Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց, թէ Իսրայէլ կը զօրակցի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` Իրանի վրայ յարձակումները երկու շաբաթով առկախելու որոշումին, սակայն աւելցուց, որ զինադադարը Լիբանանը չի ներառեր:
Նեթանիահու ընդգծեց, որ Իսրայէլի ամերիկեան որոշումին զօրակցութիւնը պայմանաւորեալ է Իրանի Հորմուզի նեղուցը բանալով եւ յարձակումները դադրեցնելով:
Իսրայէլի վարչապետը նշեց, որ Թել Աւիւ կը զօրակցի Միացեալ Նահանգներու ջանքերուն` ապահովելու համար, որ Իրան ապագային հիւլէական, հրթիռային կամ ահաբեկչական սպառնալիք պիտի չներկայացնէ:
Իսրայէլի մէջ Դեմոկրատականներու կուսակցութեան ղեկավարը յայտարարեց. «Կրեցինք պատմութեան ամէնէն ծանր ռազմավարական ձախողումներէն մէկը»:
Իսրայէլեան ընդդիմութեան ղեկավար Եայիր Լափիտ յայտարարեց. «Մեր ամբողջ պատմութեան մէջ այսպիսի քաղաքական աղէտ չէ պատահած»:
«Իսրայէլը նոյնիսկ չէր նստած մեր ազգային անվտանգութեան խորքին վերաբերող որոշումներու տալու սեղանին», նշեց Լափիտ:
Իսրայէլի հիւսիսի քաղաքապետութիւններու խորհուրդի նախագահ Տաւիտ Ազուլայ նշեց. «Եթէ Լիբանանի մէջ պատերազմը կանգ առնէ, ապա ատիկա նախ եւ առաջ բարոյական ու ապահովական ձախողութիւն է»:
«Լիբանանի մէջ կռիւի վճռումէն առաջ զայն դադրեցնելը անտրամաբանական է», ըսաւ ան: