Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն յայտարարեց. «Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ խօսեցայ, եւ Ֆրանսայի ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեցի ընդդէմ Իսրայէլի Լիբանանի մէջ գործած անկանոն յարձակումներուն, որոնք շատ մեծաթիւ քաղաքային զոհեր պատճառեցին: Մենք բուռն կերպով կը դատապարտենք այս հարուածները»:
«Այդ յարձակումները ուղղակի սպառնալիք կը ներկայացնեն ամբողջ լիբանանեան հողերը ընդգրկելիք զինադադարի կայունութեան», նշեց Մաքրոն:
«Անհրաժեշտ է պահպանել լիբանանեան հողերու անվտանգութիւնը: Ֆրանսան վճռակամ է աջակցելու լիբանանեան իշխանութիւններուն երկրի գերիշխանութիւնը պահպանելու եւ Հըզպալլայի զինաթափման ծրագիրը գործադրելու ջանքերուն», յայտնեց Ֆրանսայի նախագահը: