Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան երէկ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սարմէն Պաղտասարեանը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ընդհանուր կացութիւնն ու մասնաւորաբար մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան եւ ընդհանրապէս ազգային իրավիճակին վրայ անոր ազդեցութիւնը:
Նախարարը նաեւ դեսպանին հետ քննարկեց երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան կարելիութիւնները եւ ներկայացուց նախարարութեան գործունէութիւնն ու գործադրուած կամ պատերազմի աւարտէն եւ Լիբանանի մէջ կացութեան կայունացումէն անմիջապէս ետք գործադրելիք ծրագիրները: