Սահեր. «Լիբանանի Հետ Խաղաղութեան Ու Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Կ՛ուզենք Հասնիլ»

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահեր մամլոյ ասուլիսի ընթացքին պնդեց. «Նախանձախնդիր ենք Լիբանանի հետ խաղաղութեան ու յարաբերութիւններու բնականոնացման հասնելու նկատմամբ»: Այս մասին հաղորդեց ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը: «Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ մեծ տարակարծութիւններ գոյութիւն չունին: Հըզպալլան միակ խնդիրն է, եւ պէտք է զայն լուծել», ըսաւ ան: «Հըզպալլան Լիբանանը իրանեան իրողական  բռնագրաւման տակ կը պահէ», նշեց իսրայէլեան … Read more

Մաքրոն. «Անհրաժեշտ Է, Որ Զինադադարը Լիբանանը Ներառէ»

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն անհրաժեշտ նկատեց, որ բոլորը յարգեն զինադադարը, եւ անիկա Լիբանանը ներառէ: Ան նշեց, որ անհրաժեշտ է կարելի եղածին չափ շուտ, եւ առանց պայմաններու, սահմանափակումներու կամ տուրքերու, վերաբանալ Հորմուզի նեղուցը: «Պէտք է բանակցութիւնները շուտով շարունակուին` առնչակից գլխաւոր կողմերու աջակցութեամբ», ըսաւ ան: «Ուրբաթ օր Բրիտանիոյ հետ կը հիւրընկալենք կռիւին մասնակից չեղող պետութիւններու խորհրդաժողով` նպաստելու … Read more

«Պէյրութը Ապահով Եւ Առանց Զէնքի Քաղաք» Խորագիրով Պէյրութի Երեսփոխաններու Ընդլայնուած Համագումար

Երէկ` հինգշաբթի, 16 ապրիլ 2026-ին, Պէյրութի «Ֆինիսիա» պանդոկին մէջ Պէյրութի երեսփոխաններ գումարեցին ընդլայնուած համագումար մը` մասնակցութեամբ մայրաքաղաքէն անձնաւորութիւններու եւ հեղինակութիւններու: Համագումարի ընթացքին ներկաները քննարկեցին Լիբանանի վկայած վտանգաւոր իրադարձութիւնները եւ մանաւանդ մայրաքաղաք Պէյրութի վրայ կատարուած իսրայէլեան յարձակումները: «Պէյրութը ապահով եւ զէնքէ զուրկ» խորագիրով համագումարին ընթացքին ներկաները ողջունեցին հանրապետութեան նախագահի եւ կառավարութեան կեցուածքները: Անոնք դատապարտեցին լիբանանեան հողերուն … Read more

Ռուպիօ. «Ուաշինկթընի Մէջ Իսրայէլեան – Լիբանանեան Բանակցութիւններուն Վերաբերեալ Պատմական Առիթ Մը Ունինք»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ յայտնեց. «Ուաշինկթընի մէջ իսրայէլեան-լիբանանեան բանակցութիւններուն վերաբերեալ պատմական առիթ մը ունինք»: «Բոլոր բարդութիւնները յառաջիկայ վեց ժամուան մէջ պիտի չլուծուին, եւ կրնանք յառաջ ընթանալ ընդհանուր շրջագիծի մը մշակման ուղղութեամբ», նշեց ան: «Խնդիրը կը վերաբերի Հըզպալլայի քսան կամ երեսուն տարուան ազդեցութեան», յայտնեց ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:

Մըթրի. «Ուաշինկթընի Հանդիպումի Ընթացքին Զինադադար Կամ Զինադուլ Պիտի Պահանջենք, Որպէսզի Կարենանք Իսրայէլի Հետ Բանակցելու Կերպը Քննարկել»

Փոխվարչապետ Թարեք Մըթրի «Էլ.Պի.Սի.»-ի հետ զրոյցի ընթացքին անդրադարձաւ Ուաշինկթընի մէջ Իսրայէլի հետ բանակցութիւններուն եւ նշեց. «Պահանջուածը առնուազն զինադուլ մըն է, որ բանակցութիւններ կատարելը կ՛արտօնէ, որովհետեւ այդ բանակցութիւնները ընդհանրապէս կը կատարուին հանդարտ մթնոլորտի մէջ եւ ոչ թէ զինուորական գործողութիւններու լոյսին տակ»: «Տեսնենք, թէ այս ժողովին ի՛նչ տեղի պիտի ունենայ, եւ Իսրայէլի դեսպան Եհիէլ Լայթըրի ըսելիքէն աւելի … Read more

Շէյխ Քասեմ. «Կը Մերժենք Իսրայէլի Հետ Բանակցութիւնները»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ երկուշաբթի օր պատկերասփռուած ուղերձ մը յղելով յայտարարեց. «կը մերժենք իսրայէլեան գոյացութեան հետ բանակցութիւնները»: «Լիբանանի մէջ համաձայնութեան ու միաձայնութեան կարիք ունինք, եւ ոչ ոք առանց լիբանանեան համաձայնութեան Լիբանանը այդ ուղղութեամբ տանելու իրաւունք ունի», նշեց ան: «Կոչ կ՛ուղղենք բանակցային հանդիպումը ջնջելու պատմական դիրքորոշում որդեգրելու», յայտարարեց շէյխ Քասեմ: «Բաւ է իշխանութիւնը Դիմադրութիւնը … Read more

Փոխադարձ Յարձակումները Կը Շարունակուին

Հըզպալլա երէկ առտու յայտարարեց, թէ հարուածած է Պայյատա գիւղին մէջ իսրայէլեան նորաստեղծ դիրքը եւ Քֆարժալհատիի մէջ հրետանիի կեդրոնին մօտ ղեկավարման գրասենեակը: Հըզպալլան նաեւ յայտարարեց, թէ թիրախաւորած է Կոլանի մէջ գտնուող Ըլէյքա զօրանոցը: Իսրայէլեան օդուժը հարաւային Լիբանանի մէջ յարձակում գործեց Ատլունի, Տէյր Անթարի եւ Սըհմորի, ինչպէս նաեւ Արապսալիմի, Շապրիհայի, Քալաուէյհի, Հաուշի, Առնունի եւ Այն Պաալի ու … Read more

Նեթանիահու. «Ցուցմունք Տուի Կարելի Եղածին Չափ Մօտիկ Ժամանակին Լիբանանի Հետ Ուղղակի Բանակցութիւններ Սկսելու»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ յայտարարեց. «Ցուցմունք տուի կարելի եղածին չափ մօտիկ ժամանակին Լիբանանի հետ ուղղակի բանակցութիւններ սկսելու: Բանակցութիւնները պիտի կեդրոնանան Հըզպալլայի զինաթափման եւ Իսրայէլի ու Լիբանանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման վրայ»: «Իսրայէլ կը գնահատէ Լիբանանի վարչապետ Նաուաֆ Սալամի` Պէյրութը զէնքէ զուրկ դարձնելու կոչը», նշեց Նեթանիահու: Աղբիւր մը իսրայէլեան պատկերասփիւռի 14-րդ կայանին յայտնեց, որ Լիբանանի հետ … Read more

Զինադադարին Մէջ Լիբանանի Ներառման Նկատմամբ Միջազգային Զօրակցութիւն

Իսրայէլեան օդուժը նախանցեալ օր կէս գիշերէն ետք յարձակում գործեց Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու Շիահ շրջանին վրայ` աւերելով Ապտելքարիմ Խալիլ թաղին մէջ երեք շէնքեր: Իսրայէլեան օդուժը երէկ նաեւ յարձակումներու շարք մը գործեց Քաֆրա, Ժումժումիէ, Սաֆատել Պաթթիխ, Մաժտալ Սըլմ, Տէյր Անթար գիւղերուն եւ Քասիմիէ կամուրջին մերձակայքին վրայ, մինչ հրետանին ռմբակոծեց Հարիս գիւղը: Ապպասիէ գիւղին վրայ օդային յարձակումին պատճառով … Read more

Սալամ. «Բանակէն Եւ Ապահովական Մարմիններէն Պահանջեցինք Պէյրութի Նահանգի Մէջ Պետութեան Իշխանութիւնը Ամրապնդել Եւ Այնտեղ Զէնքի Մենաշնորհում Կատարել»

Նախարարաց խորհուրդը երէկ Պաապտայի պալատին մէջ գումարեց իր ժողովը, որուն սկիզբը ժողովի մասնակիցները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին չորեքշաբթի օր իսրայէլեան յարձակումներուն պատճառով արձանագրուած զոհերուն յիշատակը: Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն նիստի ընթացքին յայտարարեց. «Մենք գերիշխան ու գոյութիւն ունեցող պետութիւն ենք, պետութիւնն է, որ բանակցութիւններ կը վարէ, եւ չենք ընդունիր, որ մեզմէ բացի ոեւէ մէկը բանակցի»: … Read more