախելու որոշումին, սակայն աւելցուց, որ զինադադարը Լիբանանը չի ներառեր: Նեթանիահու ընդգծեց, որ Իսրայէլի ամերիկեան որոշումին զօրակցութիւնը պայմանաւորեալ է Իրանի Հորմուզի նեղուցը բանալով եւ յարձակումները դադրեցնելով: Իսրայէլի վարչապետը նշեց, որ Թել Աւիւ կը զօրակցի Միացեալ Նահանգներու ջանքերուն` … Read more

Աուն Եւ Սալամ. «Որեւէ Բանակցութեան Պատասխանատուն Միայն Պետութիւնն Է»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն ողջունեց ամերիկեան-իրանեան 15 օր տեւողութեամբ զինադադարի յայտարարութիւնը` բարձր գնահատելով «այս համաձայնութեան գոյացման նպաստած բոլոր կողմերուն, մասնաւորաբար Փաքիստանի, Եգիպտոսի եւ Թուրքիոյ ջանքերը»: Ան յոյս յայտնեց, որ «այս յայտարարութիւնը առաջին քայլը պիտի ըլլայ դէպի մեր շրջանին մէջ պայթիւնավտանգ գործօններ հանդիսացող տարբեր հարցերու վերաբերեալ վերջնական եւ համապարփակ համաձայնագիրի մը, որ կը պահպանէ իւրաքանչիւր պետութեան … Read more

Պայրագտարեան Ընդունեց Դեսպան Պաղտասարեանը – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան երէկ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սարմէն Պաղտասարեանը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ընդհանուր կացութիւնն ու մասնաւորաբար մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան եւ ընդհանրապէս ազգային իրավիճակին վրայ անոր ազդեցութիւնը: Նախարարը նաեւ դեսպանին հետ քննարկեց երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան կարելիութիւնները եւ ներկայացուց նախարարութեան գործունէութիւնն ու գործադրուած կամ պատերազմի … Read more

Պու Սաապ. «Ոչ Ոք Յանուն Լիբանանի Կը Բանակցի Անոր Ուզած Լուծումին Շուրջ»

Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ Պաապտայի պալատին մէջ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ իր հանդիպումէն ետք նշեց. «Նախագահ Ժոզեֆ Աուն հաւատարիմ է Լիբանանի գերիշխանութեան, եւ ոչ ոք յանուն Լիբանանի կը բանակցի իր ուզած լուծումին շուրջ: «Լիբանանը կը բանակցի այդ հիմքին վրայ, եւ նախագահին վստահուած են այս բանակցութիւնները` համակարգուած եւ բոլոր պատասխանատուներուն, ներառեալ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ … Read more

Նախագահ Աուն. «Ապահովական Կացութիւնը Վերահսկողութեան Տակ Է, Եւ Ներքին Սադրանքը Պիտի Չարտօնեմ»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ երեսփոխան Ֆուատ Մախզումիի գլխաւորութեամբ «Մունթատա Պէյրութ»-ի պատուիրակութիւնը ընդունելով յայտնեց. «Ներկայ պայմաններուն մէջ Լիբանանի մէջ ապահովութեան պահպանման պատասխանատուութիւնը հասարակաց է եւ քաղաքացիներուն, բանակին, ապահովական մարմիններուն եւ քաղաքապետութիւններուն միջեւ ամբողջական համակարգում կը պահանջէ»: «Բանակը Պէյրութի եւ շարք մը այլ շրջաններու մէջ վերատեղակայում կատարեց, եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն ու մնացեալ մարմիններուն … Read more

Իսրայէլեան Բանակը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ցամաքային Գործողութիւններու Ծիրի Ընդլայնումը Յայտարարեց

Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի պնդեց. «98-րդ զօրախումբը, 91-րդ, 36-րդ եւ 146-րդ զօրախումբերու աշխատանքներուն հետ միաժամանակ, վերջին շաբթուան ընթացքին ընդլայնեց ցամաքային կեդրոնացուած գործողութիւններուն ծիրը` ներառելով հարաւային Լիբանանի մէջ յաւելեալ թիրախներ: «Բանակի ուժերը շարունակեցին հակազրահապատ հրթիռներու արձակումը արգիլելու գիծին վրայ իրենց տեղակայումը եւ կը շարունակեն շրջանին մէջ աշխատիլ` ամրապնդելու համար պաշտպանութեան առաջնագիծը եւ վերացնելու համար հիւսիսի … Read more

Այցելելով Նախագահ Աունի` Հաժժար. «Աշխատանք Կը Տանինք Շրջաններուն Մէջ Ապահովական Յաւելեալ Ներկայութեան Ապահովման Վրայ»

Ներքին գործոց ու քաղաքապետութիւններու նախարար Ահմետ Հաժժար Պաապտայի պալատին մէջ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Աշխատանք կը տանինք շրջաններուն մէջ ապահովական յաւելեալ ներկայութեան ապահովման վրայ, եւ նախագահ Աունը իր ցուցմունքները տուաւ մարդոց հանգստացնելու եւ քաղաքացիները պաշտպանելը: Լիբանանցիները պետութենէն բացի այլ ապաստան չունին»: «Քննարկեցինք Մասնաայի թեման, այդ առնչութեամբ հաղորդակցութիւններ կան, եւ Աստուած … Read more